Ո՞ւր Պահուըտեր Է Հտպիտ Ձուկը
Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ
Անիկա ունի տարօրինակ գոյն մը, կ՛ապրի տարօրինակ տան մը մէջ, ունի տարօրինակ անուն մը: Արդեօք հտպիտ ձուկը խնդացնող անասո՞ւն մըն է:
Ան կը յայտնուի, կը կորսուի, դարձեալ կը յայտնուի… Սակայն հտպիտ ձուկը չի սիրեր հնարքներ ընել, ինչպէս կրնայ մեզի մտածել տալ անոր անունը:
Ան կը նախընտրէ խորհրդաւոր մնալ:
Յատկապէս որովհետեւ ան չ՛ուզեր ուշադրութիւն գրաւել: Անշուշտ ասիկա քիչ մը դժուար է, երբ անոր նման գեղեցիկ, գծաւոր եւ նարնջագոյն «հագուստ» մը կ՛ունենանք… Ովկիանոսին խորերը պէտք է գիտնալ ինքզինք պաշտպանել: Իսկ հտպիտ ձուկը գիտէ ինքզինք պաշտպանել: Զայն հետապնդողները չորս կողմն են: Հետեւաբար ան գտած է լուծումը:
*
* *
Ան կ՛ապրի տեղ մը, ուր ո՛չ մէկը կրնայ հասնիլ. ծովու հարսնուկը:
Այս ծաղիկը, որ կը կոչուի նաեւ ծովերու եղիճ (փուշերով բոյս մը), ունի այրուածքներ յառաջացնող շօշափուկներ:
Սակայն հտպիտ ձուկը անկէ չի վախնար: Անոր քսուելով ան կը շինէ յատուկ նիւթ մը, որ իրեն այրուածքներէն կը պաշտպանէ:
Իսկ հարսնուկին իր «վարձքը» վճարելու համար հտպիտ ձուկը զայն կը մաքրէ եւ անոր կու տայ իր ուտելիքներուն մնացորդները:
Ջուրին մէջն ալ բարեկամութիւնը կարեւոր է:
Գիտէի՞ր, Թէ…
Հտպիտը ձուկը կը գտնուի Հնդկաց եւ Խաղաղական ովկիանոսներու տաք ջուրերուն մէջ:
- Գոյութիւն ունին հտպիտ ձուկի տարբեր տեսակներ:
- Ամէնէն փոքր հտպիտ ձուկերը 6 սմ երկարութիւն ունին, իսկ ամէնէն մեծերը` 15 սմ:
- Հտպիտ ձուկերուն գիծերը կրնան տարբեր գոյնի ըլլալ. դեղին-նարնջագոյնէն մինչեւ մութ նարնջագոյն, նոյնիսկ` վարդագոյն:
- Էգ ձուկը աւելի մեծ կ՛ըլլայ:
- Երբ հտպիտ ձուկը կեանքի ընկեր մը կ՛ընտրէ, ընդհանրապէս ամբողջ կեանքին համար կ՛ըլլայ:
Բնութեան Հրաշալիքներէն
Թռչող գորտ մը, առանց աչքերու եւ առանց ոտքերու մողէս մը… Բնութիւնը կը շարունակէ մեզ զարմացնել:
Թռչող գո՞րտ մը: Այս տարօրինակ անասունը գտնուած է գիտնականներու կողմէ, Վիեթնամի անտառներէն մէկուն մէջ: Նման ուրիշ գորտեր արդէն գտնուած էին, սակայն անոնցմէ ոչ մէկը ասոր նման մեծ էր:
«Ռաքոֆուրոս Հելենաէ» անուանուած այս գորտը ունի ճերմակ փոր եւ աչքին ճերմակ բաժինը շատ ճերմակ է, մինչ անոր զարմիկները ունին բաց դեղին փոր մը եւ աչքի ճերմակ բաժինը` դեղին երանգով: Այս գորտը իր մատներուն միջեւ ունի բարակ մաշկ մը: Այս մաշկերը անոր կարելիութիւնը կու տան «սաւառնելու», երբ ան ծառէ ծառ կը ցատկէ զինք հետապնդողներէն խուսափելու համար:
Այս թռչող գորտի նոր տեսակը գտնուած է այդ շրջանին ամէնէն մեծ քաղաքներէն` Հօ Շի Մին քաղաքի կեդրոնէն 90 քմ հեռու գտնուող անտառի մը մէջ: Գիտնականները հիմա պիտի ուսումնասիրեն, թէ գորտի այս տեսակը կորսուելու վտանգին տակ կը գտնուի՞:
Մատակասքարի «Մոպի Տիքը»
Հողը փորելով իր ուտելիքը փնտռող այս մողէսը գտնուած է Հնդկաց ովկիանոսի կղզիներէն` Մատակասքարի մէջ:
Ան գետնին տակը կ՛ապրի եւ այլեւս գրեթէ աչք չունի, ո՛չ ալ` ետեւի ոտքեր: Ան իր տեսակի մողէսներէն ո՛չ մէկուն կը նմանի:
Ան շատ ճերմակ մորթ մը ունի, եւ ասոր պատճառով գիտնականները զայն անուանած են «Սիրենոս-սինքուս մոպիտիք», Հերման Մելվիլի վէպի ճերմակ կէտին նման:
162,000…
… Եուան (չինական դրամը) գործարանի տէր մը դրած է դրամատան մը մէջ, Չինաստան: Այս գումարը կը համապատասխանէ մօտաւորապէս 26 հազար տոլարի: Բնական գործողութիւն, պիտի մտածէք դուք…
Այո՛… Բայց ան այս գումարը դրամատան յանձնած է իր յաճախորդներուն կողմէ տրուած 1- 50 եուան արժէքով թղթադրամներով:
Դրամատունէն չորս պաշտօնեաներ ամբողջ օրը կ՛աշխատին այս բոլոր դրամները ձեռքով հաշուելու համար, որովհետեւ անոնք շատ մաշած են եւ մեքենայով չեն հաշուըւիր:
Անոնք 3 օրէն կրցած են հաշուել 11500 եուան: Տակաւին կայ մէկ ամսուան աշխատանք, եւ անոնք կրնան շունչ մը քաշել:
Զբօսաշրջիկները Աշխարհին Շուրջ
Առաջին անգամ ըլլալով աշխարհին մէջ զբօսաշրջիկներուն թիւը անցած է մէկ միլիառի սահմանը: Զբօսաշրջութեան միջազգային կազմակերպութիւնն է, որ ըրած է այս յայտարարութիւնը յունուարի վերջաւորութեան:
Աշխարհի զբօսաշրջիկներուն ամէնէն շատ այցելած շրջանը կը մնայ Եւրոպա` աւելի քան 535 միլիոն այցելուներով, այսինքն` զբօսաշրջիկներուն կէսը:
Ոսկի Շապիկ Մը
Հնդիկ գործատէր մը ոսկին այնքան կը սիրէր, որ ան ինքզինքին նուիրեց 14 հազար ոսկիէ դրամներով շինուած շապիկ մը: 15 արհեստաւորներ 16 օր աշխատեցան ստեղծելու համար 3,3 քիլօ կշռող եւ աւելի քան 200 հազար տոլար արժող այս շապիկը:
Սառոյցէ Գործիքներ
Նորվեկիոյ մէջ վերջ գտաւ երաժշտութեան տարօրինակ փառատօն մը: Երաժիշտները կը նուագէին միայն վաղանցուկ երաժշտական գործիքներով: Անոնք սառոյցէ քանդակուած էին: Անշուշտ երաժիշտները ստիպուած էին ձեռնոցներով նուագել:
Դարձեալ Ոսկիի
Պատմութիւն
Բախտաւոր աւստրալիացի մը 5,5 քիլօ կշռող զուտ ոսկիի կտոր մը գտած է 60 սմ խորունկութեան մէջ: Ան իր այս գանձը գտած է Մելպուռնէն մօտաւորապէս հարիւր քմ հեռու Պալլարաթ քաղաքին մէջ: Այս ոսկիի կտորը կրնայ իրեն շահեցնել մօտաւորապէս 480 հազար տոլար:
Նոր Տեսակի
Ճաշարան Մը
Չինաստանի Հարպին քաղաքին մէջ նոր ճաշարան մը շատ մեծ յաջողութիւն կը գտնէ` իրեն իւրայատուկ պաշտօնեաներուն շնորհիւ:
Հոն աշխատող 20 պաշտօնեաները, ըլլան անոնք սպասաւոր կամ խոհարար, բոլորն ալ մարդամեքենաներ են:
Սակայն, անշուշտ ապսպրանք կատարելու ժամանակ մարդու մը հետ է, որ յաճախորդները կը խօսին:
Ձիւնի Հետ Խաղալը
Արգիլուած Է
Անգլիոյ Տըրնհամ շրջանին մէջ ոստիկանները հրահանգ ստացած են պատժելու այն մանուկները, որոնք ձիւնէ գնդակներ կը նետեն «ինքնաշարժներու, տուներու կամ անձերու վրայ, որոնք չեն ուզեր խաղալ»:
Անոնք, որոնք այս յանցանքը կը գործեն, պիտի պատժուին ըստ իրենց տարիքին եւ ըստ իրենց «ոճրային անցեալին»…
Ժամանց

Կրնա՞ս ամբողջացնել եռանկիւնը` գիտնալով, որ իւրաքանչիւր կլորակի մէջի թիւը կը համապատասխանէ անոր տակը գտնուող երկու կլորակներու մէջի թիւերուն գումարումին:
Օրինակի համար` 5+6=11: