Ֆութսալ. Լիբանանի Բ. Դասակարգի Ախոյեանութիւն. Վաղը Պիտի Վճռուի Ախոյեանին Անունը

Լիբանանի ֆութսալի Բ. դասակարգի ախոյեանութեան ֆայնըլ-սիքսի 4-րդ եւ վերջին հանգրուանի մրցումը, որ իրարու դէմ պիտի հանէ լիբանանեան բանակը եւ Ղըպէյրիի քաղաքապետութիւնը, պիտի ըլլայ շատ կարեւոր, որովհետեւ անիկա պիտի վճռէ ախոյեանին անունը:

Մրցումը, որ տեղի պիտի ունենայ «Էմիլ Լահուտ» համալիրին մէջ (Մար Ռուքոզ), պիտի սկսի վաղը, երեկոյեան ժամը 19:00-ին:

Իր կատարած վերջին մրցումին, լիբանանեան բանակը, որ 12 կէտով կը գրաւէ առաջին դիրքը, 7-1 արդիւնքով յաղթեց Նըժմեթ Խալիժի, իսկ 10 կէտով երկրորդ դիրքին վրայ գտնուող Ղըպէյրի 7-0 արդիւնքով յաղթեց Ռապիհի:

Այլ գետնի վրայ, Սեն Ժոզեֆ համալսարանը 2012-2013 տարեշրջանը աւարտեց ձեռնունայն, որովհետեւ դուրս մնաց Լիբանանի վոլիպոլի բաժակի մրցաշարքէն, երբ 1-16-րդ հանգրուանի մրցումներուն 10-7 արդիւնքով անակնկալ պարտութիւն մը կրեց Հատաֆէն:

Ժամհուր, որ արդէն իսկ փոխադրուած է Բ. դասակարգ, ապահովեց քառորդ աւարտականի իր տոմսը` 12-7 արդիւնքով յաղթելէ ետք Քալամունի:

Նշենք, որ բաժակի մրցաշարքին բոլոր մրցումներն ալ տեղի պիտի ունենան «Էմիլ Լահուտ» համալիրին մէջ:

 

 

Share this Article
CATEGORIES