Ճատրակ. Քափել Լա Կրանտի Մրցաշարք. Կարէն Գրիգորեան Կը Շարունակէ Մնալ Առաջին Դիրքին Վրայ Գտնուողներուն Հետ

Ֆրանսայի մէջ տեղի ունեցող Քափել լա Կրանտէ ճատրակի միջազգային մրցաշարքի 6-րդ հանգրուանի մրցումներէն ետք, այժմ առաւելագոյն 6 կէտէն 5 կէտ ապահովելով Կարէն Գրիգորեան շարք մը այլ անձերու հետ կը շարունակէ մնալ պարագլուխի դիրքին վրայ:

Սամուէլ Տէր Սահակեան, Տիգրան Ղարամեան եւ Էլինա Դանիէլեան կէս կէտով ետ կը մնան առաջին դիրքին վրայ գտնուողներէն:

Մրցաշարքը կ՛աւարտի 2 մարտին:

ՄԱՇՀԱՏԻ մէջ (Իրան) տեղի ունեցած ճատրակի միջազգային մրցաշարքը աւարտեցաւ իրանցի ճատրակ խաղացող Օմիտ Նորուզիի յաղթանակով` նկատի ունենալով, որ ան առաւելագոյն 10 կէտէն 9,5 կէտ ապահովելով տիրացաւ տիտղոսին:

Հայաստանի ճատրակի ֆետերասիոնին պաշտօնական կայքէջը լուրը հաղորդելով կ՛եզրափակէ, որ Սարգիս Մանուկեան ապահովեց 6,5 կէտ, իսկ Արմինէ Բաբայեան` 6 կէտ:

 

Share this Article
CATEGORIES