«Սփորթ 360» Օրաթերթին Հետ Իր Կատարած Հարցազրոյցին Ընթացքին Թէօ Պաքըր Յայտարարեց, Որ Յուսալքուած Է

Լիբանանի ֆութպոլի ազգային խումբի գերմանացի մարզիչ Թէօ Պաքըր «Սփորթ 360» օրաթերթին հետ (Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ) իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին ըսաւ, որ յուսալքուած է եւ այժմ վստահ չէ, որ պիտի շարունակէ՞ իր պաշտօնը, երբ ի յայտ եկաւ, որ լիբանանցի 24 մարզիկներ կախակայուեցան, երբ ի յայտ եկաւ եւ փաստուեցաւ, որ անոնք միջազգային եւ տեղական մրցումներուն գծով կաշառակերութեամբ զբաղած են:

Երէկ լուրը փոխանցած «ՌՈՅԹԸՐԶ» լրատու գործակալութիւնը աւելցուց, որ Պաքըր շատ հաւանաբար կարեւոր հանդիպում մը ունենայ Լիբանանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին հետ` վճռելու համար իր ապագան Լիբանանի հետ:

«Մեծապէս տխրած եմ կատարուածին համար, որովհետեւ չէի ակնկալեր, որ նմանօրինակ բան մը կրնայ պատահիլ: Իսկապէս որ յուսալքուած եմ, որովհետեւ նմանօրինակ բան մը չէի ակնկալեր կարգ մը մարզիկներէ, որոնց կը վստահէի: Մեծ անակնկալի դիմաց գտայ ինքզինքս եւ ատիկա ինծի զօրաւոր հարուածի մը նման թուեցաւ` նկատի ունենալով, որ մեծ ճիգ կը թափէի եւ իմ ամէն կարելիս կ՛ընէի, որպէսզի զօրաւոր կազմ մը պատրաստեմ: Միւս կողմէ սակայն, կատարածիս փոխարէն ի յայտ եկան անխելքներ եւ յիմարներ, որոնք ամէն ինչ կործանեցին», նշեց գերմանացի մարզիչը` իր այդ հարցազրոյցին մէջ:

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )