«Կը Փափաքիմ Հայերէն Նոր, Գեղեցիկ Եւ Իւրայատուկ Տառատեսակներ Պատրաստել» «Ազդակ»-ին Կ՛ըսէ Լիւսի Մարիա Մոմճեան
Հարցազրոյցը վարեց` ՀՈՒՐԻ ՓԱՓԱԶԵԱՆ-ԷՄՄԻԵԱՆ
Մարաշի հայրենակցական միութեան 2013 թուականի օրացոյցը գծանկարչական իւրայատուկ ձեւագծումով եւ պատկերազարդումով կը ներկայացնէ հայ ժողովուրդի պատմութեան հիմնական հանգրուանները` 12 պատկերներով: Օրացոյցին գծանկարչական ձեւագծումն ու հեղինակը արուեստագէտ Լիւսի Մարիա Մոմճեանն է: Ան 2009-2011-ին յաճախած է լիբանանեան գեղարուեստից կաճառը (ԱԼՊԱ), ուր հետեւած է գծանկարչութեան եւ ծանուցումի դասընթացքներու` արժանանալով մագիստրոսի վկայականին: Ան աշխատած է տարբեր հաստատութիւններու մէջ` նորանոր փորձառութիւններ ձեռք ձգելով եւ իր մտայղացումներով եւ տաղանդով հարստացնելով ծանուցողական պաստառներ, ուսումնասիրութիւններ եւ տարբեր ծրագիրներ:
Ստորեւ կը ներկայացնենք այս առիթով Լիւսի-Մարիա Մոմճեանի հետ մեր կատարած հարցազրոյցը:
«ԱԶԴԱԿ».- Ինչպէ՞ս ընտրեցիր այս ճիւղը:
ԼԻՒՍԻ ՄԱՐԻԱ-ՄՈՄՃԵԱՆ.- Մանկութենէս կը սիրէի գծել եւ հետաքրքրուած էի արուեստով: 16 տարեկանիս արդէն որոշած էի, որ պիտի ընտրեմ գծանկարչական ձեւագծումը` (կրեֆիք տիզայն) իբրեւ մասնագիտութիւն: ԱԼՊԱ-ի մէջ զարգացուցի ձիրքերս: Գծանկարչական ձեւագծման կողքին, այդտեղ ես նաեւ ուսանեցայ գովազդներու, ծանուցումներու պատրաստութիւն: Գծանկարչական ձեւագծման պարագային մտայղացում պէտք է եւ ներկայացում: Ծանուցում պատրաստելու համար լաւ գաղափարներ եւ երեւակայութիւն պէտք է ունենաս, որպէսզի միշտ նորութիւններ կարենաս բերել աշխատանքին ընթացքին: Ես երկուքն ալ կը սիրեմ, որովհետեւ երկուքին պարագային ալ իւրայատուկ մտածելակերպ պէտք է ունենաս եւ լաւ գծել գիտնաս, իսկ գծելը ինծի համար մեծ հաճոյք է:
«Ա.».- Ծանուցում պատրաստելու համար ի՞նչ հանգրուաններ կան:
Լ. Մ. Մ.- Նախ եւ առաջ գաղափարներս կ՛արձանագրեմ թուղթի վրայ, ապա կը սկսիմ գծել եւ գծելու ատեն գաղափարներ կը յղանամ, եւ կամաց-կամաց մտքիս մէջ կը կազմուի ծրագիրը: Այս գործին մէջ թէ՛ գաղափարը կարեւոր է եւ թէ՛ պատկերացումը: Մենք կ՛ապրինք համակարգիչի դարու մէջ, եւ եթէ գաղափարներդ հետաքրքրական պատկերի չվերածես, չես յաջողիր, մանաւանդ որ մասնագիտութեան գործը համակարգիչի յատուկ ծրագիրներով կ՛իրագործուի:
«Ա.».- Լիբանանի մէջ այս մասնագիտութեան պահանջը կա՞յ:
Լ. Մ. Մ.- Ներկայիս լիբանանեան բոլոր ընկերութիւնները իրենց գործին յաջողութիւնը վստահած են ծանուցումներուն: Պէյրութի եւ շրջաններու մէջ փողոցները ողողուած են ծանուցումներու գունաւոր պաստառներով:
Գծանկարչական ձեւագծումը Լիբանանի մէջ զարգացաւ վերջին տարիներուն: Մարդիկ սկսան ասիկա նկատի առնել իբրեւ արուեստի գործ: Այս իմաստով, յաճախ կը կազմակերպուին սեմինարներ` զարկ տալու համար Լիբանանի մէջ այս ճիւղի տարածման:
«Ա.».- Այժմ ի՞նչ գործով կը զբաղիս:
Լ. Մ. Մ.- Ներկայիս կը պատրաստուիմ մագիստրոսի աստիճանին: Համալսարանի դասախօսներէն մէկը ունի գովազդի ընկերութիւն, եւ այժմ փորձառութիւն շահելու համար կ՛աշխատիմ այդ ընկերութեան մէջ: Ուսումս աւարտելէ ետք նպատակ ունիմ մեծ ընկերութեան մը մէջ աշխատելու, եւ Լիբանանի մէջ կան մասնաճիւղեր այնպիսի մեծ ընկերութիւններու, որոնք իրենց յաջողութիւններու շնորհիւ մրցանակներ կը ստանան:
«Ա.».- Ի՞նչ են դժուարութիւնները այս գործին մէջ:
Լ. Մ. Մ.- Այս գործին մէջ պէտք է ստեղծագործ ըլլալ, ունենալ հարուստ երեւակայութիւն, արուեստի հանդէպ սէր եւ գծելու տաղանդ: Արթուն պէտք է ըլլաս, արագ եւ հետեւողական, որովհետեւ շուկան նորութեան կը կարօտի եւ արագընթաց փոփոխութիւններուն հետ քայլ պահելու համար նորարար պէտք է ըլլալ: Ծանուցում պատրաստելը դիւրին չէ, պէտք է լաւ սերտես շուկային պահանջները, նոր գաղափարներով հարստացնես ծրագիրը, զայն գրաւիչ եւ հետաքրքրական դարձնես, որպէսզի կարենաս գոհացնել յաճախորդին պահանջները:
Լիբանանի մէջ ներկայիս գովազդները երգիծական բնոյթ ունին. կը ներկայացնեն լիբանանցիին նկարագիրը, անոր մտահոգութիւնները եւ նախասիրութիւնները, այս բոլորը կը սորվիս փորձառութեամբ, երբ կ՛աշխատիս ընկերութիւններու հետ, եւ իւրաքանչիւրը կ՛ուզէ ձեւով մը փոխանցել իր ըսելիքը գնողէն` ծանուցումի միջոցով:
Այլ կարեւոր կէտ մը. լիբանանեան ընկերութիւնները կ՛ուզեն պատրաստել այնպիսի ծանուցումներ, որոնք կ՛ազդեն լիբանանցիին վրայ, գաղափարներ կամ պատկերներ, որոնք հասկնալի են, ծանօթ են, իրենց առօրեային մաս կը կազմեն: Անոնք չեն ընտրեր այնպիսի նիւթեր, որոնք չեն հետաքրքրեր ժողովուրդը, ոչ թէ որովհետեւ չեն հասկնար, այլ այն պարզ մտահոգութեամբ, որ այդ նիւթը իր առօրեայ հարցերուն մաս չի կազմեր: Ծանուցումը պէտք է գրաւիչ ըլլայ, նորութիւն եւ անմիջական, այդ պատճառով ալ երբեք չես ձանձրանար այս գործին մէջ:
«Ա.».- Դիւրի՞ն է այս մասնագիտութեան մէջ գործ գտնելը:
Լ. Մ. Մ.- Յարատեւ ճիգ պէտք է այս գործին մէջ յաջողելու համար, կան գովազդի բազմաթիւ ընկերութիւններ, որոնք պէտք ունին նոր ուժերու, եւ փորձառութիւն շահելէ ետք համբերութեամբ կը հասնիս նպատակիդ:
«Ա.».- Ի՞նչ են ապագայի ծրագիրներդ:
Լ. Մ. Մ.- Կը փափաքիմ սորվիլ թիփոկրաֆի, որպէսզի հայերէն նոր տառատեսակներ պատրաստեմ եւ ձեւաւորեմ համակարգիչի գործածութեան համար:
Գիտէք` անգլերէն գրելու համար հազարաւոր տառատեսակներ կան, հայերէնի պարագային քիչ են եւ նուազ հրապուրիչ: Այդ իմաստով ես պիտի աշխատիմ պատրաստել նոր տառատեսակներ, իւրայատուկ եւ գեղեցիկ ոճով: Այլ խօսքով, ես պատրաստ եմ միշտ իմ գիտելիքներս օգտագործելու ի սպաս հայութեան եւ կը քաջալերեմ հայ երիտասարդները, որ մասնագիտանան այս ճիւղին մէջ, որովհետեւ շատ հաճելի է, լեցուած` նորութիւններով եւ նոր մարտահրաւէրներով:

