50 Տարի Առաջ (13 Մարտ 1963)
Թատերական Կեանք
«Ազատութեան Ջահակիրները»
Վիեննական Մխիթարեան երկրորդական վարժարանի Սրբոց Վարդանանց զօրավարաց յիշատակին նուիրուած հանդէս-ներկայացումը տեղի ունեցաւ կիրակի, 3 մարտ 1963-ին` բարձր նախագահութեամբ հայ կաթողիկէ համայնքին հոգեւոր տէր Իգնատիոս-Պետրոս ԺԶ. Պաթանեան կաթողիկոս-պատրիարքին, Հազմիէի սրահին մէջ:
Ութ հարիւրի մօտ ծնողներու եւ բարեկամներու խուռներամ բազմութիւն մը լեցուցած էր սրահը` իր յարգանքի տուրքը մատուցելու այն հերոսներուն, որոնք 451-ին ինկան Աւարայրի դաշտին վրայ` հայրենիքի եւ հաւատքի անշեղ հուրը իրենց սրտին ու աչքերուն մէջ:
Այս առթիւ Պէյրութի մէջ առաջին անգամ ըլլալով կը բեմադրուէր վարժարանի Ա. բարձրագոյն կարգերէն ուսանող Յ. Մելքոնեանի «Ազատութեան ջահակիրները»:
Վերջին տարիներուն նոր սերունդի յայտնաբերած հետաքրքրութիւնը` հանդէպ հայ գրին ու մշակոյթին, իսկապէս գովելի է ու մեծ յոյսեր կը ներշնչէ մեզի: Կը մնայ քաջալերել զայն ու ծափահարել` առանց տարուելու նեղմիտ հաշիւներէ:
Ու արդարեւ, հակառակ կարգ մը թերութիւններուն, որոնց մեծ մասը անխուսափելի էին, Մխիթարեանի տղաքը, շնորհիւ լուրջ աշխատանքի, կրցած էին պատրաստել եւ հանդիսատեսներուն հրամցնել աշակերտական լուրջ ձեռնարկ մը:
Խաղարկութիւն.- Իր ընդհանուր գիծերուն մէջ բեմադրութիւնն ու խաղարկութիւնը յաջող էին: Կարգ մը պատանիներ ունին բեմի ամէն յարմարութիւն` ձայն, շեշտ, համարձակութիւն եւ այլն: Այս պատճառով գլխաւոր դերակատարները լաւագոյնս արժեւորեցին իրենց դերերը եւ կրցան խոր ազդեցութիւն ձգել ներկաներուն վրայ:
Վասակ Սիւնիի դերով Լութֆի Թապագեան եղաւ լաւագոյններէն մին: Կրցաւ տալ Վասակ մը` իր զանազան հոգեվիճակներուն մէջ` արդար գնահատանքի ծափեր խլելով: Թապագեան ունի նաեւ լաւ առոգանութիւն ու խաղարկութեան ինքնայատուկ ոճ, ինչ որ առաւելութիւն մըն է ինքնին արդէն: Թապագեան վերջին տեսարանին ինքզինք գերազանցեց, երբ ներկայացուց խղճահար եւ խելագար Վասակը` Աւարայրի պատերազմէն ետք:
Նոյնը կրնանք ըսել Միհրան Պաստաճեանին (Վարդան Մամիկոնեան) համար: Զօրականը, ընտանիքի հայրը եւ իր պարտականութիւններուն գիտակից հայրենասէրը ներկայացուց իրապաշտօրէն. սակայն ձեւերուն մէջ երբեմն չափազանցութիւններ կային:
Անլեան Յակոբ (Յովսէփ կաթողիկոս) տիրական էր բեմին վրայ: Մարմնաւորեց իրակա՛ն հովիւը, իր ժողովուրդի կողքին պայքարող, հայրենիքի ապագայով մտատանջ բարձր հոգեւորականը: Անլեան իր ֆիզիքական կառուցուածքով եւ բեմական ձայնով կրցաւ ազդել հասարակութեան վրայ:
Օննիկ Գանթարճեան (Յազկերտ) շատ աւելի տպաւորիչ պիտի ըլլար, եթէ կարենար միտք դնել իր ձայնի հրամայական եւ խիստ ելեւէջներուն, ինչ որ չեղաւ դժբախտաբար: Մանուկ Տապանճեան (Միհրներսեհ), Պետրոս Սէօքիւնեան (Ներշապուհ Արծրունի), Ժան Մալճեան (Եզնիկ Կողբացի) կրցան տալ իրենցմէ պահանջուածը` ընդհանուր բեմադրութեան ներդաշնակութիւն մը տալով: Մամիկոնեանի կնոջ դերին մէջ Սաթենիկ Թասլագեան եւ իբրեւ Շահանդուխտ (Միհրներսեհի կինը) Ֆրիտա Առաքելեան բերին իրենց լաւագոյն մասնակցութիւնը: Տկար էին Պալեան Ա. եւ Թիլլեան Ա.: Չունէին պէտք եղած համարձակութիւնը, սակայն ի յայտ բերին ապագային քանքառը: Մնացեալ դերակատարները իրենց դերերու կարեւորութեան սահմանին մէջ, բերին լաւագոյն աջակցութիւնը ընդհանուր յաջողութեան:
Դիտողութիւններ.- Պէտք է ըսել, թէ այս թատերական ներկայացումը շատ երկար տեւեց (3 ժամ), աւելի լաւ արդիւնք մը ձեռք պիտի ձգուէր վստահաբար կարգ մը կրճատումներ ընելով: Եթէ եղան տեսարաններու եւ գաղափարներու կրկնութիւններ, ասոնց պատճառը պէտք է փնտռել վերը յիշուածին մէջ:
Յամենայն դէպս յոյժ գովելի էր ձեռնարկը ու արդարացուց բոլորին յոյսերը` իբրեւ աշակերտական լուրջ պատրաստութիւն:
Ս. ՇԱՀԷՆ

