Ազրպէյճան` Ամօթի 30 Օրեր
Քանատայի Հայ դատի յանձնախումբը (ՔՀԴՅ) փետրուար 21-էն ի վեր ձեռնարկած է «Ազրպէյճան. ամօթի 30 օրեր» անունով քարոզարշաւի մը, որուն նպատակն է քանատացիները տեղեակ դարձնել Ազրպէյճանի կողմէ մարդկային իրաւունքներու բացայայտ եւ շարունակուող ոտնահարման: Երեսուն օրերու ընթացքին եւ օրական դրութեամբ ՔՀԴՅ-ն պիտի հրապարակէ Ազրպէյճանի կողմէ մարդկային իրաւունքներու խախտման ու անարգումին վերաբերեալ յօդուածներ, տեղեկագրեր ու տեսերիզներ, որոնք կը բացայայտեն այս խախտումները ծածկելու համար Ազրպէյճանի իշխանութիւններու տարած զանազան մարտավարութիւնները, որոնք կ՛իրականացուին քարոզչութեան, ապատեղեկատուութեան կամ սադրանքի ու սպառնալիքի այլեւայլ միջոցներով:
«Թէեւ այս անցուդարձերը հազիւ թէ հասնին քանատացիներու ուշադրութեան, սակայն իրողութիւն է, որ Ազրպէյճանի մարդկային իրաւունքներու բնագաւառին պարզած խեղճուկրակ պատկերը կը յատկանշուի քաղաքական ընդդիմութեան վրայ իրագործուած պետական մակարդակի ճնշումներով եւ կամայական բանտարկումի ու չարչարանքի բազմաթիւ պարագաներով, լրատուամիջոցներու գրաքննութեամբ, ինչպէս նաեւ` փոքրամասնութիւններու դէմ ատելութիւն սերմանող հրահրումներով ու քարոզարշաւներով», յայտարարեց Քանատայի Հայ դատի ատենապետ դոկտ. Ժիրայր Պասմաճեան: Իրօք, 2013-ի յունուար 23-ին Եւրոպայի խորհրդարանական հաւաքը (PACE) բանաձեւ որդեգրեց այս ուղղութեամբ, ուր ան կը յայտնէր իր «աճող մտահոգութիւնը Ազրպէյճանի մէջ օրէնքի ու մարդկային իրաւանց յարգանքի վերաբերեալ», ըսաւ դոկտ. Ժիրայր Պասմաճեան:
«Ազրպէյճան. ամօթի 30 օրեր» քարոզարշաւի թողարկումները կրնաք գտնել ՀԴՅ-ի կայքէջին (http://anccanada.org/thirty-days-of-shame), Facebook-ի էջին (www.facebook.com/ArmenianNationalCommitteeofCanada), ինչպէս նաեւ ANCC-ի Twitter-ի էջին (www.twitter.com/ancc_cnac) վրայ:
Օրական թողարկումները նիւթ պիտի դարձնեն, այլ նիւթերու կողքին` Ազրպէյճանի մէջ քաղաքական ազատութեան հարցը, խօսքի ու արտայայտութեան ազատութեան խնդիրը, նախագահ Ալիեւի վարչակարգին մէջ շարունակուող փտածութիւնը, ինչպէս նաեւ` Ազրպէյճանի քարոզչական մեքենան:

