ՀԱՅՐԵՆԻ «ԵՐԳ ԵՐԳՈՑ»Ը ՀՄԱՅԵՑ ԼԻԲԱՆԱՆԱՀԱՅ ԳԵՂԱՐՈՒԵՍՏԱՍԷՐ ՀԱՆԴԻՍԱԿԱՆՆԵՐԸ

Մայիս ամիսը բախտաբեր եղաւ Լիբանանի հայ արուեստասէր հասարակութեան համար: Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութիւնը հաճելի եւ արժէքաւոր նուէր մը տուաւ մեր ժողովուրդին` Պէյրութ հրաւիրելով հայրենի «Երգ երգոց»ի երգիչներու խմբակ մը, նուագախումբի ընկերակցութեամբ:

Մայիս 10 եւ 11, 2011-ին տեղի ունեցան այս երգահանդէսները, լեցուն սրահը թնդացնողներով: Ղեկավարութեամբ «Երգ երգոց»ի հաղորդավար Խորէն Լեւոնեանին, երգիչները հանդէս եկան` միացած լիբանանահայ երգիչ-երգչուհիներու վեց հոգինոց խմբակին:

Հայաստանէն հրաւիրուածներն էին երգիչներ` Վարդան Բադալեան, Արմէն Դարբինեան, երգչուհիներ` Ռուզան Անդրէասեան եւ Աննա Խաչատրեան:

Լիբանանէն մասնակցեցան երգչուհիներ` Քարմեն Աճեմեան, Լուսին Տեմիրճեան, Իվոն Այվազեան, երգիչներ` Կարօ Կապուտակեան, Հրաչ Կայծակեան եւ Կարօ Յակոբեան:

Համազգայինի սէրն ու նախանձախնդրութիւնը հայ մշակոյթի պահպանման, Հայաստան-սփիւռք կամուրջին զօրեղ կապին ամրացման` եղաւ յոյժ արդիւնաւէտ: Շաբաթ մը ամբողջ ցնծութիւն ապրեցաւ Լիբանանի մեր ժողովուրդը, վայելեց ներկայութիւնը Հայաստանի արուեստագէտներուն, երաժիշտներուն, երգիչ-երգչուհիներուն, որոնք հայ հարազատ երգերու ներկայացումներով ամրացուցին մեր սէրը` հանդէպ հայ մշակոյթին եւ գեղարուեստին, որով միայն կարելի է պահել մեր ինքնուրոյն գոյութիւնը:

Հիանալի կատարումներ եղան հայրենի արուեստագէտներուն, ինչպէս նաեւ լիբանանահայ երգիչներուն մասնակցութեամբ ընծայուած երգերը:

Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան իրագործումները 2011-ին եղան աննախընթաց ձեռնարկներու յայտնաբերում: Քանի մը ամիս առաջ վայելեցինք հայրենի թատրոնին բարիքները, եռօրեայ ներկայացումներով, «Յ. Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ:

Մայիս 10 եւ 11 2011-ին «Երգ երգոց»ը ըմբոշխնեցինք, դարձեա՛լ «Յ. Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ, հանդիսականներու հոծ բազմութեամբ: Հայաստան-սփիւռք փոխասացութիւնը հարկ է որ շարունակուի հայկական միասնականութեան զօրացման հաշուոյն: Առանց միասնութեան` չունինք փրկութիւն: Մասնաւորաբար նոր սերունդին հայեացքները դէպի մեր մշակոյթը ուղղելու պատասխանատուութիւնը ներկայ գործող սերունդին ճիտին պարտքն է: Ըսենք նաեւ, որ սփիւռքը լաւ կը ճանչնայ Հայաստանը եւ անոր քաղաքական թէ մշակութային անցուդարձերը: Կը կարծենք, որ Հայաստան քիչ ծանօթ է սփիւռքի ներուժին, եւ այս ծանօթացման հարցը փոխադարձի իմաստով որքան զօրանայ, այնքան կը շահի մեր համահայկական զօրութիւնը: Այս տարի եղաւ փորձ մը Լիբանանէն սկսեալ, «Երկու աստղ», ապա «Երգ երգոց» հաղորդաշարերու գործնական մատուցմամբ: «Խօսքէն անցանք գործի», ըսաւ հայրենի արուեստագէտ Վիգէն Ստեփանեան, ի տես այս յաջողութեան, որուն մղիչ ուժը եղաւ նաեւ ինք:

«Երգ երգոց» հաղորդաշարի հաղորդավար, հայրենի տաղանդաւոր արուեստագէտ, երգիչ ու դերասան եւ այլ յատկանիշներով ու շնորհներով օժտուած Խորէն Լեւոնեանի ազգասիրական զգայնութիւնը եւս կատարեց իր դերը` նախաձեռնութեան փառաւոր յաջողութեան: Այս առիթով լիբանանահայ գեղարուեստական կեանքին մէջ կրցանք դիմաւորել երկու նորափայլ աստղեր, երգի մարզերուն մէջ. Լուսին Տեմիրճեան եւ Իվոն Այվազեան, երկուքն ալ երիտասարդական տարիքին թեւակոխած տաղանդաւոր աղջիկներ, որոնք կը յուսադրեն մեզ երգարուեստի ճանապարհին:

Մէկ խօսքով անմոռանալի հանդիպումներ եղան երկօրեայ երգային մատուցումները` մասնակցութեամբ հայրենի սքանչելի ու տաղանդաւոր արհեստավարժ նուագողներուն, որոնց արուեստին զօրութեամբ առաւել փայլեցան երգահանդէսներու երեկոները:

Այս զոյգ հանդիպումներուն հաղորդավար Խորէն Լեւոնեան, թոռը տաղանդաշատ եւ միշտ յիշատակելի հայրենի դերասան Խորէն Աբրահամեանի, իր արուեստով եւ համակրելի ու անմիջական հաղորդականութեամբ, նաեւ մեներգային կատարումներով յաւելեալ փայլ մը բերաւ երեկոներուն` հանդիսականներուն խանդավառութիւնը բարձրացնելով գագաթնակէտին:

Այս նախաձեռնութիւնը ունեցաւ իր օրինակելի յայտնութիւնը: Որոշ է, թէ իւրաքանչիւր նախաձեռնութեան յաջողութիւնը կը վերագրուի բարձրաձայն «այո»ի մը, որ քաջութիւն եւ ինքնավստահութիւն է անկասկած: Եթէ Երեւանի մէջ «Երգ երգոց»ի կատարման աւարտին Համազգայինի ատենապետին` Յակոբ Լատոյեանի ինքնաբուխ եւ հաստատակամ «այո»ն չլսուէր, այս մեծ եւ հրճուանք առթող երգահանդէսները պիտի չունենայինք: Վարձքդ կատար Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութիւն: Շնորհակալութիւն հայրենի «Երգ երգոց»ի հաղորդաշարի պատասխանատուներուն, վարիչներուն, Վիգէն Ստեփանեանին, Խորէն Լեւոնեանին եւ մեզի անծանօթ միւս ջանադիրներուն:

Կը մաղթենք, որ նոյն ոգեւորութիւնը ունենան նաեւ մեր միւս գաղութները, որպէսզի երկարի ու առաւել ամրանայ Հայաստան-սփիւռք միասնական գործակցութեան կամուրջը, վասն մեր ազգային նպատակասլաց վերելքին:

ՇԱՀԱՆԴՈՒԽՏ

Share this Article
CATEGORIES