«Եթէ Իրան Մէկ Օր Հայաստանի Հետ Առեւտուր Չընէ, Հայաստան Սովահար Կը Մեռնի» Կ՛ըսէ Ազրպէյճանի Փոխվարչապետը

Ալի Հասանով

«Մարմարա» կը հաղորդէ, որ Ազրպէյճանի փոխվարչապետ Ալի Հասանով Պաքուի մէջ տեղի ունեցած համագումարի մը մասնակից թուրք լրագրողներու հարցումներուն պատասխանելով Իրանը մեղադրած է Հայաստանին պաշտպան կանգնելու եւ Թուրքիոյ կողմէ Հայաստանի դէմ հաստատուած շրջափակումը խանգարելու համար: «Եթէ Իրան մէկ օր Հայաստանի հետ առեւտուր չընէ, Հայաստան սովահար կը մեռնի», ըսած է Հասանով:

Ըստ Հասանովի, Ազրպէյճան միշտ սեղանի վրայ կը պահէ զինուորական լուծումի տարբերակը, սակայն ներկայ պահուս կը նախընտրէ բարելաւել իր քարիւղի ու բնական կազի եկամուտները եւ կ՛աշխատի ժողովուրդին բարօրութեան ի նպաստ:

Հասանով գովաբանած է Թուրքիան` նշելով, որ Անգարա վերջին վայրկեանին առկախեց Հայաստան-Թուրքիա ստորագրուած արձանագրութիւնները:

Փոխվարչապետը ըսած է, որ եթէ Ազրպէյճան Ղարաբաղի մէջ զինուորական քայլի դիմէ, իր դէմ պիտի գտնէ ոչ թէ Հայաստանը, այլ` Ռուսիան: Այս պատճառով ալ պէտք է լաւ մտածել: Ազրպէյճան պէտք է հասնի ռուսերուն դէմ պայքարելու մակարդակին: «Հայաստա՞նն էր, որ բռնագրաւեց մեր հողերը: Ո՛չ: Հայաստանի ուժը կը բաւէ՞ այսպիսի բանի մը: Այդ հողերը, որոնք իմ ալ ծննդավայրս են, գրաւուեցան ռուսերուն աջակցութեամբ: Ես աչքերովս տեսայ, որ ռուս զինուորը հրասայլէն դուրս եկաւ ու հայ զինուորին հետ շամփայն խմեց», ըսած է Հասանով:

Ազրպէյճանի փոխվարչապետը պաշտպանած է այն կարծիքը, թէ Լեռնային Ղարաբաղի հարցի լուծումը կախեալ է Միացեալ Նահանգներէն: Ըստ անոր, եթէ Ուաշինկթըն ուզէ, այս խնդիրը կը լուծուի, սակայն Ուաշինկթըն չի փափաքիր Ռուսիոյ հետ բախումի մէջ մտնել: Ուստի ան գոնէ պէտք է Հայաստանը ազատէ Ռուսիոյ ազդեցութենէն:

Հասանով նաեւ մեղադրեց համաշխարհային հանրային կարծիքը, որ լռութիւն պահեց Լեռնային Ղարաբաղի բռնագրաւման փաստին նկատմամբ: «Ամբողջ աշխարհը գիտէ, որ Հայաստան հիմա մեր բռնագրաւուած հողերուն վրայ ահաբեկիչներ կը մարզէ եւ զանոնք կը ղրկէ պատերազմի դաշտ, հոն է, որ Հայաստան նաեւ թմրեցուցիչի մաքսանենգութիւն կ՛ընէ», ըսած է Հասանով:

 

Share this Article
CATEGORIES