Արցախեան Ազատագրական Պայքարի 25-ամեակի Հանդիսութեան Ընթացքին Աշակերտները Ուխտեցին Սատար Կանգնիլ Արցախին
Արցախեան ազատագրական պայքարի նախաձեռնութիւններու շրջագիծին մէջ, կազմակերպութեամբ Մեսրոպեան վարժարանի աշակերտական խորհուրդի տեղեկատուական-ուսումնասիրական խմբակին, ուրբաթ, 22 փետրուար 2013-ին, կէսօրէ առաջ ժամը 11:30-ին, վարժարանի «Ֆարաճեան» լսարանին մէջ տեղի ունեցաւ տօնակատարութիւն` մասնակցութեամբ երկրորդական դասարաններու աշակերտներուն:
Հանդիսութեան բարի գալուստի խօսքը արտասանեց Տեսիլ Քէշիշեան, որ նշեց, թէ Արցախի յաղթանակը կերտուած է հերոսներու արեան կաթիլներով, եւ որուն իրագործման մէջ լիբանանահայերը անմասն չեն մնացած եւ բերած են իրենց նուիրական մասնակցութիւնը: Քէշիշեան ըսաւ, որ հայ աշակերտները պէտք է լաւապէս ճանչնան Արցախին պատմութիւնն ու հարցերը եւ դառնան Արցախի արթուն պահակները:
Ապա Կասիա Էճիտեան (կիթառ), Լորի Մոմճեան (կիթառ) եւ Նարեկ Չերչեան (սրինգ) նուագեցին արցախեան երգեր: Օրուան դասախօսն էր «Ազդակ» օրաթերթի աշխատակից Արշօ Պալեան, որ ներկայացուց արցախեան ազատագրական պայքարին պատմութիւնը, քաջարի հերոսներու նուիրական աշխատանքն ու զոհաբերութիւնը: Ա. Պալեան մաղթեց, որ հայ աշակերտները ապագային այցելեն Արցախ եւ տեսնեն այդ հողին կառչած մնալու ժողովուրդին կամքն ու զօրութիւնը: Ան ըսաւ, որ երիտասարդութիւնը պէտք է սատարէ Արցախի վերաբնակեցման եւ անոր բարգաւաճման աշխատանքին` մերժելով հողային զիջումներ կատարելու քաղաքականութիւնը, որովհետեւ արեան գնով ազատագրուած հողերը «նուէր» չեն տրուիր:
Աւարտին, իր սրտի խօսքը փոխանցեց Մեսրոպեան վարժարանի տնօրէն Կրեկուար Գալուստ, որ յայտնեց, թէ արցախահայութիւնը վերանորոգեց հայութեան մէջ յաղթանակի կամքն ու ոգին: Մեսրոպեանի տնօրէնը նշեց, որ Արցախի հերոսները իրենց քաջութեամբ եւ խիզախութեամբ կերտեցին հայ ժողովուրդի պատմութեան նորագոյն յաղթանակը: Կրեկուար Գալուստ ըսաւ, որ Արցախի օրակարգը հայ աշակերտին համար պէտք է դառնայ հետաքրքրութեան առանցք եւ ամէնօրեայ օրակարգ:
Յայտնենք, որ արցախեան նախաձեռնութիւններուն ծիրին մէջ, անցնող երկու շաբաթներուն ընթացքին տեղի ունեցաւ արտասանութեան, երգի եւ պատի թերթի մրցումներ, ինչպէս նաեւ` բազմատեսակ ձեռային աշխատանքներ, որոնք ստեղծեցին խանդավառութիւն եւ բարձրօրէն արժեւորեցին նահատակներուն նուիրական ոգին:
ՀԱՅ ԿԱԹՈՂԻԿԷ ՄԵՍՐՈՊԵԱՆ
ԲԱՐՁՐԱԳՈՅՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ
ՏԵՍՉԱԿԱՆ ԳՐԱՍԵՆԵԱԿ