Այս Տարեշրջանի Աւարտին Ռաֆայէլ Պենիթես Պիտի Լքէ Չելսին

Սպանացի մարզիչ Ռաֆայէլ Պենիթես պաշտօնական յայտարարութեամբ մը ելոյթ ունենալով ըսաւ, որ այս տարեշրջանի աւարտին պիտի լքէ իր կազմը, որովհետեւ ինքզինք հանգիստ չի զգար լոնտոնեան կազմին հետ:

1960-ին Մատրիտի մէջ ծնած Պենիթես, որ նախորդ նոյեմբերին նշանակուեցաւ Չելսիի մարզիչ` փոխարինելով պաշտօնազրկուած Ռոպերթօ Տի Մաթէոն, երբեք չէ կրցած ժողովրդականութիւն շահիլ եւ սիրուիլ խումբին համակիրներուն կողմէ:

Ան եղած է ստորեւ տրուած ակումբներուն մարզիչը. Ռէալ Մատրիտ Բ. խումբ, ՌԷալ Վայատոլիտ, Օսասունա, Էքսթրեմատուրա, Թեներիֆէ, Վալենսիա, Լիվըրփուլ եւ Ինթեր Միլան:

 

Share this Article
CATEGORIES