Կիկզ Մէկ Տարուան Նոր Պայմանագրութիւն Մը Ստորագրեց Եունայթըտի Հետ
Երէկ` ուրբաթ, 1 մարտին, Մանչեսթըր Եունայթըտի միջնապահ Ռայըն Կիկզ մէկ տարուան նոր պայմանագրութիւն մը ստորագրեց իր ակումբին հետ, յայտնեց «ՌՈՅԹԸՐԶ» լրատու գործակալութիւնը:
Կալեսցի Կիկզ, որ յառաջիկայ նոյեմբերին պիտի ըլլայ 40 տարեկան, Եունայթըտի հետ իր առաջին մրցումը կատարեց մարտ 1991-ին: Ան իր ակումբին հետ մրցանիշ հաստատեց, երբ դաշտ ներկայացաւ 931 մրցումի` նշանակելով 168 կոլ:
Ան Եունայթըտի հետ 12 անգամ հանդիսացած է Անգլիոյ ախոյեան, չորս անգամ տիրացած Անգլիոյ բաժակին, երեք անգամ` լիկայի բաժակին եւ երկու անգամ ալ` «Չեմփիընզ լիկ»-ի մրցաշարքի տիտղոսին:
CATEGORIES Մարզական

