Ազրպէյճան Կը Մեղադրէ Թուրքիոյ Նախագահը Սերժ Սարգսեանը Շնորհաւորելուն Համար
ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
Մինչ Հայաստան կը փորձէ յաղթահարել փետրուար 18-ին կայացած նախագահական ընտրութիւններուն հետեւանքները եւ ընտելանալ վերջերս աշխուժացած ընդդիմութեան հետ, իր երկու չարակամ դրացիները` Ազրպէյճանն ու Թուրքիան խճճուած են փոխադարձ մեղադրանքներու մէջ` հայկական ընտրութիւններուն շուրջ:
Մէկ տարի առաջ, «Ո՞վ կ’իշխէ Թուրքիոյ մէջ` Էրտողա՞նը, թէ՞ Ալիեւը» վերնագիրով իմ խմբագրականին մէջ զարմանքս արտայայտած էի, որ Թուրքիան թոյլ կու տայ Ազրպէյճանին մնայուն կերպով միջամտելու իր ինքնիշխան քաղաքականութեան, ինչպէս` հայ-թրքական արձանագրութիւններու պարագային: Այժմ երկու թարմ օրինակ կայ թրքական որոշումներու կայացման գործին մէջ Ազրպէյճանի անթոյլատրելի միջամտութեան մասին:
«Թրքական թռիչքուղիներ»-ը հազիւ յայտարարած էր, որ «Ակօս» երկլեզու` հայերէն եւ թրքերէն շաբաթաթերթը պիտի տրամադրէ իր միջազգային թռիչքներէն օգտուող ուղեւորներուն, երբ ազրպէյճանցի փրոֆեսէօր եւ քաղաքական մեկնաբան Ֆիքրեթ Սատիխովը բողոքեց անոր տարածման դէմ` զայն անուանելով «բացարձակապէս անհեթեթ եւ անպատասխանատու քայլ»:
Սատիխովը նաեւ բողոքեց, որ Թուրքիոյ նախագահ Ապտիւլլա Կիւլը շնորհաւորական ուղերձ յղած է Սերժ Սարգսեանին նախագահ վերընտրուելուն առիթով: «Նման քայլերը կրնան մեծ ցաւ պատճառել թէ՛ Թուրքիոյ, թէ՛ Ազրպէյճանին», ըսած էր Սատիխովը ազրպէյճանական «Թրենտ» լրատուական գործակալութեան: Փրոֆ. Սատիխովի բողոքը մաս կը կազմէ ազրպէյճանցի ղեկավարներու կազմակերպած այն մեծ արշաւին, որով անոնք կը մեղադրեն Թուրքիան` Արցախի հարցով տարածքային զիջումներ կատարելու համար Հայաստանի վրայ ճնշում գործադրելու իրենց ջանքերը խափանելուն մէջ:
Ահա ազրպէյճանցի ղեկավար պաշտօնատարներու կողմէ նախագահ Կիւլին ուղղուած որոշ առարկութիւնները.
– «Թուրքիան պէտք է պարզաբանէ Թուրքիոյ նախագահ Ապտիւլլա Կիւլի կողմէ իր հայ գործընկեր Սերժ Սարգսեանին շնորհաւորական ուղերձ յղելու հարցը», յայտարարած է Ազրպէյճանի նախագահի արտաքին քաղաքականութեան հարցերով ղեկավար Նովրուզ Մամետովը:
– «Ատիկա մեզի ցաւ կը պատճառէ® Պէտք է ուշադրութիւն դարձնել այն հանգամանքին, որ Հայաստանին եղած քաղաքավարութեան բոլոր նշանները անոր կողմէ կ’օգտագործուին այլ նպատակներով», յայտարարած է Ազրպէյճանի խորհրդարանի խօսնակ Օքթա Ասատովը:
– «Ատիկա մեզի համար անսպասելի էր® Ցաւալի է, որ Ազրպէյճանի ռազմավարական գործընկեր Թուրքիոյ նախագահը հապշտապ շնորհաւորած է Սարգսեանը, որ ընտրուած է խախտումներու միջոցով», յայտարարած է խորհրդարանի երեսփոխան եւ «նոր Ազրպէյճան» իշխող կուսակցութեան գործադիր քարտուղարի տեղակալ Մուպարիզ Ղուրպանլին:
– «Նախքան արդիւնքներու պաշտօնական հրապարակումը Թուրքիոյ նախագահ Ապտիւլլա Կիւլի կողմէ շնորհաւորական ուղերձ յղելը սխալ քայլ է: Ասիկա Թուրքիոյ` «Զերօ խնդիրներ հարեւաններու հետ» քաղաքականութեան շարունակութիւնն է: Սակայն, ըստ էութեան, այդ քաղաքականութիւնը ձախողած է: Այդ քաղաքականութեան պատճառով Թուրքիոյ յարաբերութիւնները լարուած են տարածաշրջանի պետութիւններու մեծ մասին հետ: Բացի ատկէ, Թուրքիոյ նախագահի շնորհաւորանքը Սարգսեանին` կը հակասէ Ազրպէյճանի շահերուն: Երբ միջազգային հանրութիւնը կարծիք կը յայտնէ այն մասին, որ Հայաստանի մէջ գոյութիւն ունի ոչ օրինական իշխանութիւն, թրքական կառավարութիւնը կը հաստատէ Հայաստանի ղեկավարութեան օրինականութիւնը: Ատիկա սխալ է եւ ցաւալի», յայտարարած է Ազրպէյճանի «Մուսաւաթ» կուսակցութեան կեդրոնական գործադիր վարչութեան անդամ Արիֆ Հաճիլին:
– «Եթէ ոեւէ մէկը կը կարծէ, որ այս քայլերուն շնորհիւ Հայաստանը կամ հայերը պիտի հրաժարին այսպէս կոչուած Ցեղասպանութենէն եւ տարածքային պահանջներէն, կը սխալի», յայտարարած է «Միացեալ Ազրպէյճանի ժողովրդական ճակատ» կուսակցութեան նախագահ Կուտրաթ Հասանկիւլիեւը:
– «Նախագահ Կիւլի շնորհաւորանքը Սերժ Սարգսեանին հապճեպ որոշում էր», յայտարարած է Ազրպէյճանի խորհրդարանի երեսփոխան եւ Ազրպէյճան-Թուրքիա միջխորհրդարանական կապերու աշխատանքային խումբի ղեկավար Նիզամի Ճաֆարովը:
– «Թուրքիան իր այս քայլով չ’արժանանար միջազգային հանրութեան դրական գնահատականին: Այդտեղ Թուրքիան կրնայ վստահ ըլլալ: Սերժ Սարգսեանը շնորհաւորելը հապճեպ քայլ էր: Անիկա չի բխիր Թուրքիոյ, կամ Ազրպէյճանի ազգային շահերէն», յայտարարած է խորհրդարանի երեսփոխան Ֆազայիլ Աղամալին:
– «Սերժ Սարգսեանը Թուրքիոյ թշնամին է: Ան Թուրքիան կը մեղադրէ այսպէս կոչուած Հայոց ցեղասպանութեան համար եւ տարածքային պահանջներ կը ներկայացնէ: Անհասկնալի է, թէ ինչո՛ւ Ապտիւլլա Կիւլը եղաւ առաջիններէն մէկը` Սարգսեանը նախագահ վերընտրուելը շնորհաւորող: Ասիկա անընդունելի է», յայտարարած է Ազրպէյճանի նախկին նախագահի արտաքին քաղաքական հարցերով խորհրդական Վաֆա Կիւլիւզատէն:
Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը, Թուրքիոյ որոշումներուն մէջ Ազրպէյճանի անտեղի միջամտութիւնը սանձելու փոխարէն, երկչոտաբար պարզաբանած է, որ նախագահ Սարգսեանի յղուած նախագահ Կիւլի շնորհաւորական ուղերձը եղած է «դիւանագիտական քաղաքավարութեան եւ բարի կամքի դրսեւորում»: Կիւլը Սերժ Սարգսեանը շնորհաւորած էր նաեւ 2008-ի` նախագահի առաջին ընտրութիւններուն ժամանակ:
Ամենազօր թրքական կառավարութեան, որ իր քաղաքական, տնտեսական եւ ռազմական ազդեցութիւնը կը տարածէ ամէնուրեք, տակաւին որքան ատեն պիտի հանդուրժէ Ազրպէյճանի յաճախակի միջամտութիւնը Թուրքիոյ քաղաքականութեան մէջ:
Ե՞րբ Անգարան պիտի համարձակի Պաքուին ըսելու, որ ան զբաղի իր գործով, եւ պարզաբանէ, որ Թուրքիան իր ազգային շահերը չի ստորադասեր Ազրպէյճանի եսակեդրոն ցանկութիւններուն:
Հայաստանը բախտաւոր է, որ մինչ ան կը քննարկէ նախագահական ընտրութիւններու անդրադարձները, իր թշնամի հարեւանները` Ազրպէյճանն ու Թուրքիան զբաղած են զիրար մեղադրելով:
ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի
հրատարակիչ եւ խմբագիր
Թարգմանեց`
ՌՈՒԶԱՆՆԱ ԱՒԱԳԵԱՆ
Արեւմտահայերէնի վերածեց`
«ԵՌԱԳՈՅՆ» կայքէջը

