«Գիշատիչներու Խրախճանքը» Թատրերգութեան Առիթով. Հարցազրոյց Ռոպերթ Առաքելեանի Եւ Համազգայինի «Գասպար Իփէկեան» Թատերական Միաւորի Վարչութեան Հետ
Հարցազրոյցը վարեց` ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ
Համազգայինի հիմնադրութեան 85-ամեակին նուիրուած ձեռնարկներու շրջագիծին մէջ Համազգայինի «Գասպար Իփէկեան» թատերախումբը 15 մայրտ 2013-էն սկսեալ հանրութեան պիտի ներկայանայ Վահէ Քաչայի «Գիշատիչներու խրախճանքը» թատրերգութեամբ, բեմադրութեամբ Ռոպերթ Առաքելեանի: Այս առիթով «Ազդակ» բեմադրիչին եւ թատերական միաւորի վարչութեան անդամներուն հետ ունեցաւ հարցազրոյց մը, զոր կը հրատարակենք ստորեւ:
«ԱԶԴԱԿ».- Համազգայինի հիմնադրութեան 85-ամեակին առիթով «Գ. Իփէկեան» թատերական միաւորին վարչութիւնը ի՞նչ աշխատանքներու նախաձեռնած է:
«Գ. ԻՓԷԿԵԱՆ» ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ.- Թատերական միաւորին վարչութիւնը, խորհրդակցաբար Շրջանային վարչութեան հետ, որոշեց այս յոբելենական տարուան առթիւ 2 թատրերգութիւններով ներկայանալ հանրութեան. առաջինը` «Գիշատիչներու խրախճանքը», երկրորդը` «Ճաղատ սոփրանոն»: Պատճառը այն է, որ նախ ուզեցինք 85-ամեակին առիթով աւելի մշակութային եռուզեռ ստեղծել գաղութին մէջ, եւ երկրորդ` երիտասարդ սերունդը կապել թատրոնին: Հակառակ անոր որ գաղութը զանազան տնտեսական դժուարութիւններ կը դիմագրաւէ, սակայն ուզեցինք անպայման 2 փիեսներով ներկայանալ, որովհետեւ նպատակ մը ունէինք: Բեմադրիչներէն մին Հայաստանէն եկած, փորձառու, վկայեալ Ռոպերթ Առաքելեանն է, իսկ երկրորդը` գաղութի հանրածանօթ ուժերէն բեմադրիչ Յակոբ Տէր Ղուկասեանն է: Այսպիսով, մենք անուղղակիօրէն սփիւռք-Հայաստան մշակութային եւ թատրոնի կամուրջ մը կը ստեղծենք:
Շուրջ 3 ամիսէ աշխատանքները սկսած ենք` վարչական տեսակէտով եւ առաւելագոյն չափով կը փորձենք նեցուկ կանգնիլ խումբին: Դժուարութիւններուն մեծ մասը շրջանցած ենք եւ մօտ օրէն բեմ պիտի ելլենք Համազգայինին վայել ձեւով եւ «Գ. Իփէկեան»-ին պատմութիւնը արդարացնող ոճով: Կը յուսանք, որ հայ թատերասէրին գոհացում պիտի կարենանք տալ:
«ԱԶԴԱԿ».- Պրն. Ռոպերթ, ի՞նչ չափանիշներով կը մօտենաք նիւթի ընտրութեան հարցին:
ՌՈՊԵՐԹ ԱՌԱՔԵԼԵԱՆ.- Յստակ է, որ նիւթին ճիշդ ընտրութիւնը յաջողութեան առաջին պայմանն է: Ես երբեք գրադարաններու մէջ թատերախաղ չեմ փնտռեր: Այժմէական գերխնդիր կրող արժէքաւոր ստեղծագործութիւնները կարծես իրենք կը յայտնուին սեղանիս վրայ: Նախընտրելի է, բայց` ոչ պայման, բեմադրել հայ հեղինակներու թատրերգութիւնները, եթէ անոնք յարմարին մեր դերասանական կազմին. նիւթական, թեքնիք հնարաւորութիւններուն… Այս չափանիշներուն պատճառով ընտրեցինք բարձրարժէք ստեղծագործութիւն մը` Վահէ Քաչայի «Գիշատիչներու խրախճանքը»:
«Ա.».- Որո՞նք են «Գիշատիչներու խրախճանքը»-ի ձեր բեմադրութեան գլխաւոր առանձնայատկութիւնները:
Ռ. Ա.- Հանդիսատեսը անմիջապէս կը զգայ մեր ներկայացման գեղագիտական նոր բացայայտումները, իւրօրինակ կշռոյթը եւ բեմադրական ինքնատիպ մեկնաբանութիւնը: Ներկայացումը կը նմանի հոգեբանական տարրալուծարանի, ուր կը վերլուծուին մարդկային արժանապատուութիւնն ու ստորնութիւնը, սէրն ու ատելութիւնը, բարեկամութիւնն ու թշնամանքը, երջանկութիւնն ու բարոյական վէրքերը:
Ծննդեան տարեդարձի մը ընթացքին ծագած միջադէպի մը պատճառով ներկաները կը յայտնուին աղէտաբեր փորձութեան դիմաց: Մենք «Գիշատիչներու խրախճանքը» չենք ներկայացներ ժամանակագրական ճշգրտութեամբ, այլ կը փորձենք դուրս ելլել 1942 թուականէն` առաւելաբար հետեւելով ներկայացման գերխնդրին:
«Ա.».- Ձեր ներկայացումները երբեք վարագոյր չունին: Ինչո՞ւ, ինչպէ՞ս կը բացատրէք այս մէկը:
Ռ. Ա.- Թատրոնը իր ստեղծման օրէն վարագոյր չէ ունեցած: Վարագոյրը թատրոնին անցած է եկեղեցւոյ խորանէն: Հանդիսատեսին հաճելի է սրահ մտնելով` ծանօթանալ բեմայարդարման, երեւակայել ներկայացման ոգին, զգալ, թէ ինչպէ՛ս կամաց-կամաց կեանք կ՛առնէ քարացած բեմանկարչութիւնը, երբ սկսի ներկայացումը:
Տեսարաններու փոփոխութեան ժամանակ նոյնպէս հարկ չկայ գոցելու վարագոյրը` կտրելով ներկայացման կշռոյթը կամ խաղալով հանդիսատեսի համբերութեան հետ, այլ կարելի է բոլոր անցումները իրագործել բեմադրուած տեսարաններով:
«Ա.».- Պրն. Ռոպերթ, 2 տասնամեակէ աւելի է, որ դուք Լիբանանի մէջ կը բեմադրէք, սակայն առաջին անգամն է, որ հանդիսատեսը ձեզ պիտի տեսնէ բեմին վրայ` որպէս դերասան: Այս ուղղութեամբ ի՞նչ ունիք ըսելիք:
Ռ. Ա.- Իմ սկզբունքս միշտ եղած է կա՛մ բեմադրել, կա՛մ խաղալ, սակայն պայմաններու բերումով երբեմն հարկ կ՛ըլլայ մէկ կողմ դնել սկզբունքները: Վիլքերի դերը, որ ստանձնած եմ, շատ բարդ է, ծաւալուն, բազմաշերտ ու հակասական հոգեվիճակներով յագեցած: Ներկայացումը ինքնին չափազանց բարդ է, սակայն մեր աշխատանքները ճիշդ ընթացքի մէջ են:
«Ա.».- Ձեր կողքին, որո՞նք դեր ստանձնած են «Գիշատիչներու խրախճանքը»-ին մէջ:
Ռ. Ա.- Այս թատրերգութեան մէջ դերեր ստանձնած են` Խաչիկ-Հրակ Տեմիրճեան, Յաւերժ Շխըրտըմեան, Նարեկ Առաքելեան, Նժդեհ Մկրտիչեան, Պարգեւ Սամուէլեան, Արմիկ Քերքեզեան եւ Ճորճ Այիթեան: Գրեթէ բոլորը իմ աշակերտներս եղած են եւ այդ պատճառով աւելի հաճելի է իրենց հետ բեմ ելլելս:
«Ա.».- Այս տարի Համազգայինի մեծ ընտանիքին համար յոբելենական տարի է: Այս առիթով ի՞նչ ունիք ըսելիք:
Ռ. Ա.- Այո՛, այս առիթով տեղի պիտի ունենան բազմաթիւ ձեռնարկներ, որոնց շարքին «Արեգ» թատերախումբը 12 ապրիլէն սկսեալ պիտի ներկայացնէ «Սասունցի Դաւիթ»-ը: Համազգայինի հիմնադրութեան 85-ամեակին առիթով կը շնորհաւորեմ Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութիւնը, բոլոր մասնաճիւղերը, գեղարուեստի դպրոցները, «Գասպար Իփէկեան» թատերախումբին վարչութիւնը, բոլոր գործընկերներս, մաղթելով անսպառ եռանդ եւ ճակատագրի բարեհաճութիւն` ստեղծագործական վերելքի իրենց ճանապարհին:
«Ա.».- Ի՞նչ կ՛ուզէք փոխանցել մեր ընթերցողներուն` որպէս վերջին խօսք:
Ռ. Ա.- Թատերական ներկայացումը թատերագրի, բեմադրիչի, դերասանի, բեմայարդարումի, ձայնի, լոյսի, բեմական իրերու, տարազներու եւ վարչական պատասխանատուներու համախումբ աշխատանքի արդիւնքն է:
Թատրոնը այն մեծ հիմնարկն է, որուն բազմաթիւ գործիչներու առանձնակի ջանքերը ներդաշնակօրէն կը կազմեն մէկ ամբողջական աշխատանք` ներկայացումը:
Իւրաքանչիւր ներկայացում երկար սպասուած ժամադրութիւն է հանդիսատեսին հետ եւ մենք անհամբեր կը սպասենք այդ հանդիպումին 15 մարտէն սկսեալ:
«Ա.».- Վարչութիւնը ի՞նչ ունի փոխանցելիք մեր ընթերցողներուն:
ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ.- Մեր մաղթանքն է, որ հայ երիտասարդը, որ ներկայիս դժուար պայմաններու մէջ կ՛ապրի բարոյապէս եւ նիւթապէս, նաեւ եթէ հայկական վարժարան յաճախելու առիթը չէ ունեցած եւ հեռու է հայ մշակոյթէ, անպայման ներկայ գտնուի եւ դիտէ մեր ներկայացումները, դիտէ հայ թատրոն եւ սիրէ մշակոյթը եւ, ինչո՞ւ չէ, նաեւ օր մը ինքն ալ դեր ստանձնէ թատրոնի մը մէջ:
Կ՛ուզենք շնորհակալութիւն յայտնել Շրջանային վարչութեան, բեմադրիչին, դերասաններուն նաեւ հանդիսատեսին, որ պիտի գայ եւ քաջալերէ մեր աշխատանքը:
Ուրեմն մենք ժամադրուած ենք հանդիսատեսին հետ 15, 16` կալա, 17, 22, 23, 24 մարտին «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ:

