Պատանիներու Առաջին Ամառնային Մարզական Խաղեր` Երեւանի Եւ Մարզերու Մարզական Հաւաքական Խումբերու Միջեւ
Իր տեղեկութիւնները քաղելով Հայաստանի երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարարութենէն` «ԱՐՄԵՆՓՐԵՍ» լրատու գործակալութիւնը կը յայտնէ, որ նախարարութեան նախաձեռնութեամբ առաջին անգամ ըլլալով տեղի պիտի ունենան պատանիներու ամառնային մարզական խաղեր` Երեւանի եւ մարզերու մարզական հաւաքական խումբերուն միջեւ:
Այս խաղերը տեղի պիտի ունենան երեք հանգրուանով եւ պիտի կիրարկուին հետեւեալ 11 մարզաձեւերը. աթլեթիզմ, պասքեթպոլ, կռփամարտ, ազատ ոճի ըմբշամարտ, յունա-հռոմէական ըմբշամարտ, ծանրաբարձութիւն, հենտպոլ, ժիւտօ, ճատրակ, փինկ փոնկ եւ վոլիպոլ:
Առաջին հանգրուանը տեղի պիտի ունենայ յառաջիկայ ապրիլ-մայիսին` Հայաստանի բոլոր շրջաններուն մէջ:
Երկրորդ հանգրուանը տեղի պիտի ունենայ յառաջիկայ սեպտեմբերին, ապա` երրորդ եւ վերջին հանգրուանը:
Կը կարծուի, որ 2-րդ եւ 3-րդ հանգրուանի մրցումներուն իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն աւելի քան 2000 մարզիկներ:
Իր խօսքին մէջ, երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար Հրաչեայ Ռոստոմեան ըսաւ. «Այսպիսի մրցումներն են, որոնք մեզի կարելիութիւն կ՛ընձեռեն ի յայտ բերել խոստմնալից շատ մարզիկներ, որոնք բնականաբար պիտի ըլլան մեր ապագայի ախոյեանները: Այս խաղերուն ընթացքին արձանագրուած մարզական արդիւնքներուն հիման վրայ պիտի ամբողջանան Հայաստանի հաւաքականի խումբերուն կազմերը` 2014-ի պատանիներու ողիմպիականի խաղերէն առաջ: Կը մտադրենք, որ այս խաղերը դառնան աւանդական: Յուսանք յաջողինք մեր առաքելութեան մէջ` ապագայի իմաստով»:

