Րաֆֆի Հայկ Պալեանի Յիշատակին

Քառասուն օրեր առաջ հողին յանձնեցինք բազմավաստակ եւ բազմաշնորհ Րաֆֆի Պալեանը, որ զաւակն էր «Ազդակ» օրաթերթի հիմնադիր, նախկին տնօրէն եւ բազմամեայ խմբագրապետ Հայկ Պալեանին:

Ր. Պալեան ծնած է 1932-ին Պէյրութ, իր նախնական կրթութիւնը ստացած է Նշան Փալանճեան ճեմարանին մէջ, ապա ուսումը շարունակած է անգլիական Իվենճելիքըլ վարժարանին մէջ: Ապա Պէյրութի ամերիկեան համալսարանին մէջ հետեւած է դեղագործութեան ճիւղին` դառնալով դեղագործ:

Նկատի ունենալով իր աշխատասէր եւ փայլուն աշակերտ ըլլալու հանգամանքը, Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանատան կողմէ առիթ կ՛ընծայուի իրեն իր մասնագիտական ուսումը շարունակելու Միացեալ Նահանգներու Լոս Անճելըսի «Ունիվըրսիթի աֆ Սաութ Քալիֆորնիա»` ստանալով համապատասխան վկայական:

5 տարի ետք վերադառնալով Լիբանան կը մտնէ կեանքի ասպարէզ եւ Արեւմտեան Պէյրութի մէջ կ՛ունենայ իր անձնական դեղարանը:

Սակայն 1958-ի դէպքերը եւ անապահովութիւնը զինք կը ստիպեն իր դեղարանը փակելու. ծնողքը իրեն կը պարտադրէ ճամբորդելու արտասահման, սակայն չդիմանալով օտարութեան ընկ. Րաֆֆի կը վերադառնայ Լիբանան եւ Զալքայի շրջանին մէջ կը վերաբանայ դեղարան մը: Հայկ Պալեանի շուքին տակ հասակ նետած Րաֆֆին չէր կրնար հեռու մնալ սերունդներ դաստիարակելու աշխատանքէն. ան հօր նման ուզեց մտնել ուսուցչական ասպարէզ: Արդարեւ, գործին կողքին ան երկար տարիներ եղաւ քիմիագիտութեան ուսուցիչ Էշրեֆիէի եւ Քաղաքի Հայ աւետարանական վարժարաններուն մէջ, ինչպէս նաեւ դասախօս` անգլիական տարբեր համալսարաններու մէջ:

Ընկ. Րաֆֆի իր ուսումնական զարգացումներուն զուգահեռ` պատանի տարիքէն մաս կազմած է ՀՄԸՄ Պէյրութի սկաուտական փաղանգին, իսկ երիտասարդ տարիքին ՀՄԸՄ Պէյրութի վարչութեան անդամ եղած է` յատկանշուելով իբրեւ  լաւ սկաուտ, լաւ մարզիկ եւ հաւատաւոր ՀՄԸՄ-ական: Պալեան ընտանիքին մէջ ծնունդ առած եւ դաստիարակուած, ընկ. Րաֆֆի հեռու չմնաց ՀՅԴ-ի մեծ ընտանիքէն, ան համալսարանական կեանքին ընթացքին անդամագրուեցաւ ԶՈՄ-ի շարքերուն` իբրեւ գործունեայ անդամ: Ապա փոխանցուելով իր շրջանի կոմիտէութիւնը, մինչեւ իր մահը եղաւ հաւատաւոր անդամ իր շրջանի «Ռոստոմ» կոմիտէութեան` ներդրում ունենալով զանազան աշխատանքներու մէջ:

1977-ին պսակուեցաւ Էօժէնի Պալըքճեանի հետ` կազմելով համերաշխ եւ երջանիկ ընտանիք մը:

Ընկ. Րաֆֆի անկեղծ, ուղղամիտ, կուռ դաշնակցական էր, չէր հանդուրժեր շրջապատին մէջ տիրող սխալ մտածողութիւնը:

Սիրելի՛ Րաֆֆի, ընդունէ մեր այս գրութիւնը, որուն նպատակն է քեզ ծանօթացնել հանրութեան:

Վարձքդ կատար ընկե՛ր.

Հողը թեթեւ գայ վրադ:

ԸՆԿԵՐ ՄԸ

Share this Article
CATEGORIES