ՀՄԸՄ Մասնակցեցաւ Լիբանանի Աթլեթիզմի Ֆետերասիոնին Կազմակերպած Քրոս-Քաունթրիի Մրցումին

Լիբանանի Աթլեթիզմի ֆետերասիոնին կազմակերպած քրոս քաունթրիի կամ երկար վազքի անհատական եւ խմբային մրցումը տեղի ունեցաւ կիրակի, 3 մարտ 2013-ին, Պաապտայի Ժամհուրի մարզադաշտին վրայ: Լիբանանեան մնացեալ ակումբներուն նման ՀՄԸՄ-ի աթլեթիզմի ներկայացուցչական խումբը, ՀՄԸՄ-ի աթլեթիզմի յանձնախումբին եւ գործակցաբար ՀՄԸՄ-ի ԼԵՎԱՄ-ի յանձնախումբին, իր մասնակցութիւնը բերաւ ներկայացնելով ՀՄԸՄ Պէյրութը եւ ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտը: Մրցումները սկսան առաւօտեան ժամը 7:30-ին եւ աւարտեցան կէսօրուան ժամը 12:30-ին:

Ստորեւ կը ներկայացնենք ՀՄԸՄ-ի ներկայացուցչական խումբի մարզիկներուն անունները.

Սարօ Իսկենեան, Ճիօ Գալուստ, Շանթ Իսքենտարպապա, Ճիորճիօ Ֆըղալի, Շատի Պութանոս, Ուալիտ Խուրի, Քլոուէ Պութանոս, Յարութ Մարկոսեան, Արի Աւետիս, Հրակ Թորոսեան, Քրիսթոֆըր Ուատիղ, Մարինա Պութանոս, Քարէն Պաշուր, Սանտրա Նատաֆ, Յովիկ Պէրպէրեան, Հրակ Գըլըպոզեան, Էլի Բիլաւճի, Անդրանիկ Ղազարեան, Զոհրապ Մըղտետեան, Րաֆֆի Քեչեճեան, Արամ Աբրահամեան, Կարօ Փիլիպոսեան, Հարօ Սողոմոնեան, Կարօ Պարտագճեան, Սերին Սարգիսեան, Մարի Լին Խուրի, Տիգրան Զէնեան, Հրակ Ճիյանշահեան, Փաթիլ Գէորգեան, Գրիգոր Խաչատուրեան եւ Օհաննէս Շիտիաք:

ՀՄԸՄ-Ի ԱԹԼԵԹԻԶՄԻ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲ

 

Share this Article
CATEGORIES