Հարցազրոյց Յակոբ Բագրատունիի Հետ

Հարցազրոյցը վարեց` ԳՐԻԳՈՐ ԴԱՒԻԹԵԱՆ

Դեկտեմբերի կէսերուն Լիբանան մեր այցելութեան ընթացքին յատուկ ժամադրութեամբ հարցազրոյց մը ունեցանք Լիբանանի խորհրդարանի անդամ եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունիի հետ: Մեր հարցազրոյցը ընթացաւ գլխաւորաբար երեք ուղղութիւններով. Սուրիոյ դէպքերու նկատմամբ Լիբանանի պետութեան եւ ժողովուրդին կեցուածքը, սուրիահայութեան վիճակին նկատմամբ Լիբանանի հայութեան կեցուածքը եւ օժանդակութեան կազմակերպումը, եւ երրորդ` Հայաստան-Լիբանան յարաբերութիւնները Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի Լիբանան այցելութեան լոյսին տակ: Ստորեւ կը ներկայացնենք հարցազրոյցը (18 դեկտեմբեր 2012):

ՀԱՐՑՈՒՄ.- Սուրիոյ մէջ տեղի ունեցող անցուդարձերուն նկատմամբ ի՞նչ է Լիբանանի պետութեան եւ զանազան քաղաքական կողմերու դիրքորոշումը:

ՊԱՏԱՍԽԱՆ.- Փաստօրէն սուրիական օրակարգով լիբանանցի ժողովուրդը երկփեղկուած է: Երկու տարբեր եւ իրարու հակադիր կեցուածքներու մէջ ենք: Եւ ասիկա մեզի համար կու գայ հինէն: Պատմականօրէն Լիբանանը Սուրիոյ նկատմամբ երկու տեսակ կարծիք ունեցած է: Լիբանանի իսլամներուն մեծամասնութիւնը կը փափաքէր միանալ Սուրիոյ, իսկ քրիստոնեաներուն մեծամասնութիւնը կ՛ուզէր, որ ֆրանսական արեւելումը, արեւմտեան ուղղութիւնը շարունակուի: Եւ 1943-ին, երբ Ազգային ուխտը հռչակուեցաւ, այդ պարագային գտնուեցաւ բանաձեւ մը, որ կ՛ըսէր` ո՛չ Արեւելք, ո՛չ Արեւմուտք, այսինքն` ո՛չ Սուրիա, ո՛չ Արեւմուտք, Լիբանանը պիտի ըլլայ առանձին իրավիճակով երկիր մը, որ պիտի չգործածուի իբրեւ անցք Սուրիան հարուածելու, եւ պէտք է յարգուի Լիբանանի գերիշխանութիւնը: Դժբախտաբար տասնամեակներ ամբողջ այս բանաձեւը իրականութեան մէջ չգործադրուեցաւ: Եւ եկաւ լիբանանեան պատերազմը, ապա` սուրիական միջամտութիւնները, մինչեւ հասաւ վարչապետ Հարիրիի սպանութիւնը եւ այդ գծով կատարուած ամբաստանութիւնները, միջազգային ատեանը եւ այլն, եւ այլն:

Այսօր մենք գիտենք, որ Լիբանանի մէջ, ինչ ալ ըլլայ Սուրիոյ մէջ արդիւնքը, նախագահ Պաշշար Ասատի վարչակարգը մնայ, թէ ընդդիմադրութիւնը յաղթանակէ, անպայմանօրէն անդրադարձ պիտի ունենայ Լիբանանի վրայ: Երկու պարագաներով: Նախ ըսենք, որ վաղուան Սուրիան բնականաբար տարբեր պիտի ըլլայ երէկուան Սուրիայէն, նոյնիսկ եթէ նախագահ Պաշշար Ասատը մնայ: Վաղուան Սուրիան տարբեր պիտի ըլլայ բնականաբար մանաւանդ եթէ այսպէս ասած իսլամական խմբաւորումները իշխանութեան տիրանան: Այսօր անծանօթին մէջ է, որ կը լողանք Սուրիոյ պարագային:

Լիբանանի կառավարութիւնը հռչակեց սուրիական հարցէն հեռու մնալու քաղաքականութիւնը: Ազգային երկխօսութեան ժողովին, որուն ես ալ իմ մասնակցութիւնս բերած եմ, խմբագրուեցաւ Պաապտայի յայտարարութիւնը, որով կը հռչակուէր չէզոքութեան սկզբունքը եւ սուրիական խնդրին չմիջամտելու որոշումը: Դժբախտաբար, սակայն, կառավարութեան այս կեցուածքը գետնի վրայ տեղ չգտաւ: Լիբանանցի ժողովուրդին մէկ մասը կը զօրակցի նախագահ Պաշշար Ասատին, միւս մասը դէմ է նախագահ Պաշշար Ասատին եւ կը զօրակցի սուրիական ընդդիմադրութեան: Լիբանանի քաղաքական ուժերուն մէկ մասը կը զօրակցի Պաշշար Ասատին, միւս մասը զօրավար Պաշշար Ասատին դէմ է եւ կը զօրակցի ընդդիմադրութեան եւ բնականաբար ասիկա պատճառ կը դառնայ ոչ միայն Սուրիոյ մէջ անցուդարձերուն լիբանանցիներու միջամտութեան, սպանութիւններու, զէնքի փոխադրութեան եւ այլն, նաեւ պատճառ կը դառնայ ներլիբանանեան տագնապի աւելի սրումին: Եւ ասոր հետեւանքներն է, որ մենք այսօր կը կրենք` ըլլա՛յ խորհրդարանի մէջ գոյութիւն ունեցող  դժուարութիւնները, ըլլա՛յ կառավարութեան գործունէութիւնը, ըլլա՛յ նաեւ ընտրական օրէնքի որոշումը:

Իբրեւ եզրակացութիւն` ըսեմ, որ Լիբանանի մէջ ամէն մարդ այսօր սպասողական վիճակի մէջ է, թէ ի՛նչ պիտի կատարուի Սուրիոյ մէջ:

Հ.- Ի՞նչ է կեցուածքը ընդհանրապէս Լիբանանի հայութեան եւ մասնաւորաբար Դաշնակցութեան:

Պ.- Ինչ կը վերաբերի Դաշնակցութեան, մեր կեցուածքը հետեւեալն է: Մենք Սուրիոյ պետութեան գերիշխանութեան, հողային ամբողջականութեան կողքին ենք: Սուրիոյ մէջ փոփոխութիւններ պէտք է կատարուին, Սուրիոյ մէջ անհրաժեշտ է ժողովրդավարութեան հաստատումը, սակայն` ոչ վայրագութեան ճամբով: Եւ մեր մտահոգութիւնը այն է, որ այն, ինչ որ կը պատահի Սուրիոյ մէջ, կրնայ առաջնորդել երկրի բաժանումին, ներքին անջատումին եւ երկարատեւ արիւնահեղութեան, որ ոչ մէկ ձեւով կը նպաստէ ո՛չ Սուրիոյ, ո՛չ արաբական դատին, եւ պարզապէս կը նպաստէ Իսրայէլին եւ անոր հովանաւորներուն: Պատահածը զուտ ժողովրդավարական կարգեր հաստատելու եւ Պաշշար Ասատը իշխանութենէ հեռացնելու ընթացքը չէ, Պաշշար Ասատը ի՛նք ըսած է, որ իր իշխանութեան մէջ սխալներ կատարուած են, ի՛նք ըսած է, որ յաճախ շահագործումներ եղած են: Փաստօրէն այսօր պատահածը ամբողջ երկրի մը քանդումն է, ճիշդ այնպէս, ինչպէս պատահեցաւ Լիբանանի մէջ: Պատկերը միշտ կը վերյիշենք մենք: Երբ Պէյրութը կ՛այրէր, մարդիկ դուրսը նստած` կը մտածէին, որ ինչպէ՞ս կրնան վերաշինութեան ծրագիրը մշակել, ի՞նչ գործեր կրնան առնել Լիբանանի մէջ: Եւ այսօր նոյնն է, որ կը պատահի աշխարհի մէջ: Երբ Հալէպը կ՛այրի, երբ Դամասկոսը կը քանդուի, արեւմտեան աշխարհի մէջ կան ընկերութիւններ եւ քաղաքական ուժեր, որոնք նստած` կը ծրագրեն, թէ վաղուան Սուրիոյ մէջ ինչպէ՞ս կրնան վերաշինութեան համաձայնագրերը ձեռք ձգել, ինչպէ՞ս տնտեսական նոր միջոցներ ստեղծել: Հարցը վերածուած է այլեւս շրջանին մէջ միջազգային ուժի նոր վերահաստատման, որուն մէջ ո՛չ Լիբանանը եւ ո՛չ ալ հայութիւնը մանաւանդ, ըլլայ Լիբանանի կամ Սուրիոյ մէջ, կրնայ դերակատար ըլլալ: Փաստօրէն խաղը այնքան մեծ է, որ Լիբանանի եւ հայութեան նման ուժեր պարզապէս կրնան ընել այն, թէ ինչպէ՛ս նուազագոյն վնասով կարելի կ՛ըլլայ դուրս գալ:

Հ.- Լիբանանահայութեան կեցուածքը ի՞նչ է սուրիահայութեան կացութեան նկատմամբ: Ի՞նչ ձեւով կ՛օժանդակէ ցաւը մեղմացնելու համար:

Պ.- Նախ պէտք է ըսեմ, որ շատ բնական եւ անվիճելի է, որ մենք պէտք է զօրավիգ կանգնինք Սուրիոյ հայութեան: Մենք չենք մոռնար, որ Լիբանանի պատերազմի ընթացքին բազմահազար լիբանանցի հայորդիներ ապաստան գտան Սուրիոյ հայերու մօտ: Այն ատեն անոնք իրենց դռները լայնօրէն բացին եւ մենք նախ իբրեւ փոխադարձ երախտագիտութիւն ատոր պարտաւորութեան տակն ենք: Երկրորդ` մեզի համար կարեւոր է սուրիահայութեան գոյութեան պահպանումը: Ուրեմն մեզի համար անհրաժեշտ պարտաւորութիւն է օժանդակելը Սուրիոյ հայութեան: Եւ անհրաժեշտ պարտաւորութիւն է նաեւ օժանդակել, որ սուրիահայութիւնը Սուրիոյ մէ՛ջ մնայ: Բնականաբար, մարդկային իմաստով, դժուարութիւններու իմաստով, տնտեսական իմաստով այսօր կարելի չէ այպանել ոեւէ մէկը, որ Սուրիայէն դուրս կու գայ: Մեր նպատակակէտը պիտի ըլլայ, որ երբ պարտաւորուած են դուրս ելլելու, այդ պարտաւորուած եղողները երկու հասցէ պէտք է

«Մեր նպատակակէտը պիտի ըլլայ, որ երբ պարտաւորուած են դուրս ելլելու, այդ պարտաւորուած եղողները երկու հասցէ պէտք է ունենան` կա՛մ Լիբանան, կա՛մ Հայաստան»:

ունենան` կա՛մ Լիբանան, կա՛մ Հայաստան: Եւ ոչ թէ կտրել Ատլանտեանը եւ անդին անցնիլ: Եւ ասիկա շատ կարեւոր է Հայ դատի հետապնդման եւ Միջին Արեւելքի մէջ, մեր գոյութեան պահպանման իմաստով, գոյութիւն մը, որ պատմակա՛ն գոյութիւն է, Ցեղասպանութեան արդիւնք գոյութիւն մը չէ, Լիբանանի, Սուրիոյ, Եգիպտոսի, Իրաքի, Պաղեստինի, Յորդանանի եւ այլ արաբական երկիրներու մէջ մեր գոյութիւնը պատմական գոյութիւն է: Այս գաղութներուն թիւը աւելցած է Ցեղասպանութեան պատճառով, սակայն, ըստ էութեան, մեր գոյութիւնը դարերէ եկող գոյութիւն է եւ մենք կ՛ուզենք պահպանել զայն: Հետեւաբար առաջին հերթին` օժանդակութիւն, որ սուրիահայերը մնա՛ն Սուրիոյ մէջ, երկրորդ` անկարելիութեան պարագային ապահովել անոնց կեցութիւնը նաեւ Լիբանանի մէջ:

Լիբանանի մէջ մենք յաջողեցանք առաջին հերթին օժանդակել դպրոցական մակարդակի վրայ: Մեր դպրոցներուն դռները լայն բացուեցան, առանց նիւթական դժուարութիւններ յարուցանելու, որ սուրիահայ մեր հայրենակիցներու զաւակները ուսանին մեր դպրոցներուն մէջ: Երկրորդ` այն, ինչ որ կարելի էր կատարել առողջապահական գետնի վրայ, ըլլայ մեր բարեսիրական միութիւնը` Լիբանանահայ օգնութեան խաչը, ըլլայ այս պարագային երեսփոխանական մեր գրասենեակը առաւելագոյն ճիգը կը թափենք: Երրորդ` փորձեցինք ապահովել բնակարանային տագնապի լուծումը: Տնտեսական վիճակը Լիբանանի մէջ արդէն վատ է եւ մեր սուրիահայ հայրենակիցները երբ կու գան Լիբանան, կեանքի սղութիւնը այնքան մեծ է Լիբանանի մէջ, որ նոյնիսկ անոնք, որոնք ի վիճակի են որոշ չափով տոկալ, նաեւ անոնք դժուարութեան մէջ են: Բնակարանային վարձքերը ահաւոր են Լիբանանի մէջ: Բայց, այսուհանդերձ, փորձեցինք մեր կարելիութեան սահմաններուն մէջ օժանդակել` ըլլայ բարեսիրական միութիւններով, ըլլա՛յ մեր երեսփոխանական գրասենեակին ճամբով, ըլլա՛յ Ազգային առաջնորդարանի ճամբով: Չորրորդ` արդէն իսկ լայն յարաբերութիւններ սկսած ենք մշակել միջազգային ընկերակցութիւններու հետ, որպէսզի իրենք եւս գաղթական սուրիացիներու իրենց օժանդակութեան ծրագիրներուն մէջ անպայմանօրէն նկատի ունենան նաեւ հայ համայնքի զաւակները: Ասկէ անդին` պարզապէս կ՛աղօթենք, կը յուսանք, կը բաղձանք, որ վայրկեան առաջ Սուրիոյ մէջ դէպքերը աւարտին, որպէսզի մեր հայրենակիցները վերադառնան իրենց սուրիական հայրենիքը: Որովհետեւ իրենք հանգիստ չեն հոս: Եւ բնական է, որ հանգիստ չեն: Իրենք սուրիական հայրենիքին կապուած մարդիկ են: Սուրիոյ մեր հայրենակիցները արմատաւորուած են Սուրիոյ մէջ, այնպէս` ինչպէս սուրիական հայրենիքը շաղախուած է հայու արիւնով: Սուրիահայերը իրենք զիրենք արդէն սուրիացի կը զգան, ամբողջակա՛ն Սուրիոյ քաղաքացի, ազա՛տ Սուրիոյ քաղաքացի, ժողովրդավա՛ր Սուրիոյ քաղաքացի:

Հ.- Ի՞նչպէս կը տեսնէք Թուրքիոյ դերը Սուրիոյ մէջ ստեղծուած կացութեան եւ մանաւանդ` հայկական գործօնի  նկատմամբ:

Պ.- Չմոռնանք, որ Սուրիոյ հայութիւնը եւ յատկապէս Հալէպի հայութիւնը առաջին սահմանային գիծն է Թուրքիոյ հետ: Այն, ինչ որ կը պատահի յատկապէս հայկական միջավայրերու մէջ, պէտք չէ միամիտ ձեւանալ, որ Թուրքիան ատոր մէջ դերակատար չէ: Թուրքիոյ համար անհրաժեշտ է եւ ռազմավարական իմաստով իրեն համար օգտակար է Սուրիոյ հայութեան քանդումը եւ արտագաղթը: Այնպէս` ինչպէս օգտակար էր Միջին Արեւելքէն հայութեան պարպումը, որովհետեւ սահմանամերձ շրջաններ են, հայրենամերձ շրջաններ են: Որքան կարենայ ինք հողային պահանջ ունեցող ժողովուրդ հեռացնել, Թուրքիոյ համար այնքան աւելի օգտակար կ՛ըլլայ: Եւ չմոռնանք, որ յաճախ թուրք պատասխանատուները յայտարարած են, որ իրենց խնդիրը Հայաստանի հետ չէ, այլ իրենց խնդիրը սփիւռքի հայութեան հետ է եւ յատկապէս` Միջին Արեւելքի գաղութներուն հետ:

Հ.- Անցեալ ուրբաթ, ՀՅ Դաշնակցութեան հիմնադրութեան 122-րդ տարեդարձին առթիւ կազմակերպուած հանդիսութեան ընթացքին Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Յովիկ Մխիթարեանը ի միջի այլոց ըսաւ, որ Սուրիոյ դէպքերու արագ եւ անկանխատեսելի զարգացման եւ սուրիահայերու զանգուածային ժամանումի պարագային Կեդրոնական կոմիտէն մշակած է համապատասխան ծրագիր: Կրնա՞ք քիչ մը մանրամասնել:

Պ.- Որեւէ ինքզինք քիչ մը լուրջ նկատող կազմակերպութիւն քանի մը մակարդակի ծրագիր կը կազմէ: Մենք չենք ուզեր որեւէ ձեւով ծայրայեղ պարագաներու նախատեսուած ծրագիրներու հասնիլ, բայց Աստուած մի՛ արասցէ, եւ կը յուսանք, որ երբե՛ք չկատարուի, բայց եթէ պատահի, որ Սուրիոյ մէջ ստեղծուի այնպիսի անտանելի կացութիւն, ուր մարդկօրէն ապրիլը կարելի չ՛ըլլայ, սուրիահայ մեր հայրենակիցները պէտք է գիտնան, որ մեր բոլորի՛ն դռները բաց են եւ անհրաժեշտ միջոցառումներու կարելի է դիմել: Այնպէս` ինչպէս Դաշնակցութեան տօնակատարութեան յայտարարուեցաւ, մենք այդ ծրագիրը ունինք, բայց կղպած ենք այդ ծրագրին դարակը, բանալին ալ շատ հեռու տեղ պահած ենք, չենք ուզեր ո՛չ բանալին գործածել, ո՛չ ալ ծրագրին հասնիլ, որովհետեւ ատիկա իսկապէս ամէնէն անյոյս վիճակին համար է եւ երբեք չենք ուզեր, որ հոն հասնինք:

Հ.- Նոյեմբերի վերջաւորութեան պաշտօնական այցելութեամբ Լիբանան ժամանեց Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանը: Ի՞նչպէս կը բնութագրէք Հայաստան-Լիբանան յարաբերութիւնները Հայաստանի նախագահի այցելութեան լոյսին տակ:

Պ.- Եթէ պահ մը վերադառնանք 70-ական թուականներու պատերազմներուն, այդ օրերուն տակաւին խորհրդային իշխանութեան տակ եղող Հայաստանը իր օժանդակութիւնները ցուցաբերեց Լիբանանի հայութեան նկատմամբ: Իսկ այնուհետեւ 1988-ին երբ երկրաշարժը եղաւ, ոչ միայն Լիբանանի հայութիւնը, այլ համայն լիբանանցիները լիաբուռն կերպով իրենց նպաստը բերին աղէտի վնասներու  դարմանումին: Եւ բնականաբար Լիբանանի մէջ հայ համայնքին գոյութիւնը կարեւոր նշանակութիւն ունի Լիբանան-Հայաստան յարաբերութիւններուն թափ տալու տեսակէտէ:

Մէկէ աւելի նմանութիւններ ունին Լիբանանն ու Հայաստանը: Լիբանանն ալ իր սահմանին վրայ ունի թշնամի` Իսրայէլը, Հայաստանն ալ իր սահմանին վրայ ունի թշնամի` Թուրքիան եւ Ազրպէյճանը: Լիբանան եւ Հայաստան նոյնն են ժողովուրդի թիւով: Լիբանան եւ Հայաստան նոյնն են անցեալի ողբերգութեամբ: Լիբանանը Օսմանեան կայսրութեան ենթակայ եղած է եւ ապրած է այդ ահաւորութիւնը, հայութիւնն ալ նոյն վիճակին մէջ գտնուած է: Լիբանանը եւ Հայաստանը նման են նաեւ իրենց սփիւռքներով: Լիբանանի ժողովուրդին երեք անգամին չափ լիբանանցիներ ունինք արտերկրի մէջ, ինչպէս Հայաստանը եւ հայութիւնը: Տնտեսական մարզին մէջ` Լիբանանն ու Հայաստանը երկուքն ալ փոքր տնտեսութեամբ երկիրներ են, երկուքն ալ զբօսաշրջական կարելիութիւններ ունեցող երկիրներ են, եւ հետեւաբար կամրջումը Լիբանանի եւ Հայաստանի միջեւ շատ աւելի դիւրին է եւ շատ աւելի բնական:

2011-ի նոյեմբեր-դեկտեմբերին Լիբանանի նախագահը այցելեց Հայաստան: Ես ալ այդ պատուիրակութեան մէջ էի, եւ պէտք է ըսել, որ բացառիկ տպաւորութեամբ Լիբանանի նախագահը վերադարձաւ Հայաստանէն, մանաւանդ երբ այցելեց Ցեղասպանութեան  թանգարանը: Չեմ չափազանցեր ըսելով, որ նախագահին  եւ իրեն ընկերակցող պատուիրակութեան ոչ հայ անդամները արցունքոտ աչքերով դուրս եկան: Հմայուեցան, երկարատեւ խօսակցութիւններ, բանակցութիւններ եղան, եւ այդ օր արդէն հրաւիրուեցաւ Հայաստանի նախագահը այցելելու Լիբանան, եւ մէկ տարի չանցած` արդէն փոխադարձ այցելութիւն մը տուաւ Լիբանան, պետական այցելութիւն էր, եւ ընդունուեցաւ ամենալաւ ձեւով:

Արդէն իսկ Լիբանանի եւ Հայաստանի միջեւ գոյութիւն ունին 30 համաձայնագրեր: Բայց Լիբանանի ներքին դժուարութիւններու պատճառով եւ կ՛ենթադրեմ նաեւ Հայաստանի մէջ այսպէս ասած ոչ արագընթաց գործունէութեան պատճառով այդ 30 համաձայնագրերը արագ գործադրութեան մէջ չեն գտնուիր: Անհրաժեշտ նկատուեցաւ, որ աւելի աշխուժ կերպով այս գործակցութիւնը զարգանայ, աւելի արագ կերպով այդ համաձայնագրերը գործադրութեան դրուին:

Առաւել, Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահին այցելութիւնը ա՛յս ժամանակաշրջանին, երբ Սուրիոյ մէջ ողբերգական դէպքեր տեղի կ՛ունենան, երբ ամբողջ Միջին Արեւելքի մէջ քրիստոնէութեան վտանգուած ըլլալու վախը կայ, եւ շրջանին մէջ քրիստոնէութեան ապագայի նկատմամբ անվստահութիւնը կը տիրէ, աշխարհի մէջ առաջին քրիստոնեայ պետութեան եւ նախագահին այցելութիւնը Լիբանան, որուն նախագահը Միջին Արեւելքի մէջ միակն է, որ քրիստոնեայ է նաեւ ունեցաւ իր բարոյական անդրադարձը, ըսելով, որ ոչ, այս դժուարին օրերուն տակաւին իսկապէս քաջալերանքի կարիքը կայ, եւ այդ այցելութիւնը տուաւ իր քաջալերական ազդեցութիւնը, գօտեպնդիչ արտայայտութիւնը, եւ մենք Լիբանանի մէջ զգացինք Հայաստանի նախագահին թողած ազդեցութիւնը: Անկախ Դաշնակցութեան ունեցած տարակարծութիւններէն Հայաստանի նախագահին հետ, մենք Լիբանանի մէջ իբրեւ քաղաքական ուժ, իբրեւ պետական հիւր շատ լաւ եւ բնական կերպով մեր գաղութը բարձր ընդունեցինք` ի տարբերութիւն նախորդ այցելութեան, երբ եկած էր այցելելու հա՛յ համայնքին, հայեւթուրք փրոթոգոլներուն կապակցաբար, եւ հոն մենք բաւական խիստ կերպով մեր վերաբերումը ճշդած էինք: Բայց այս մէկը տարբեր այցելութիւն էր, եւ ես կրնամ ըսել, որ լիբանանեան ոչ հայկական շրջանակներու մէջ իր շատ դրական անդրադարձը ունեցաւ, եւ մարդիկ մինչեւ այսօր այդ այցելութեան յուշերով եւ անդրադարձներով կը զբաղին:

Մէկ բան ալ աւելցնեմ. երբ Հայաստանի նախագահը կ՛այցելէ Լիբանան: Մենք զինք կ՛ընդունինք իբրեւ Լիբանանի քաղաքացիներ: Յաճախ շփոթ կը ստեղծուի արաբական երկիրներու մէջ, որ մենք հայաստանցի քաղաքացիներ ենք եւ այնպէս` ինչպէս ընկալուած է, որ որեւէ երկրի նախագահ, երբ երկիր մը կ՛այցելէ, իր երկրի քաղաքացիները իրեն հետ հանդիպում կ՛ունենան, ըսենք` ֆրանսահպատակները հանդիպում կ՛ունենան Ֆրանսայի նախագահին հետ, կամ երբ Անգլիոյ վարչապետը պաշտօնապէս կ՛այցելէ երկիր մը, անգլիահպատակները կը հանդիպին: Հայաստանի նախագահը հանդիպում ունեցաւ Լիբանանի հայութեան հետ, որ Լիբանանի 7 գլխաւոր համայնքներէն մէկն է: Թէ՛ Լիբանանի պետութեան մօտ ասիկա կշիռ ունի, թէ՛ հայրենի մեր պետութեան մօտ: Սովորական քաղաքացիներու հետ հանդիպում չէր Հայաստանի նախագահին հանդիպումը, այլ` Լիբանանի ամբողջ համայնքը ներկայացնող տարբեր-տարբեր միաւորներու:

 

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )