«Ներշնչումներ Գիւմրիէն»

Մայրենի հողի անուշ զեփիւռը անգամ մը եւս այցելեց Հայկազեան համալսարանի «Մաթոսեան» ցուցասրահը` բացումը կատարելով «Ներշնչումներ Գիւմրիէն» խորագրով ցուցահանդէսին:

Փետրուար 28-ի երեկոյեան ժամը 6:00-ին համալսարանի արուեստի կեդրոնը, բարձր հովանաւորութեամբ Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպանին, հիւրընկալեց հայրենի 6 գեղանկարիչներու 66 ստեղծագործութիւնները:

Բացման պաշտօնական հանդիսութեան ներկայ արուեստասէր եւ արուեստագէտ հասարակութիւնը ողջունեց Հայկազեան համալսարանի նախագահ վեր. դոկտ. Փոլ Հայտոսթեանը: Ան  շեշտեց մշակոյթի, ինքնութեան եւ պատկանելիութեան կարեւորութիւնը` զանոնք սեպելով համալսարանի առաքելութեան կարեւոր մէկ մասը: Ան մեզի յիշեցուց, որ Հայաստանը միայն Երեւանը չէ, այլ նաեւ` Գիւմրին ու հեռաւոր բոլոր այն շրջանները, որոնք կը պահեն ու կը զարգացնեն մեր մշակոյթը:

Ապա, դեսպան Աշոտ Քոչարեան անգլերէնով ողջոյնի խօսք ուղղեց ներկաներուն` կարեւոր տեղեկութիւններ փոխանցելով Գիւմրիի անցեալին եւ ներկային մասին: Քոչարեան դիտել տուաւ, որ 1988-ի ահաւոր երկրաշարժէն քարուքանդ եղած բազմադարեան Գիւմրին ու Սպիտակը կարողացան յաղթել մահուան` շարունակելով իրենց ընթացքը եւ ծաղկիլ որպէս մշակութային ոստան: Նշենք, որ Գիւմրին այս տարի կը դառնայ ԱՊՀ երկիրներու արուեստի մայրաքաղաքը:

Հայաստանի վերածնած քաղաքէն մեր տրամադրութեան տակ դրուած ստեղծագործութիւնները կը պատկանին վաստակաշատ աշակերտ եւ դասատու արուեստագէտներու: Ներկայացուցչական խմբակը կը բաղկանայ` Վահագն Ղուկասեանէն, Արփինէ Համբարեանէն, Տաթեւիկ Հարթենեանէն, Գարիկ Մանուկեանէն, Արտակ Փիլոսեանէն, առաջնորդութեամբ Գիւմրիի գեղարուեստի ակադեմիայի տնօրէն, գեղանկարիչ Համբարձում Ղուկասեանին:

Ղուկասեան իր կարգին շնորհակալութիւն յայտնեց Հայկազեան համալսարանին, նաեւ «Գոհար» համոյթի գլխաւոր հովանաւոր, Գիւմրիի երաժշտական դպրոցի հիմնադիր Յարութ Խաչատուրեանին եւ ցուցահանդէսին անձնապէս ներկայ գտնուող Գոհար Խաչատուրեանին:

Բացումի ընթացքին ներկաները առիթ ունեցան աւելի մօտէն ծանօթանալու արուեստագէտներուն ու անոնց գործերուն:

Իւրաքանչիւր արուեստագէտ յատուկ է իր ոճով, զգացումներով, ապրումներով եւ արտայայտութեամբ, անոնցմէ իւրաքանչիւրին իւրայատկութիւնը յստակ է անոնց հրաշալի գործերուն մէջ: Հանդիսատեսը, այցելելով «Մաթոսեան» սրահ, պիտի այցելէ իր տունը, իր հայրենիքը, իր Հայաստանը:

Նշենք որ ցուցահանդէսը բաց է բոլորին մինչեւ երկուշաբթի, 11 մարտ 2013, առաւօտեան ժամը 10:00-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 7:00, բացի կիրակի օրերէն:

ՀԱՅԿԱԶԵԱՆ ՀԱՄԱԼՍԱՐԱՆ
ՀԱՆՐԱՅԻՆ ԿԱՊԵՐՈՒ ԳՐԱՍԵՆԵԱԿ

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )