Ֆութպոլի Բարեկամական Մրցում. Սպարտակ – Ռոզենպըրկ` 2-0. Մովսիսեան` Տուպլի Հեղինակ
ArmSport.am հայկական լրատուական կայքէջը կը հաղորդէ, որ Սպանիոյ մէջ ուսումնամարզական հաւաք կատարող Սպարտակ Մոսկուա ֆութպոլի բարեկամական մրցումի մը ընթացքին 2-0 արդիւնքով յաղթած է նորվեկիական Ռոզենպըրկ խումբին:
Սպարտակի կազմէն տուպլի հեղինակ դարձած է Հայաստանի ֆութպոլի ազգային խումբի միջազգային յառաջապահ Եուրա Մովսիսեան, որ իր կոլերը նշանակած է 24-րդ եւ 54-րդ վայրկեանին:
Մովսիսեան, որ 66-րդ վայրկեանին փոխարինուեցաւ այլ մարզիկով մը, նոր ապաքինած էր իր ստացած վնասուածքէն:
CATEGORIES Մարզական

