ՀԻՆԸ ՆՈՐՈՎ ԳԻՐԿԸՆԴԽԱՌՆ
Հիմա չկար «Նոր դպրոց»ը, «Հինդլեան»ը, փակուած էր, ինչպէս փակուած էին անցեալի մեր վարժարաններէն շատեր ու շատեր, ո՛չ միայն Անատոլուի, այլ նաեւ` Պոլսոյ մէջ: Չկար այսօր, օրինակ, «Խորէնեան-Վառվառեան» վարժարանը` Նառլըգաբուի մէջ, ուրկէ շրջանաւարտ եղած էր հայրս: Չկային «Առաքելոց Հայկանուշեան», «Նազարեան աղջկանց գիշերօթիկ», «Մեստուչեան» վարժարանները` Ենիգաբուի մէջ, «Ս. Առաքելոց»ը, «Խորէնեան»ը Ֆեներ -Պալաթի. «Պօղոսեան-Վառվառեան»ը Գումգաբուի Դրսի, «Մեսրոպեան»ը` Կետիկփաշայի, «Առաքել Նուպար Շահնազարեանը»` Խասգիւղի, «Սուրբ Մեսրոպեան»ը` Գասըմփաշայի, «Պեզազեանը» Պաքըրգիւղի, «Պէրպէրեան»ը Սկիւտարի, «Մաքրուհեան»ը, Պէշիկթաշի, «Սահակ-Մեսրոպ»ը Սարըեէրի, «Նարեկեան»ը Պէյօղլուի, «Անարատ յղութիւն»ը Սաքըզաղաճի, նաեւ Գատըգիւղի, «Նիկողոսեան»ը Նշանթաշըի «Սուրբ Ոսկեանց», «Սուրբ Թադէոս Բարթողիմէոս», «Սուրբ Հռիփսիմեանց» վարժարանները Գարակիւմրիւկի, «Պեզճեան»ը Էյիւպի, «Նեկտարինեան»ը, «Սուրբ Փրկիչեան»ը Ղալաթիոյ, «Ագապեան»ը Սամաթիոյ, «Ներսէսեան»ը Գնալըի մէջ:
Այսօր չկային ու չկային բոլորն ալ…: Չկային թէ՛ իրենց նիւթեղէն գոյութեամբ եւ թէ՛ այդ նիւթին շունչ ու ջերմութիւն տուող, մթնոլորտ ստեղծող անհատներու գոյութեամբ: Ցաւալիօրէն տժգունած էր մեր ազգային եւ համայնքային կեանքը: Չկային նախկին ընտանիքները, ուսուցիչները, աշակերտները, համայնքային գործիչները, եկեղեցականները…: Մէկ բառով, չկար անցեալի համն ու հոտը, գոյնն ու երանգը: Մեր գոյատեւման համար սիրտ ու հոգի սպառող, մեր լեզուն, մեր գրականութիւնը, մեր մշակոյթը պահպանելու համար քրտինք հոսեցնող գլխաւոր դերակատարները մեկնած, բոլորն ալ անցեալի կարօտալի յուշեր դարձած էին: Անոնցմէ կը գոյատեւէին հիմա իրենց թողած անշունչ բեկորները:
Իրենց տէրերուն կողմէ ակամայ լքուած անշունչ բեկորներ…: Հոգիներէ ներս ցնցումներ յառաջացնող, սիրտ ծակող, սիրտ արիւնող բեկորներ…: Կը մտածէ, թէ մարդիկ իրենց ողջութեան շրջանին ինչպէ՜ս պաշտամունքով ու գուրգուրանքով կը պահէին իրենց լուսանկարները, լուսանկարներու կողքին` տակաւին ինչե՜ր ու ինչե՛ր, որոնք իրենց ապրած կեանքին բաբախուն վկայութիւնները կը բերէին, եւ որոնք սակայն կարծես իրենց արժէքը կը կորսնցնէին ի սպառ, երբ անոնց տէրերը յաւիտենապէս կը մեկնէին այս աշխարհէն: Ի՜նչ հրաշք էր, որ միջոց մը վերջ յանկարծ մէկը կրկին պաշտամունքի ու գուրգուրանքի նիւթ կը դարձնէր անտէր մնացած այդ մասունքները, տէր կը կանգնէր անոնց: Այդ մասունքները հիմա տարբեր նշանակութիւն կը ստանային զանգուածներու ու ընկերութիւններու համար, եթէ այդ զանգուածները գիտէին տէր կանգնիլ իրենց պատմութեան ու անցեալին: Ես այս խորհուրդը կը տեսնէի բոլոր պատմական լուսանկարներուն մէջ եւ չափազանց ուրախ էի, որ ես մէկն էի, որ կը կատարէի այդ մասունքները կեանքի կոչելու նուիրական աշխատանքը:
Ուստի ձեռք առի այդ զոյգ լուսանկարները խնամքով, ետեւ դարձուցի եւ կարդացի այդ նկարներու ինծի անծանօթ տիրոջ անունը, Վ. Պ. (բուն անունը` ինծի վերապահուած), որ մեծ հաւանականութեամբ մահացած էր: Լուսանկարներէն մէկը կը կրէր 1935 թուականը, իսկ երկրորդը` 1937: Լուսանկարներուն տէրը մէկուն մէջ եղած էր Գ. դասարանի, իսկ միւսին մէջ Ե. դասարանի աշակերտ:
Գնեցի այդ զոյգ լուսանկարները եւ երբ տուն տարի, ծանօթ մը գտնելու ցանկութեամբ, մէկ առ մէկ քննեցի նկարներուն մէջ տեղ գտած ուսուցիչ եւ աշակերտները: Եւ գտայ…: 1937 թուակիր լուսանկարին մէջ, աշակերտներու կարգին էր Էսայեան վարժարանի երկրաչափութեան մեր յարգելի եւ սիրելի ուսուցիչ Արամ Գամպուրեանը, այդ օրերուն` հազիւ տասը կամ տասնեւմէկ տարեկան, հինգերորդ դասարանի աշակերտ, հետագային Մխիթարեան լիսէէն դասընկեր մեր հայերէնի արժէքաւոր ուսուցիչ Վարդ Շիկահերի եւ «Մարմարա»ի մեր սիրելի խմբագրապետ Ռոպէր Հատտէճեանի: Ա՛ն էր: Վստահ էի: Իմ տեսողութիւնս չէր խաբեր զիս: Յաջորդող օրերուն, երբ պրն. Գամպուրեան խմբագրատուն եկաւ, առաջին առիթով հարցուցի իրեն, թէ ան ո՞ր նախակրթարանը յաճախած էր: «Նոր դպրոց», ըսաւ եւ այլայլած հարց տուաւ, թէ ինչո՞ւ հարցուցած էի այդ հարցումը: Նկարը ցոյց տուի իրեն եւ ուզեցի գիտնալ, թէ ճի՞շդ էր իմ ենթադրութիւնս: Մեծ յաղթանակ էր ինծի համար լսել պրն. Գամպուրեանի դրական պատասխանը: (Նկարին մէջ ձախին երկրորդ կարգին վրայ չորրորդը):
Լուսանկարին մէջ ճանչցայ նաեւ ուսուցչուհի Մաքրուհի Տիրատուրեանը, մեր երաժշտութեան արժէքաւոր ուսուցչուհի Գոհարիկ Տիրատուրեանի քոյրը, որ հետագային ուսուցչագործած էր նաեւ Պաքըրգիւղի «Տատեան» վարժարանի մէջ, որպէս հինգերորդ դասարանի պատասխանատու ուսուցիչ, երբ ես միջնակարգի աշակերտ էի: (1937 թուակիր լուսանկարին մէջ Մաքրուհի Տիրատուրեան կ՛երեւի աջէն առաջինը, Դ. կարգի վրայ):
Իսկ 1935 թուակիր լուսանկարին մէջ, բացի Յովհաննէս Հինդլեանի կերպարէն, ո՛չ ոք ծանօթ էր ինծի: Ես անոնց անունները չէի գիտեր, անոնք անծանօթներ էին ինծի, բայց կարծես բան մը փրկած էի անոնց ապրած կեանքէն ու ապահոված էի, որ կերպով մը շարունակեն մնալ մեզի հետ:
Կը նայէի այս հին ու պատմական լուսանկարներուն ու կը մտածէի, որ կեանքի մէջ նորը որեւէ արժէք չունի, եթէ ան իրեն հետ չ՛ապրեցներ նաեւ հինը:
ՄԱՔՐՈՒՀԻ ՅԱԿՈԲԵԱՆ
(Շար. 5 եւ վերջ)