Եւրոպայի 21 Տարեկանէն Վար 2015-ի Ախոյեանութիւն. Հայաստան – Ղազախստան Մրցումը` 11 Օգոստոսին

Իր լուրը քաղելով Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին պաշտօնական կայքէջէն` PanArmenian.Net լրատուական կայքէջը երէկ հաղորդեց, որ 2015-ի Եւրոպայի 21 տարեկանէն վար ախոյեանութեան զտումի մրցաշարքին ծիրին մէջ, սկզբունքով Հայաստան Ղազախստանի դէմ իր առաջին մրցումը պիտի կատարէ յառաջիկայ 13 օգոստոսին:

Սակայն երկկողմանի համաձայնութեամբ այդ մրցումին ժամկէտը փոխուած է եւ այժմ անիկա տեղի պիտի ունենայ յառաջիկայ 11 օգոստոսին:

Հայրենի կազմը, որ վիճակաձգութեան ընթացքին (31 յունուարին) մաս կազմեց 10-րդ խմբակին, զտումի մրցումներուն իրեն մրցակից պիտի ունենայ Ֆրանսան, Պիելոռուսիան, Իսլանտան եւ անշուշտ Ղազախստանը:

Share this Article
CATEGORIES