Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Այսօր` Անուար – ՀՄԸՄ Պէյրութ
Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Բ. դասակարգի ախոյեանութեան դարձի 4-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, այսօր` շաբաթ, 2 մարտին, ՀՄԸՄ Պէյրութ հիւրը պիտի ըլլայ Անուարի: Մրցումը, որ տեղի պիտի ունենայ Միշել Մըրի անուան համալիրին մէջ, պիտի սկսի յետմիջօրէի ժամը 16:00-ին:
Նշենք, որ Բ. խմբակին մաս կազմող ՀՄԸՄ Պէյրութ ցարդ իր կատարած 10 մրցումներն ալ յաղթանակով աւարտած է:
CATEGORIES Մարզական