Ընթրիքի Յատուկ Երեկոյով Մը Լիբանանի Աթլեթիզմի Ֆետերասիոնը Պարգեւատրեց Ապտալլա Շեհապը Եւ Կատարեց Մրցանակաբաշխութիւն
Հովանաւորութեամբ Լիբանանի երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար Ֆայսալ Քարամէի, ընթրիքի յատուկ երեկոյով մը, որ տեղի ունեցաւ «Մհաննա» ճաշարանին մէջ (Ժալ էլ Տիպ), Լիբանանի աթլեթիզմի ֆետերասիոնը պարգեւատրեց իր նախկին նախագահ Ապտալլա Շեհապը, ինչպէս նաեւ կատարեց 2012 տարուան մրցանակաբաշխութիւնը:
Այս պարգեւատրումին ներկայ էին նախարար Քարամէի ներկայացուցիչը` Եասեր Ապպուշի, Լիբանանի ողիմպիական կոմիտէի նախագահ Ժան Համմամ, Լիբանանի երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարարութեան ընդհանուր տնօրէն Զէյտ Խիամի, Լիբանանի աթլեթիզմի ֆետերասիոնի նախագահ Ռոլան Սաատէ եւ բոլոր անդամները, ֆետերասիոնին նախկին անդամները, ակումբներու նախագահներ եւ պատասխանատուներ, տարբեր կուսակցութիւններու մարզական միութիւններու պատասխանատուներ, մարզիկներ եւ մեծ թիւով լրագրողներ:
Ֆետերասիոնին նախագահը մեծ դրուատիքով խօսեցաւ Շեհապի մասին` նշելով, որ 38 երկար տարիներ ստանձնելով նախագահի պաշտօնը, ան մեծապէս նպաստեց այս մարզաձեւին վերելքին` թէ՛ տեղական եւ թէ՛ միջազգային գետնի վրայ:
Ան շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր ներկաներուն եւ ի մասաւորի` մարզական լրագրողներուն:
Շեհապի մասին գովասանքով արտայայտուեցաւ նաեւ Ապպուշի: Ան շեշտեց այն կարեւոր կէտը, որ նախարարութիւնը միշտ զօրավիգ պիտի կանգնի այս ֆետերասիոնին:
Վերջապէս, վերջին խօսք առնողը եղաւ Շեհապ, որմէ ետք տեղի ունեցաւ մրցանակաբաշխութիւնը բոլոր այն մարզիկներուն, որոնք նախորդ տարի` 2012-ին, տիրացած էին առաջնութիւններու, մետալներու, ինչպէս նաեւ հաստատած էին մրցանիշներ: