Հրամայական Է Արեւմտահայաստանի Մէջ Ցեղասպանութենէն Առաջ Գոյութիւն Ունեցող Կացութեան Ստեղծումը

ՄԿՐՏԻՉ ՄԿՐՏԻՉԵԱՆ

Ատենէ մը ի վեր աշխարհը լուրջ տագնապի մէջ է: Տնտեսական տագնապ, այստեղ-այնտեղ ապահովական անկայունութիւն, կարճատեւ ու երկարատեւ մասնակի պատերազմներ: Այսպիսի կացութիւններ պակաս չեն եղած Երկրորդ աշխարհամարտին յաջորդող «պաղ» կոչուած պատերազմին ամբողջ երկայնքին, որ վերջ գտաւ հիմնական կողմերէն մէկուն պարտութեամբ` Խորհրդային Միութեան փլուզումով: Ներկայ վիճակը սակայն աւելի մտահոգիչ է, քանի որ անիկա յատկանշուած է  մեծ թիւով հասարակութիւններու ապագայի անորոշութեամբ: Տնտեսական լուրջ տագնապի մէջ կը գալարուի Եւրոպան, ատկէ աւելի նախանձելի վիճակի մը մէջ չեն հզօր Միացեալ Նահանգները, կրակներու մէջ է Ափրիկէն, տեւական եռեւեփի մէջ է Միջին Արեւելքը:

Համայն հայութիւնը շահագրգռող ամէնէն հրատապ հարցը անշուշտ այս վերջինն է, քանի այդտեղ կը գտնուի հայութեան հայրենիքը` Հայաստանը, անկէ բրտօրէն խլուած հարազատ հոգեկտորը` Արեւմտեան Հայաստանը եւ շրջանի հայկական համեմատաբար կարեւոր համրանք ու որակ ընդգրկող գաղութները` Իրան, Սուրիա, Լիբանան. բոլորն ալ` հինէն անլոյծ մնացած հայութեան ազգային քաղաքական դատին մօտէն առնչուող:

Մեր օրերուն հայկական խնդիրներուն միայն մակերեսային կերպով հետեւող մարդուն համար Հայ դատը կը կայանայ 1915-ի Հայոց ցեղասպանութեան միջազգային ընտանիքին կողմէ ճանաչման մէջ: Այս ուղղութեամբ իր թափած ճիգին շնորհիւ` հայութիւնը արձանագրած է շօշափելի յաջողութիւններ:

Ինչո՞ւ կատարուեցան ու տակաւին կը կատարուին այս բոլորը: Ինքնանպատա՞կ է Ցեղասպանութեան ճանաչման ուղղութեամբ տարուող պայքարը: Այս կամ այն պետութեան կամ նոյնիսկ թրքական պետութեան կողմէ Ցեղասպանութեան ճանաչումով հարցը կը վերջանա՞յ: Եթէ այդպէս ըլլար, հաւանական է, որ Թուրքիա արդէն շատոնց առած ըլլար այդ քայլը` ազատելու համար այն ճնշումներէն, որոնք ատենը անգամ մը երրորդներու կողմէ այլեւայլ պատճառներով կը բանեցուին իր վրայ: Բոլորը շատ լաւ գիտեն, որ այդպիսի ճանաչում մը պիտի ունենայ նաեւ իր շարունակութիւնը: Գիտեն, որ ուշ կամ կանուխ սեղանի վրայ պիտի գայ նաեւ մեղքի հատուցման հարցը: Անոնք գիտեն նաեւ, թէ առանց հատուցման հարցին, ճանաչումը, ճիշդ է, կը սատարէ զոհին հոգեկան բաւարարութեան, բայց նաեւ` ոճրագործին եւ իր մեղսակիցներուն խղճի հանդարտեցման: Անոնք գալիք պահանջները յստակօրէն կը տեսնեն ՀՅԴ ծրագիրին մէջ` սեւով ճերմակի վրայ գրուած: Նոյնը կը տեսնեն այլեւս հայոց պետականութեան բարձրաստիճան պաշտօնատարներու Ցեղասպանութեան տարելիցի եւ այլ առիթներով կատարուող յայտարարութիւններուն մէջ, ճիշդ է` տողատակի, քանի ատիկա՛ կը պահանջէ դիւանագիտական ոճաբանութեան կարգուձեւը. տողատակի` սակայն նոյնքան աներկբայ:

Այսուհանդերձ, պահանջատիրութեան հարցին մէջ հայկական հասարակութեան մէջ տակաւին չէ կայացած այն կատարեալ միասնականութիւնը, որ անհրաժեշտ է այդ ուղղութեամբ միահամուռ ու արդիւնաւէտ պայքար տանելու համար:Սակայն ի՞նչ կը հասկնանք իսկապէս պահանջատիրութիւն ըսելով: Այս հարցումը չի կրնար մէկէ աւելի պատասխան ունենալ: Մեզի համար յստակ է վախճանական նպատակը, որ կ՛ամփոփուի «Ազատ, անկախ եւ միացեալ Հայաստան» տարազին մէջ: Այս տարազին վերջին կէտը կը պարունակէ հայութեան Դատն ու վերջին դարերու հայոց պատմութեան ամբողջ ողբերգութիւնը, որ մեր առօրեայ բառապաշարին մէջ կը ստանայ Արեւմտահայաստան եւ Արեւելահայաստան անուններու կերպարը: Բայց եթէ այս եզրերը ստուգաբանօրէն աշխարհագրակա՛ն իմաստ ունին միայն, անոնց խորքային իմաստը էապէս քաղաքական է: Անոնք նախկին տարազներու ականջին եւ ուղեղին կողմէ աւելի հեշտօրէն ընկալելի տարբերակներ են: Նախորդ անունները`Թրքահայաստան եւ Ռուսահայաստան աւելի ճնշիչ էին. Փոխարէնը, սակայն, աւելի ճիշդ ու իրական, հայրենիքի գրաւման ու բաժանման  պատկերը հարազատ կերպով ներկայացնող: Աւելի ցաւցնող` հետեւաբար գործի եւ գործողութեան մղող: Իսկ այսօրուան իրականութի՞ւնը.  մէկ կողմէ Հայաստանի Հանրապետութիւն, իսկ միւս կողմէ` Տողու Անատոլու. հայերէն թարգմանութեամբ` արեւելեան արեւելք  անհեթեթ բառակապակցութիւնը: Արեւմտահայաստանը Հայաստանի այն մեծ կտորն է, որ ցեղասպանութեամբ պարպուած է  հազարամեակներու իրեն հարազատ հայ ժողովուրդէն եւ մինչեւ այսօր կը շարունակէ բռնագրաւուած մնալ թրքական պետութեան կողմէ: Արեւմտահայաստանը բռնագրաւեալ Հայաստանն է: Արեւմտահայաստանը երազն է. Տողու Անատոլուն`  դառն իրականութիւնը: Երազը այլ ձեւի իրականութեան վերածելու համար պէտք են` կամք, վճռակամութիւն, յարատեւութիւն, հաւա՛տք. բայց նաեւ` հետեւորդ, հարցերու խորունկ ծանօթութիւն, գիտութիւն, մասնագիտութիւն, ծրագիր, բարեկամներ, դաշնակիցներ, ուժ, զօրութիւն եւ աշխատանք. Երկա՜ր, շատ երկար ու բազմակողմանի աշխատանք:

Կորսուած հայրենիքը այսօր կը ներկայանայ մեզի համար չափազանց անյոյս տեսքով: Երկիրը բնակուած է ուրիշներու կողմէ: Հայութեան երբեմնի ներկայութիւնը փաստող նիւթեղէն վկաները լաւագոյն պարագային վիրաւոր են: Հայրենիքի իսկական իրաւատէրը սփռուած է աշխարհի չորս ծագերուն, իսկ հայկական կազմակերպուած գործօնը` հայկական պետութիւնը, իր գոյութիւնը գարշ կու տայ` տակաւին անկարող դէպի բարձրերը սաւառնելու: Ո՛չ: Հայութեան համար ամբողջական հայրենիքի ազատագրումը նախատեսելի ապագայի մէջ չէ, որ տեղի պիտի ունենայ: Սակայն յուսահատութեան առաջնորդող այս ցաւոտ եզրակացութիւնը կարելի՛ է վերածել հեռաւոր ապագայի մէջ իրականանալի տենչի:

Դարերու  ընթացքին, պատերազմի ատեն ըլլայ ատիկա թէ խաղաղութեան, օսմանեան Թուրքիոյ մէջ տեղի ունեցած է համայնքային զտում: Առաջին համաշխարհային պատերազմի ընթացքին եւ ատկէ անմիջապէս ետք ջարդուեցան կամ տեղահան եղան կայսրութեան սահմաններէն ներս ապրող հայերը, յոյները, ասորիները: Նոյն քաղաքականութիւնը շարունակուած է Թուրքիոյ հանրապետական կոչուող վարչակարգին կողմէ: Եթէ ատենին հալածուողը հայերը, յոյներն ու ասորիներն էին, արեւմտականացող աթաթուրքեան Թուրքիոյ կողմէ անոնց կողքին սկսան հալածուիլ նաեւ կրօնակից քիւրտերն ու ալեւիները: Իր կրթական ծրագիրով, իր բնութեամբ ու ի գործ դրած բռնութեամբ, իր վարած քաղաքականութեամբ Թուրքիոյ Հանրապետութիւնը հանդիսացաւ ֆաշիստական պետութիւն մը, որ չազդուեցաւ Գերմանիոյ, Իտալիոյ եւ շատ աւելի ուշ` Սպանիոյ եւ Փորթուգալի ազգայնամոլ բռնատիրութիւններու տապալումէն: Ժողովրդավարականացման գործընթաց մը սկսաւ միայն վերջին տասնամեակին, Եւրոպական Միութեան անդամակցելու Թուրքիոյ դիմումէն ետք: Այսօր երկիրը գէթ ձեւականօրէն կը գտնուի այդ գործընթացին մէջ:

Ամէն պարագայի, ի՛նչ ալ ըլլայ ներկայիս Թուրքիոյ իսկական նկարագիրը, անոր եւրոպական իրական կամ կեղծ նկրտումները գոնէ կը ծառայեն Թուրքիոյ քաղաքական-հասարակական բեմին վրայ ժողովրդավարութեան տարրեր մտցնելու. ատոնցմէ բխող օրինական ազատութիւնները բոլոր փոքրամասնութիւններուն համար կը ստեղծեն համեմատաբար ազատ գործունէութեան պայմաններ: Դրական զարգացումի պարագային այդ պայմանները Թուրքիոյ համար կրնան երկու ելք ունենալ: Կա՛մ Թուրքիա կ՛առնէ արագ վերելքի ճամբան եւ շրջանային կարեւոր ուժի իր արդէն իսկ ունեցած հանգամանքէն կը դառնայ կարեւոր միջազգային ուժ մը, կամ ալ կ՛իյնայ ներքին հաշուեյարդարներու երկար հանգրուանի մը մէջ, որուն ելքը կրնայ մինչեւ երկրի մասնատման առաջնորդել: Երկուքն ալ նոյնքան կարելի կը թուին ներկայիս: Առաջինը` որովհետեւ թրքական հասարակութիւնը անցեալի կիսագրագէտ հասարակութիւնը չէ, այլ շնորհիւ  վերջին յիսնամեակին ընթացքին Եւրոպայի հետ զարգացուցած իր յարաբերութիւններուն` Թուրքիոյ մէջ յառաջացած է երկիրը զարգացնելու ատակ ղեկավար խաւ մը, որ կրնայ նախանձ արթնցնել դրացի բոլոր երկիրներուն մէջ:

Նոյն այդ ժամանակամիջոցին աշխատանքի համար Եւրոպա գաղթած թրքական խիտ զանգուածներ հասցուցած են սերունդ մը, որ կը գործէ արդիական չափանիշներով եւ արդիական մտայնութեամբ: Այս ձեւով կազմուած թրքական սփիւռքը իր հայրենիքի վերելքին համար թէ՛ խթան է, թէ՛ ալ` այդ վերելքին մասնակից: Ներքին խաղաղութեան հաստատում մը պիտի ենթադրէր, թէ Թուրքիոյ բաղկացուցիչ ազգութիւններու միջեւ հարցը կը լուծուի լայն ինքնավարութիւն ընծայելով անոնց: Ատիկա կ՛ենթադրէ որոշ չափի ժողովրդավարութեան հաստատում, ինչ որ մնացեալ փոքրամասնութիւններուն` հայերուն, ասորիներուն ու յոյներուն եւս կու տայ շարժելու եւ գործելու  ազատութիւն: Առաւել եւս կը դիւրանայ արտասահմանի հետ անոնց կապը: Այսինքն աշխարհացրիւ հայութիւնը կրնայ կապի մէջ ըլլալ Թուրքիոյ մէջ ապրող հայութեան եւ ուրիշ խմբաւորումներու հետ. այդտեղ հաստատել ծանօթութիւններ, այդտեղ ապրողներուն հետ գտնել հասարակաց շահեր, մանաւանդ որ նոյն ձեւով եւ աւելի մեծ համեմատութիւններով զարգացած են նաեւ կեդրոնական եւ ուրուային իշխանութիւններու մրցակից փոքրամասնութիւնները` քիւրտերն ու ալեւիները: Ներքին հակասութիւններու արդիւնքը կրնայ ըլլալ այդ ուժերու միջեւ ուժեղ բախումը կամ ալ անոնց հանգրուանային վախճանական հաշտեցումը: Այսօրուան իշխանութիւնները կը փորձեն յաջողցնել երկրո՛րդ ուղին, բայց այդ ճիգին ելքը դեռ որեւէ ձեւով երաշխաւորուած չէ. դէպի երկու տասնամեակ առաջ տիրող բռնատիրական համակարգ խաղաղ ետդարձ մը կարելի չէ հաւանական նկատել:

Հայութեան համար հետաքրքրականը այն է, որ երկու պարագաներուն ալ ինք կրնայ շահաւոր ըլլալ իր ազգային նպատակներուն իրականացման նպաստող պայմաններ ստեղծելու տեսակէտէն:

Թուրքիոյ մէջ այսօր կ՛ապրին շուրջ 15 միլիոն քիւրտեր եւ 11 միլիոն ալեւիներ: Երկուքն ալ հարցեր ունին կեդրոնական իշխանութիւններուն հետ, քանի հանրապետութեան հիմնադրութենէն ի վեր անտեսուած են անոնց տարրական մարդկային իրաւունքները: Կ՛ըսուի նաեւ, որ երկրին մէջ ներկայիս կ՛ապրին շուրջ երկու միլիոնի հասնող թաքուն եւ իսլամացած հայեր: Այս բոլորին մեծամասնութիւնը կ՛ապրի Արեւմտահայաստանի հողերուն վրայ կամ անոնց կից: Քիւրտերն ու ալեւիները հանրապետութեան տեւողութեան ընթացքին մէկէ աւելի անգամներ ըմբոստացած են պետութեան քաղաքականութեան դէմ: Յատկապէս  Քրտական աշխատաւորական կուսակցութիւնը տասնամեակներէ ի վեր  անխնայ զինեալ պայքար կը մղէ պետութեան դէմ` քիւրտ ժողովուրդի իրաւունքներու ձեռքբերման համար: Ներկայ վարչակարգը երկչոտ քայլերով սկսած է ընդունիլ անոնց մշակութային պահանջները:Քրտերէնի գործածութիւնը օրինազանցութիւն չէ այլեւս: Յատուկ օրէնքով դատարաններու մէջ ամբաստանեալը կրնայ «իր մայրենի լեզուով ինքզինք պաշտպանել»: Յոյներուն եւ հայերուն կը վերադարձուին տասնամեակներէ ի վեր բռնագրաւուած համայնքային որոշ կալուածներ: Այս բոլորը իրենց կարգին կը հրահրեն ազգայնամոլ շրջանակներու կիրքը, որոնց համար «Թուրքիան կը պատկանի միայն թուրքերուն»: Նշելի է, որ քիւրտերու կարգ մը պահանջներուն գէթ խորհրդանշական ձեւով գոհացում կը տրուի, մինչդեռ ալեւիներէն եկող նուազագոյն պահանջը կը շարունակուի անտեսումի արժանանալ: Անգամ մը եւս կը փաստուի, որ նոյնիսկ զարգացման ու ժողովրդավարականացման նշաններ ցոյց տուող Թուրքիոյ մէջ իրաւունք մը ինքնաբերաբար չի տրուիր, այլ կը խլուի:

Միաժամանակ թրքական հասարակութեան մէջ տասնամեակէ մը ի վեր Ցեղասպանութեան հարցը հրապարակային քննարկման նիւթ է: Այս գործընթացին հայ թէ ոչ հայ սկիզբ դնողներու թիւը չափազանց սահմանափակ եղած է. անոնք սկզբնական շրջանին արժանացած են երկրի նոյնիսկ հայկական միջավայրի ընդդիմութեան. իսկ երկրէն դուրս`  կասկածամտութեան: Այս մթնոլորտին ստեղծման մէջ հիմնական դերակատարութիւն ունեցած է թրքալեզու «Ակօս»-ը, որուն խմբագրապետի` Հրանդ Տինքի նահատակութենէն ետք թրքական հասարակութեան մէջ ծայր առած է տասնամեակներու ընթացքին ներմղուած մտածումներու, կարծիքներու ու մանաւանդ` զգացումներու արտայայտութիւնը երկրի ո՛չ միայն հայկական շրջանակներու մէջ: Թուրքիոյ մէջ մէկ հոգիի նահատակութեամբ ոտքի ելած մարդկային յորձանքը մէկ կողմէն յառաջացուց Թուրքիոյ յառաջադէմ շրջանակներու հայութեան հանդէպ համակրանքը, իսկ միւս կողմէն` պահպանողական ու ազգայնամոլ շրջանակներու յաւելեալ ատելութիւնը: Ցեղասպանութեան ապագայ ճանաչման գործընթացը սկսած է Թուրքիոյ մէջ, ինչպէս միշտ` հայութեան «քաջ որդւոց սուրբ արիւնով»: Ճշդում մը ընելով` այստեղ յստակացնենք, որ Թուրքիոյ մէջ Ցեղասպանութեան  քննարկումը խորքին մէջ ծայր առած էր շատոնց` դեռ նախորդ դարու եօթանասունական թուականներէն սկսեալ, երբ սփիւռքահայ երիտասարդութիւնը  գործնապէս կ՛անհանգստացնէր թրքական պետութիւնը: Տարբերութիւնը կը կայանայ այն կէտին մէջ,  որ  նախորդ դարու եօթանասունական թուականներուն Ցեղասպանութեան իրողութեան միայն հերքումի մասին ձայներ կը լսուէին, մինչդեռ մեր օրերուն հրապարակային կերպով կը խօսուի նաեւ Ցեղասպանութիւնը ընդունելու մասին: Ասիկա սփիւռքահայութեան մեծ զոհողութիւններու գնով ատենին տարած պայքարին արդիւնքն է, որ առնուազն Ցեղասպանութեան հարցի գիտակցութիւնը` հետեւաբար նաեւ հայկական հարցի մը գոյութիւնը վերյիշեցուցած է թէ՛ թրքահայութեան, թէ՛ ալ շինծու պատմութեամբ սնած թրքական հասարակութեան:

Ուրեմն ժամանակ մը առաջ տարուած պայքարը իր պտուղը կրնայ տալ նաեւ  տասնամեակներ ետք: Եթէ, ինչպէս խորապէս կը հաւատանք, մեր ճիգերուն հիմնական թիրախը Արեւմտահայաստանն է, ապա առաջին գործողութիւնը թիրախին ծանօթացումն է. «ի՞նչ է, ո՞ւր է, ո՞վ է» հարցումներուն պատասխանը տալը: Երկրորդ` հարկ է պատասխանել «ինչպէ՞ս» հարցումին: Առաջին հարցումին պատասխանը ժամանակին կ՛առնուէր ականատեսերու վկայութիւններով, դասախօսութիւններով, ընթերցանութեամբ: Այսօր գէթ առժամաբար եւ ցնոր տնօրինութիւն առիթը ստեղծուած է ըլլալու հոն, ուր կէս դար առաջ միայն երկրին բարեկամ օտարականներ իրաւունք կը ստանային ըլլալու: Ատկէ առաջ ամբողջ Արեւմտահայաստանը զինուորական գօտի էր: Հիմա կարելի է իբրեւ հայ այդտեղ երթալ, տեսնել, սիրել, յուզուիլ ու ընդվզիլ` օր մը վերադառնալու ինքզինքին տրուած խոստումով: Աւելի մօտէն պէտք է կարենալ տեսնել կորուստին մեծութիւնը, որուն պատճառած ցաւը աւելի եւս կ՛ամրապնդէ յիշողութիւնը: Պէտք է տեսնել այն մարդիկը, որոնք այսօր կ՛ապրին այդ նոյն հողին վրայ. անոնց մէկ մասը կերպարանափոխուած իսկական ժառանգորդներէն են այդ հողերուն: Աւելի եւս զգալ Ցեղասպանութեան հսկայ վէրքը` հարց տալով, թէ ողբերգութեան մէջ ո՞վ եղած է արդեօք աւելի բախտաւորը. կեանքէն ի սպառ հեռացո՞ղը, ֆիզիքապէս տարագրուո՞ղը, թէ՞ ան, որ հակառակ իրմէ պահանջուած ու իրագործուած հոգիի՛ ինքնասպանութեան մինչեւ այսօր հասարակութեան լուսանցքին վրայ կ’ապրի: Կարճ ըսուած` վայրին ու մարդոց ծանօթացումը անկասկած կը նպաստէ իրական խնդիրի յստակացման:

Երկրի եւ անոր բնակիչներու ծանօթացման կողքին հրամայական է նաեւ թշամիին` թրքական պետութեան եւ անոր հրէշային մեքենային մօտէն ծանօթութիւնը: Պէտք է գիտնալ անոր քաղաքականութիւնը, անոր կրած պարբերական փոփոխութիւնները, անոր հետապնդած անմիջական հարցերը, անոր դիմագրաւած դժուարութիւնները. անոր ուժն ու տկարութիւնները: Վերջապէս,  հայկական հողերը բռնագրաւած պետութեան առնչուող ամէն ինչ հետաքրքրական է հայկական խնդիրներու լուծման համար: Այդ գիտութիւնն ու փորձառութիւնը չունեցողը անպայման կը սխալի, ինչպէս պատահեցաւ քանի մը տարի առաջ, երբ եօթը տասնամեակ շարունակ քաղաքական միջազգային բեմէն պարտադրաբար բացակայ Հայաստանի իշխանութիւնները կարծեցին լաւ բան մը ըրած ըլլալ նշանաւոր արձանագրութիւնները այդքան դիւրութեամբ ստորագրելով: Անգիտութիւնը ըրաւ այնպէս, որ այդ արձանագրութիւններու ստորագրութիւնը ծառայած ըլլայ միայն Թուրքիոյ շահերուն: Վստահաբար այդ չէր Հայաստանի իշխանութիւններուն կամքը: Ամէն պարագայի, այդ երկիրը ամէն ձեւով եւ ամէն մակարդակի վրայ ճանչնալու լաւագոյն ձեւը ուղղակի յարաբերութիւնն է: Այդ ձեւո՛վ է, որ կարելի կ՛ըլլայ վստահութեամբ զանազանել ամբողջութեան բաղադրիչ մասերը, որոնց միջեւ կան նմանութիւններ, բայց միաժամանակ` հիմնական տարբերութիւններ: Այդ ձեւով է, որ իրական յարաբերութեան մէջ կարելի է մտնել հայութեան կարողական դաշնակիցներուն հետ. մասնաւորաբար` այն խմբաւորումներուն հետ, որոնք երկար ատենէ ի վեր կը պայքարին իրե՛նց իրաւունքներու ձեռքբերման համար եւ իրե՛նք ալ պէտք ունին դաշնակիցներու: Մանաւանդ այն ուժերը, որոնք ատենին գործակցած են հայութեան հետ:

Հայրենիքները կը կերտուին ու կը քանդուին իրարանցումի մէջ: Ատենին մենք անցանք պետական չգոյութեան վիճակէ մը Հայաստանի Հանրապետութեան կերտումին` փոխարէնը վճարելով ահաւոր գին: Այսօր, որքան ալ տպաւորիչ ըլլան Ցեղասպանութեան ճանաչման հարցով մեր յաջողութիւնները կամ պահանջատիրութեան ուղղութեամբ  բարձրացուցած մեր աղմուկին ազդեցութիւնը, դժուար է երեւակայել, որ անոնք հանրային հայանպաստ կարծիքի կազմաւորումէն դուրս տարբեր գործնական արդիւնք ունենան: Յաջողութեան հասնելու համար անհրաժեշտ է, ինչպէս ՀՅԴ ծրագիրը կ՛ըսէ, ենթակայական եւ առարկայական պայմաններու միաժամանակեայ գոյակցութիւնը: Մեր ներկայ կացութեան մէջ համահայկական առումով կարեւոր չափով կա՛ն, ի հարկէ, ենթակայական պայմանները, սակայն առարկայական պայմանները հեռու են նպաստաւոր ըլլալէ, հակառակ այն իրողութեան որ տարածաշրջանը սկսած է վտանգաւոր կերպով տատանիլ. հարկ է զանոնք պատրաստել` սկսելով ամէնէն կարեւորէն` Արեւմտահայաստանի մէջ  հայկական ներկայութեան համար ենթահող պատրաստելով: Այսինքն ճիգ պէտք է թափել Արեւմտահայաստանի մէջ ստեղծելու Ցեղասպանութենէն առաջ գոյութիւն ունեցող կացութիւնը: Անշուշտ ասիկա անիրապաշտ ծրագրի տպաւորութիւն կը ձգէ: Սակայն երազ է, որուն իրականացումը պարտադիր է, եթէ հայութեան ազգային ծրագրային դրոյթները պիտի սկսին իրականութեան հետ նուազագոյն մերձեցումը վայելել: Ասիկա յաջորդական բազմաթիւ սերունդներու գործ է. գործ մը, որուն սկիզբը օր մը պէտք է դրուի եւ համբերութեամբ շարունակուի սերունդէ սերունդ: Ապահովելու համար այդ շարունակականութիւնը` բնականաբար անհրաժեշտ է ստեղծել համապատասխան տեսական ենթահողը եւ կազմել գործնական աշխատանքի նպատակասլաց ծրագիր:

Ցնորակա՞ն է այսպիսի ծրագիր մը: Տրամաբանութիւնը կ՛ըսէ`այո՛. այդպէ՛ս է: Սակայն տրամաբանութիւն մը հիմնուած կ՛ըլլայ ներկայի իրական տուեալներուն վրայ կիրարկելով իրեն յատուկ մտաւոր գործընթացը` յանգելով որոշական եզրակացութիւններու: «Ո՛չ. չ’ըլլար» կ՛ըսէ տրամաբանութեան տուած եզրակացութիւնը: Բայց մենք դեռ մինչեւ հիմա կը յիշենք այն բանախօսները, որոնք տակաւին քառորդ դար առաջ տքնաջան կը փորձէին թերահաւատ ունկնդիրներուն յոյս ներշնչել, թէ Հայաստանի անկախ պետութեան գոյառումը անխուսափելի է: Չենք կարծեր, թէ իրենց այդ փորձը միշտ յաջողութեամբ կը պսակուէր: Բայց եւ այնպէս Հայաստանը այսօր անկախ է` ի հեճուկս մարդկային բոլոր տրամաբանութիւններուն: Անկախ Հայաստանի գոյառման համար հայութիւնը սպասեց ամբողջ եօթը տասնամեակ. Միացեալ Հայաստանի կերտումին համար ան վստահաբար պարտաւոր պիտի ըլլայ սպասելու շատ աւելի երկար. հայութիւնը իր առջեւ ունի բուռն պայքարի երկար ժամանակներ:

Երկարատեւ պայքարի դաշտ մը ժամանակի պատճառած մաշումի երեւոյթներուն դէմ դիմադրել կարենալու համար պէտք ունի ենթակայական տուեալներու հսկայական շտեմարանի: Այդ պայքարին մէջ նետուողները գիտակից պէտք է ըլլան այն բանին, որ իրենց ճիգերը անմիջական եւ զգայացունց արդիւնքներ պիտի չտան: Անոնց հոգեկան կառուցուածքը պէտք է ունենայ համապատասխան ամրութիւն:

Այսպիսի յատկութիւններ գաղափարական նկարագիրի տէր մարդիկ  կ’ունենան միայն: Իսկ մեր օրերուն գաղափարական մարդոց պակասը զգալի է: Անոնց պատրաստութիւնն ալ դժուարացած է, քանի միջազգային քաղաքական-տնտեսական կարգը աշխարհը նետած է շուկայականութեան գիրկը. ատկէ ազդուած է նաեւ հայկակա՛ն միջավայրը: Սակայն մեզի համար դժուար չէ դէպի գաղափարականութիւն վերադարձը: Այդ ուղղութեա՛մբ պէտք է աշխատի երիտասարդութիւնը: Մասնաւորաբար` հայ ուսանողութիւնը, որ պէտք է վերածուի գաղափարական վերանորոգման դարբնոցի:

Պէյրութ, 15  փետրուար  2013

* ՀՅԴ Զաւարեան ուսանողական միութեան կողմէ կազմակերպուած եւ Արեւմտահայաստանի նուիրուած ձեռնարկին ընթացքին արտասանուած խօսք:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )