Թենիսի «Ինտիըն Ուելզ»-Ին Մասնակցելու Համար Դաւիթ Նալպանտեան Ստացաւ Յատուկ Հրաւէր Մը
Իր լուրը քաղելով gotennis.ru կայքէջէն` PanArmenian.Net լրատուական կայքէջը կը յայտնէ, որ արժանթինահայ Դաւիթ Նալպանտեան յատուկ հրաւէր մը ստացած է իր մասնակցութիւնը բերելու համար «Ինտիըն Ուելզ»-ի թենիսի միջազգային մրցաշարքին, որ ճանչցուած է իբրեւ «Պի. Էն. Փի. Փարիպաս օփըն» մրցաշարք:
Անոր մասնակցելու համար հրաւէրներ ստացած են նաեւ աւստրալիացի Լէյթըն Հուիթ, սպանացի Թոմի Ռոպրետօ, ամերիկացիներ Ճէյմս Պլէյք, Թիմ Սմիչեք եւ Սթիւ Ճոնզ:
Նշենք, որ մրցաշարքը տեղի պիտի ունենայ 4-17 մարտին:
CATEGORIES Մարզական

