Թրքական Ոստիկանութիւնը Սամաթիոյ Մէջ Հակահայ Յարձակումներու Հարցով Ձերբակալած Է Հայ Մը
«Հիւրրիյեթ» կը հաղորդէ, որ թրքական ոստիկանութիւնը երէկ Պոլսոյ Սամաթիոյ թաղամասին մէջ տարեց հայ կիներու դէմ վերջերս տեղի ունեցած յարձակումներու հարցով Պոլսոյ Ֆաթիհ շրջանին մէջ ձերբակալած է 40-ամեայ Մուրատ Նազարեանը:
«Հիւրրիյեթ» կը հաղորդէ, որ կասկածեալը առանձին կ՛ապրի եւ, ըստ անանուն աղբիւրներու, յարձակումները գործած է գողութեան նպատակով:
28 դեկտեմբեր 2012-ին Մարիցա Քիւչիւք Սամաթիոյ իր բնակարանին մէջ եօթը անգամ դաշունահարուած էր, նախքան վիզը կտրուիլը: Հայ տարեց կիներու դէմ երկու այլ յարձակումներ տեղի ունեցան Սամաթիա եւ Պաքիրքէօյ շրջաններուն մէջ: 87-ամեայ Թըրֆանտա Աշըք աչքը կորսնցուց, իսկ այլ կին մը ծանր վէրքեր ստացաւ: Աւելի ուշ 84-ամեայ Սուլթան Աքիար եւս Սամաթիոյ մէջ յարձակումի ենթարկուելով աչքը կորսնցուց:
27 յունուարին Սամաթիոյ մէջ վերոնշեալ յարձակումներուն դէմ բողոքի քայլարշաւ մը տեղի ունեցաւ:

