Թատերական Արձագանգ. «Վահրամ Փափազեան» Թատերախումբը Ներկայացուց «Եզովբոս» Թատրերկը

ՇԱՀԱՆԴՈՒԽՏ

ՀԲԸՄ-ՀԵԸ «Վահրամ Փափազեան» թատերախումբը յարգեց իր աւանդութիւնը` ներկայացնելով տարեկան իր թատերական ներկայացումը` բեմադրութեամբ հայրենի վաստակաշատ բեմադրիչ Երուանդ Ղազանճեանի:

3, 8, 9, 10 մարտ 2013-ին «Յ. Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ ներկայացուեցաւ այս տրամը, որ ողբերգութիւն մըն է, երկար դարեր առաջ յոյն փիլիսոփայ Եզովբոսի կեանքէն: Պատմութիւնը մեզի փոխանցած է, թէ Եզովբոս եղած է տգեղ, տխեղծ, ֆիզիքական անախորժ տեսքով մարդ մը, որ ստրուկն էր իր ժամանակի փիլիսոփայ Քսանթոսի: Եզովբոս սակայն ունէր մտային եւ հոգեկան հարուստ գիտութիւն, ի վերուստ շնորհուած բացառիկ միտք, որ զարմանք կը պատճառէր շրջապատին: Ան ստրուկ մը ըլլալով, կը բաղձար ազատ կեանքը` ազատութիւնը գերիվեր նկատելով աշխարհի բոլոր բարիքներէն:

Բոլոր ժամանակներու համար ուսանելի դաս մըն է Եզովբոսի կեանքը, զայն ստրկացնողներուն բռնատիրական արարքը եւ վարմունքը արտայայտող: Խորքին մէջ ողբերգութիւն մըն է, ուր իրարու կը բախին մարդկային բոլոր տկարութիւնները եւ գեղեցիկին ձգտելու զօրութիւնը: Երէկ եւ այսօր նոյնը մնացած է մարդը իր տենչերով, իր ոխով, նախանձով, բռնատիրական մեծամտութեամբ, նաեւ` սիրելու ներքին ցանկութեամբ, որով կը յայտնուին ատելութիւնը, մրցակցութիւնը, ստելու եւ խաբելու տենդը:

Գեղատեսիլ ու ճաշակաւոր բեմը կը պարզէ հաճելի վայր մը, ուր իրարու հետ կ՛ապրին ու կը տենչան փիլիսոփան, ստրուկները, իրենց ցանկայարոյց եւ ոխակալ տրամադրութեամբ, տիրելու եւ բռնանալու բաղձանքով, տրամադրութիւններ, որոնք առկայ են նաեւ այսօր մեր շուրջը, մեր կեանքին մէջ: Վեց դերակատարներ մարմնաւորեցին տրամը, համոզիչ խաղարկութեամբ, լաւ ըմբռնուած կերպարային մատուցումով:

Քսանթոս փիլիսոփային դերով հանդէս եկաւ Յարութ Մանուկեան: Տիրակալ ու բռնակալ անձնաւորութեան մը կերպարը դիւրին չէր արտայայտել, բայց Յարութ Մանուկեան ջանաց իր համոզումները արտայայտել խիստ լեզուով, զօրաւոր ձայնարկութեամբ, որ պարբերաբար կ՛ըլլար ոչ իրաւացի, տրուած ըլլալով, որ կարելի էր նուաճել ստորադասը նոյնիսկ ցած ձայնով, հեղինակային պարտադրանքով: Ներկայացման սկիզբէն մինչեւ վերջ Քսանթոս ներկայութիւն եղաւ բեմին վրայ` արտայայտելով իր հրամանները եւ հանգամանաւոր պահանջները Եզովբոսին, որ իր  բացառիկ հնարամտութեամբ կը զարմացնէր  ինքնահաւան Քսանթոսը:

Եզովբոսի դերը կատարեց Յարութ Թորոսեան, մեր բեմերուն վրայ միշտ փնտռուած իր տիպարով: Հիանալի կերպար մը` եզովբոսեան արտաքին խեղճութեամբ եւ ներքին, հոգեմտաւոր անհուն գեղեցկութեամբ, զարմանալի եւ թելադրական: Պարզապէս իր դերին կերպարն էր ան, որ արժանացաւ ջերմ ծափերու:

Երկու դերակատարուհիներ երեւցան բեմին վրայ: Արփի Սողոմոնեան-Գարամանլեան` Քլէայի դերով եւ Քրիստինէ Սրապոնեան` Մելիի դերով:

Շնորհալի եւ խոստմնալից երիտասարդուհիներ են, արժանի քաջալերանքի: Յովակիմ Քեշիշեան Ագնոստոսի դերով փորձեց պատշաճիլ ներկայացման ուշագրաւ ընթացքին, իսկ Վիգէն Քէօշկէրեան եթովպիացիի կերպարով ամբողջացուց թատրերկին մթնոլորտը:

Երուանդ Ղազանճեան կարողացած էր ոչ արհեստավարժ դերակատարներով արտայայտել Եզովբոսի փոխանցած անկորնչելի արժէքը

Բեմայարդարման յղացում` Անտոն Քեշիշեանի եւ իրագործում` Մատթէոս Աւագեանի: Անոնք կարողացած էին յիշեցնել յունական երբեմնի միջավայր մը իր պալատական ներքնամասի պատկերացումով:

Արեւմտահայերէնի վերածումը աշխատանքն էր լիբանանահայ բեմադրիչ ու դերասան Յարութ Գնդունիի: Ան հաւատարիմ մնացած է արեւմտահայերէնի լեզուամտածողութեան, բայց ուրախ պիտի ըլլանք, եթէ յարգուի ընդհանրապէս նաեւ քերականական հոլովման կարգը, տարբերելով ԶԻՍ եւ ԻՆԾԻ դերանունները:

Պրազիլցի թատերագիր, վիպագիր, լրագրող Կիլերմէ Ֆիկէյրետոյի հեղինակութիւնը եղող «ԵԶՈՎԲՈՍ» թատերախաղը երկար տարիներէ ի վեր արժանացած է միջազգային թատերացանկերու եւ յաճախ բեմադրուած` տարբեր լեզուներով: Պէյրութի մէջ եւս բեմադրուած է 70-ական թուականներուն, Համազգայինի «Սիմոն Վրացեան» մասնաճիւղի «Լեւոն Շանթ» թատերախումբին կողմէ, բեմադրութեամբ դերասան, արուեստագէտ ու բանաստեղծ Թաթուլ Այնեճեանի, «Աղուէսն ու խաղողը» կամ` Եզովբոս վերտառութեամբ:

«Վահրամ Փափազեան» թատերախումբը գովելի աշխատասիրութեամբ վառ կը պահէ գաղութին թատերական կեանքը: Հարկ է առաւել թափ տալ լիբանանահայ թատերական գործունէութեան` ծաղկեցնելու եւ վերադառնալու 50-ական, 60-ական եւ 70-ական թուականներու երեսնամեայ մեր յիշատակելի թատերական օրերու հաճոյքին:

Եզրակացնելով թատերասէրի մեր տպաւորութիւնը` կրնանք ըսել, որ իբրեւ թեմա եւ իբրեւ ներկայացում օգտաշատ եղաւ «ԵԶՈՎԲՈՍ»-ի բեմադրութիւնը:

 

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )