Սկովտիոյ Ֆութպոլի Ախոյեանութիւն. Սելթիքի 5-րդ Պարտութիւնը

Սկովտիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան 29-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, պարագլուխի դիրքին վրայ գտնուող Սելթիք կրեց տարեշրջանի իր 5-րդ պարտութիւնը Մատըրուելէն` 2-1 արդիւնքով: Իր արձանագրած այս յաղթանակէն ետք Մատըրուել բարձրացաւ 2-րդ դիրք` 19 կէտով սակայն ետ մնալով Սելթիքէն, որ բնականաբար մեծ քայլերով կ՛ուղղուի դէպի ախոյեանութեան տիտղոս:

Դասաւորման վերջին դիրքին վրայ կը գտնուի Տանտի, որ իր տրամադրութեան տակ ունի 15 կէտ:

Նշենք, որ ախոյեանութիւնը տեղի կ՛ունենայ առանց Ռէյնճըրզի, որ նախորդ տարեշրջանին դուրս դրուած էր «Փրեմիեր լիկ»-էն:

 

Share this Article
CATEGORIES