Սպանիոյ Ֆութպոլի Բաժակի Մրցաշարք. Աթլեթիքօ Մատրիտ – Ռէալ Մատրիտ Աւարտական` Յառաջիկայ 18 Մայիսին

Յառաջիկայ 18 մայիսին տեղի պիտի ունենայ Սպանիոյ ֆութպոլի բաժակի մրցաշարքին («Քինկզ Քափ») աւարտական հանգրուանի մրցումը, որուն ընթացքին իրարու դէմ պիտի ճակատին Աթլեթիքօ Մատրիտ եւ Ռէալ Մատրիտ:

Հետեւելով Ռէալի օրինակին` Աթլեթիքօ իր կարգին ապահովեց աւարտականի իր տոմսը, հակառակ անոր որ կիսաւարտականի դարձի մրցումին 2-2 արդիւնքով հաւասարութիւն մը արձանագրեց Սեւիլլայի հետ: Աթլեթիքօ երթին իր դաշտին վրայ յաղթած էր 2-1 արդիւնքով` շնորհիւ Տիեկօ Քոսթայի նշանակած երկու կոլերուն:

Դարձի մրցումին եւս Քոսթա կոլ մը նշանակեց, իսկ երկրորդ կոլը նշանակեց Ռատամել Ֆալքաօ:

Իր նշանակած այս կոլէն ետք, Քոսթա այս մրցաշարքին գծով 7-ի բարձրացուց իր նշանակած կոլերուն ընդհանուր հաշիւը` մէկ կոլով գերազանցելով Քրիսթիանօ Ռոնալտոն (Ռէալ Մատրիտ) եւ Ալվարօ Նեկրետոն (Սեւիլլա):

Նշենք, որ 2010-ի աւարտականին Սեւիլլա 2-0 արդիւնքով յաղթելով Աթլեթիքօ Մատրիտէն տիրացած էր տիտղոսին:

 

Share this Article
CATEGORIES