«Ազդակ»` Ութսունվեց Տարիներու Ծառայութեան Ընդմէջէն. Հայ Կեանքը Էշրեֆիէի Մէջ

ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ

Էշրեֆիէ Ի. դարուն սկիզբը

Մեծ եղեռնէն եւ Կիլիկիոյ պարպումէն ետք, Լիբանան ապաստան գտած գաղթական հայութիւնը, քէմփերու պարպումի պայմաններուն տակ սկսաւ մնայուն բնակութեան հիմեր դնել եւ կեդրոնացաւ մայրաքաղաքին տարբեր թաղերուն եւ արուարձանային գօտիներուն մէջ: Կարեւոր թիւով հայութիւն կեդրոնացաւ նաեւ Էշրեֆիէի մէջ:

Էշրեֆիէ Պէյրութի արեւելեան կողմը տարածուող բլուր մըն է, որուն առջեւ փռուած է մայրաքաղաքին համայնապատկերը եւ զայն եզերող Միջերկրականի կապոյտ ջուրերը, իսկ հանդիպակաց կողմը Լեռնալիբանանի կանաչազարդ բարձունքներն են:

Էշրեֆիէ բարեկարգ եւ հանդարտ թաղամաս էր, ուր կեդրոնացած էին յոյն ուղղափառ Պուսթրոս, Սըրսոք, Թրատ, Ֆըրնէն, Արաման, Տաղէր, Տըպպէս, Թիան, Ֆայատի եւ Թուէյնի գերդաստանները: Էշրեֆիէի հիմնադիր ընտանիքներէն` Պուսթրոսները Յունաստանէն գաղթած են 1660-ական տարիներուն. անոնց բուն ազգանունը Սալւեսթրոս է, որ Փրկիչ կը նշանակէ: Ժամանակ մը Կիպրոս մնալէ ետք անոնք հիւսիսային Լիբանան, Քուրա գաւառին Էնֆէ գիւղին մէջ կայք հաստատեցին եւ յետոյ Պէյրութ փոխադրուելով Էշրեֆիէն շէնցուցին: Յոյն Սփարթալի ընտանիքին հետ անոնք առեւտրական գործառնութիւններ հաստատեցին Լոնտոնի, Մանչեսթըրի, Լիվըրփուլի եւ Մարսէյի հետ: Պուսթրոս պալատը հետագային արտաքին գործոց նախարարութեան կեդրոնատեղին դարձաւ: Սըրսոքները հողատէրեր եւ առեւտրականներ էին. Սըրսոք պալատը կառուցուած է 1860-ին, իսկ Սըրսոք թանգարանը Նիքոլա Սըրսոքի առանձնատունն էր եւ անոր մահէն ետք, 1961-ին թանգարանի վերածուեցաւ:

Էշրեֆիէ կ՛ընդգրկէր քանի մը թաղամաս. Սասին` որ Պէյրութի ամէնէն հին հրապարակներէն է, Մար Նիքոլա, Թապարիս, Ժըմմէյզէ, Ֆըրն Հայէք, Սոտեքօ եւ Մար Մըթըր:

Հաճելի էր դիտել Էշրեֆիէն իր ստորոտէն հոսող Պէյրութ գետի ափերէն: Մասնաւորաբար Պուրճ Համուտէն դիտելով, Էշրեֆիէ իր բարեկարգ բնակարաններով, առանձնատուներով, զանոնք շրջապատած ծաղկաւէտ պարտէզներով եւ գիշերները` ելեկտրական լոյսերով լուսաւորուած, կը տպաւորէր Անդրնահրի բնակչութիւնը:

* * *

Էշրեֆիէի հայ կեանքի կազմակերպման եւ սկզբնական տարիներու կեանքին անդրադառնալով, «Ազդակ» 24 օգոստոս 1952-ի թիւով եւ «Ազգային կեանքը Էշրեֆիէի մէջ երէկ եւ այսօր» խորագիրով յօդուածով կը գրէր.

«Էշրեֆիէն Պէյրութի հայաշատ եւ կարեւոր կեդրոններէն մէկն է:

1929-1930 թուին, շնորհիւ այդ շրջանի թաղական խորհուրդի եւ անոր շուրջ հաւաքուած ազգայիններու նիւթական եւ բարոյական ջանքերուն, ինչպէս նաեւ երջանկայիշատակ Վեհ Սահակ Բ. կաթողիկոսի նիւթական կարեւոր օժանդակութեան, կարելի կ՛ըլլայ գնել ներկայ եկեղեցւոյ եւ վարժարանի ընդարձակ հողը եւ զայն դարձնել ազգային սեփականութիւն: Երբ ուրիշ թաղերու մէջ տեղաւորուած հայութիւնը եկեղեցիի եւ վարժարանի հողերը ձրի կ՛առնէին, Էշրեֆիէն ստիպուած կ՛ըլլար նիւթական մեծ զոհողութիւն յանձն առնել հողի գնման համար, հոն հաստատելու համար իր եկեղեցին եւ վարժարանը:

Սեփական հողի գոյութիւնը առիթ մը կ՛ըլլայ, որ յաջորդ տարին, նոր հաստատուած եւ փոքրաթիւ մեր ազգայինները, գնեն նաեւ զինուորական պարագ մը եւ զայն դարձնեն վարժարան, իսկ անոր քովը կը շինեն տախտակաշէն եկեղեցի մը, զայն գործածելու համար նաեւ որպէս մանկապարտէզ:

Վրաններու տակէն հոս փոխադրուած այս վարժարանը եւ մանկապարտէզը հետզհետէ կ՛ունենայ մինչեւ 300-350 երկսեռ աշակերտութիւն մը, որոնք այդ նախնական պայմաններուն մէջ ազգային դաստիարակութիւն եւ ուսում պիտի ստանային, երբ միւս յարանուանական վարժարանները ունէին քարաշէն ու ընդարձակ վարժարաններ եւ համապարփակ կահաւորում: Այս պայմաններուն մէջ մինչեւ 1946 մեր ազգային վարժարանը իր մարմիններով, ուսուցչական կազմով եւ տնօրէնով անհնարին ճիգեր գործ կը դնեն վարժարանը կանգուն պահելու ոգիին հետ եւ բաւարար ուսում տալու համար:

Ով ծանօթ եղած է այդ պայմաններուն, հիացում միայն պիտի ունենայ կատարուած աշխատանքներուն համար: Բայց լարուած այդ դրութիւնը չէր կրնար աւելի երկար տեւել, 1946-ին այս պարագան զգալով, վարժարանի տնօրէն պր. Ղազար Չարըգ առաջարկ կը բերէ նոյն շրջանի թաղական խորհուրդին, ամէն զոհողութեան եւ աշխատանքի դիմել նոր վարժարան մը շինելու համար: Որպէս առաջին միջոց կը դիմուի ազգային վարչութեան քաղաքական ժողովին, պարզելով շէնքի մը բացարձակ անհրաժեշտութիւնը եւ անոր շինարարութեան ծրագիրը: Հանգուցեալ Տ. Մաւիսագալեանի վարչութիւնը, յետ քննութեան թաղական խորհուրդի տրամադրութեան տակ կը դնէ նկատառելի գումար մը, որպէսզի գործի սկսին: Ազգային վարչութեան խոստումէն յետոյ թաղական խորհուրդը, իր մէջէն եւ դուրսէն, ազգայիններէն կը կազմէ շինութեան յանձնախումբ մը, որուն անդամները կ՛ըլլան տեարք Վռամ Սամուէլեան, Հայրապետ Ագըեան, Յ. Փանոսեան, Յովհաննէս Մէրտխանեան, Հայկազուն Եափուճեան, Յակոբ Տէմիրճեան (Հայաստան գաղթած) եւ տնօրէն Ղ. Չարըգ:

Գործի սկզբնաւորութեան իսկ, Օգնութեան խաչի օժանդակութիւնը քաջալեր կը հանդիսանայ յանձնախումբին, փոխելու իր ծրագիրը եւ հիմնական ու մեծ շէնքի մը հիմքերը դնելու ձեռնարկել: Յանձնախումբի եւ շրջապատի ոգեւոր աշխատութեան շնորհիւ, հակառակ տնտեսական տագնապին եւ շինութեան նիւթերու գիներու անհամեմատ բարձրացումին, կարելի կ՛ըլլայ չորս ընդարձակ դասարաններ եւ մէկ տեսչարան շինել, ծախսելով շուրջ քսաներկու հազար լիբանանեան ոսկի, եւ այս շնորհիւ շինութեան յանձնախումբի միահամուռ աշխատանքին եւ ջանքերուն: Նախակրթարանի վերի չորս դասարանները կը փոխադրուին նոր շէնքը, իսկ երկու դասարանները եւ մանկապարտէզը կը մնան նոյն աննպաստ պայմաններուն մէջ:

1948-ին կ՛ընտրուի նոր թաղական խորհուրդ մը հետեւեալ ազգայիններէն. տեարք Վռամ Սամուէլեան, Գէորգ Գզիրեան, Գրիգոր Առաքելեան, Յովհաննէս Մերտխանեան, Արմենակ Պալեան եւ Հայկազուն Եափուճեան, որոնց առաջին մտահոգութիւնը կ՛ըլլայ շարունակել վարժարանի շինութեան գործը: Խորհուրդը եւ տնօրէնութիւնը կը դիմեն Ազգային առաջնորդարան եւ այս անգամ քաղաքի ազգայիններէն կը կազմեն շինութեան յանձնախումբ մը, նախագահութեամբ գերշ. Խադ արք. Աջապահեանի: Հանգանակիչ  մարմնի անդամներ կ՛ըլլան տեարք Գէորգ Չաթալպաշեան, Օննիկ Չերքէզեան, Մելքոն Ծառուկեան, Յակոբ Չաղլասեան, Վահրամ Քէօրօղուլեան, Մ. Թուրիկեան եւ Ղ. Չարըգ: Քաղաքի հանգանակիչ յանձնախումբը եւ թաղական խորհուրդը միասնաբար, մէկը թաղի մէջ գործի վրայ, իսկ միւսը քաղաքին մէջ կարեւոր գումարներ հանգանակելով, կը յաջողին կարճ ժամանակուայ մէջ շինել նաեւ վարժարանի երկրորդ յարկը չորս դասարաններով եւ մէկ փոքր սենեակով, որուն համար կը ծախսուի մօտ տասն եւ երկու հազար ոսկի:

Այս ալ բաւարար չըլլալով, թաղական խորհուրդը յաջորդ տարին, հակառակ նիւթական տագնապին կ՛որոշէ շարունակել շինութեան գործը, նկատի ունենալով, որ մանկապարտէզի երկու դասարանները դեռ եկեղեցիին մէջ կը մնան: Թաղականութեան եւ վարժարանի վարչութեան գործ դրած ճիգերով կը շինուին նաեւ երկրորդ յարկի երեք սենեակները, նոյն կերպով, ծախսելով մօտ չորս հազար լիբանանեան ոսկի: Այս պարբերական ճիգերու եւ զոհողութիւններու որպէս արդիւնք այսօր Պէյրութի Էշրեֆիէ թաղը ունի իր հոյակապ ու շքեղ վարժարանը, առողջապահական բոլոր պայմանները լրացնող` տասը մեծ եւ լուսաւոր դասարաններ, տնօրէնութեան սենեակ մը, մէկ ուսուցչարան, մէկ գոյքերու սենեակ եւ մէկ հատ ալ գրենական պիտոյքներու վաճառման սենեակ: Վարժարանի քովէն անցնող եւ կամ այցելող ամէն ազգային հպարտանքով միայն կը լեցուի տեսնելով եւ զգալով այդ շէնքի մէջ հայ ժողովուրդի շինարար եւ զոհաբերող ոգին:

Կարեւոր նկատեցինք այսքան երկար կանգ առնել այս բոլորի վրայ, լուսաբանելու համար հանրութիւնը, թէ եկող-գացող ազգային մարմինները բան մը աւելցուցած են եւ աւերակներ շէնցուցած, տալով Էշրեֆիէի հայութեան պարսպապատ խաղավայրով եւ հոյակապ շէնքով վարժարան մը:

Լուսաբանութեան կարօտ հարց մըն է նաեւ վարժարանի ուսումնական բաժնի անցուցած տագնապներն ու կտրած ճամբան:

Տախտակաշէն որմերով բաժնուած եւ բնութեան խստութիւններուն ենթակայ պարագի մը մէջ է, որ տասնեակ տարիներ ծուարած է Էշրեֆիէի ազգային նախակրթարանը իր երկու հարիւրի մօտ աշակերտութեամբ: Իսկ մանկապարտէզը նոյնպէս տախտակաշէն եկեղեցիին մէջ, իր հարիւրյիսունի մօտ փոքրիկներով: Կարելի՞ է երբեւէ դասաւորուած ուսում եւ ծրագիր գործադրել տեւական աղմուկի մը մէջ, երբ մէկ դասարանի դասաւանդութիւնը կը լսուի միւսներու կողմէ: Երբ ամէն վայրկեան դաստիարակներու առջեւ կը ցցուին շէնքի անյարմարութիւններէն առաջ եկող արգելքները»:

* * *

Իսկ 16 օգոստոս 1952-ին, «Հայ կեանքը Էշրեֆիէի մէջ» յօդուածին երկրորդ մասով «Ազդակ» կը գրէր.

Էշրեֆիէի Պուսթրոս պալատը

«Զուր է յիշել բոլոր աննպաստ պայմանները, որոնք անցեալին կը պատկանին, եւ որոնց կուրծք տուած են Էշրեֆիէի թաղական խորհուրդները, ուսուցչական կազմերը եւ տնօրէնութիւնը, ափսոսանքով տեսնելով, որ իրենց աշխատանքները եւ ճիգերը կը կիսուին այդ աննպաստ պայմաններու պատճառով: Կարելի՞ է նման պայմաններու մէջ ուսուցչական մնայուն կազմ ստեղծել եւ հիմնական գործեր տեսնել: Բարեբախտութիւն մըն է, որ հայ ուսուցիչը իր կոչումին գիտակցութեամբ եւ հայրենասէր ոգիովը միշտ կուրծք տուած է այդ աննպաստ պայմաններուն, ինքը դարձած է զոհը եւ թեթեւցուցած է սերունդներու կրելիք վնասները, իր անսահման զոհաբերութեամբ:

Այսօր ուրախ ենք յայտնելու, թէ վերեւ յիշուած բոլոր աննպաստ պայմանները վերցուած են, կատարուած յարատեւ աշխատութեամբ: Այժմ Էշրեֆիէի Ազգային վարժարանի շէնքը իր կատարելութեան մէջ է, անհրաժեշտ բոլոր բաժիններով, ունի ուսուցչական մնայուն կազմ մը, որու ամէն մէկ անդամը իր ճիւղը կ՛աւանդէ մասնագիտօրէն եւ բարեխիղճ կերպով: Իրողութիւն մը, որու արդիւնքը ակներեւ եղած է վերջին երկու տարիներու ընթացքին եւ գնահատուած Լիբանանի ազգային վարչութեան Ուսումնական խորհուրդի կողմէ, յետ քննութեան: Դասաւանդութեանց ընթացքը եւ դաստիարակչական բաժինը ենթակայ է ուսուցչական ժողովներու ուսումնասիրութեանց եւ տնօրէնի անմիջական հսկողութեան, որուն որպէս արդիւնք այդ երկու բաժիններն ալ արդիւնաւոր կերպով շարունակուած են, վարժարանի եւ ծնողաց փոխ-յարաբերութիւնները եղած են ուղղակի եւ շատ սերտ: Գումարուած է նաեւ ծնողական հաւաքոյթ, ուր տրուած են զեկուցումներ Թաղական խորհուրդի եւ վարժարանի տնօրէնութեան կողմէ, եւ լսուած նաեւ ծնողներու թելադրանքները առ ի ուսումնասիրութիւն:

1951-52 շրջանի վարժարանի վերելքի բաժինին մէջ կարելի է յիշել մարզանքի դասի յաւելումը, ձեռնհաս ուսուցիչի մը կողմէ, որը մեծապէս պիտի նպաստէ աշակերտութեան առողջապահութեան եւ դաստիարակութեան գործին:

Այս շրջանին հիմնաւոր ուղիի մէջ դրուած է արաբերէնի դասաւանդութիւնը, կարող ու տեւական ուսուցիչի մը` պր. Պուսթանի ուսուցչական կազմին մաս կազմելով, որու տուած ցանկալի արդիւնքը ներկայ տարուան համար ակներեւ ըլլալով, աւելի հիմնաւոր ու արդիւնաւոր պիտի դառնայ յառաջիկայ տարի: Եւրոպական լեզուները` ֆրանսերէն եւ անգլերէն ունին իրենց մասնագէտ աւանդողները, որոնց ուսուցումը եւ աշխատանքը գնահատուած են ոչ միայն վարժարանի վարչութենէն, այլ եւ բազմաթիւ ծնողներէ: Իսկ հայերէնի մասին չենք խօսիր, որովհետեւ մեր վարժարանի մայրենի լեզուի դաստիարակները աւելի քան լաւ են:

Էական պարագայ մըն է նաեւ աշակերտութեան առողջապահական վիճակը եւ այդ ուղղութեամբ թափուած աշխատանքները: Էշրեֆիէի վարժարանը ունի իր մնայուն բժիշկը յանձին տոքթ. Խ. Գրիգորեանի, որ անձնուիրաբար կը կատարէ իր պաշտօնը, պէտք տեսնուած ատեն վարժարանը օգտուած է նաեւ բազմաթիւ հայ բժիշկներէ: Ներկայ տարուան ընթացքին, աշակերտութիւնը երկու անգամ պատուաստուած է: Ինչպէս նաեւ ընդհանուր քննութեան ենթարկուած են եւ ակռաներու դարմանում տրուած Գարակէօզեան քլինիքին բժիշկներէն: Այս բոլորին վրայ եթէ աւելցնենք Պնակ մը կերակուրի` Օգնութեան խաչի կողմէ տրուած. ՀԲԸ Միութեան կաթի եւ ձկան իւղի բաշխումը, կատարուած տնօրէնութեան ուղղակի հսկողութեան տակ խղճի հանգիստ մը կ՛ունենանք, թէ վարժարանի աշակերտութիւնը առողջապահական լուրջ խնամք մը տեսած է, որուն որպէս արդիւնք ամբողջ տարուան շրջանին եղած է առողջ ու կայտառ եւ հետեւաբար աշխատունակ:

Առողջապահական եւ դաստիարակչական աշխատանքներու կարգին ներկայ տարուան մէջ մեծ ու փրկարար դեր մը ունեցած է վարժարանի կահաւորումը: Տէր եւ տիկին Մարտիկեաններու  ղրկած նուէրը – հինգ հարիւր տոլար, ինչպէս նաեւ ամերիկահայ կրթական հիմնարկութեան հազար լիբանանեան ոսկիի յատկացումը, հնարաւոր դարձուցին վարժարանի դասարաններու մեծագոյն մասը օժտել նոր եւ առողջապահական գրասեղաններով եւ ուսուցիչներու յատուկ ներկայանալի սեղան եւ աթոռներով. իրողութիւն մը, որ առողջապահական քայլ մը ըլլալով հանդերձ աւելցուց նաեւ վարժարանի եւ դասարաններու շքեղութիւնը, ի մեծ ուրախութիւն եւ ոգեւորութիւն հարիւրաւոր աշակերտներու:

Այս տողերը գրելով մեր նպատակն է իրողութիւնները միայն յիշել եւ զանոնք ներկայացնել մեր յարգելի ծնողներուն եւ հանրութեան, վստահ որ անոնք ուրախ պիտի ըլլան կատարուած աշխատանքներէն եւ ակնբախ վերելքէն:

Էշրեֆիէի համայնապատկերը

Երբ այսչափ բծախնդրութեամբ եւ զոհաբերող ոգիով մը կը հետապնդուին մեր Ազգային վարժարանի ուսումնական եւ տնտեսական գործերը, մեր կարգ մը յարգելի ծնողները պատճառ մը չունին այլեւս իրենց աչքերը յառելու այլ վարժարաններ, իրենց զաւակներու ուսման եւ դաստիարակութեան ընթացքը փոխելու եւ շեղումներ կատարելու: Ընդհակառակը գիտակից ոգիով մը եւ վստահութեամբ պէտք է ղրկեն իրենց զաւակները Ազգային վարժարան,  ապահով ըլլալով, որ անոնք հոն պիտի ստանան դասաւորուած եւ հիմնաւոր ուսուցման հետ նաեւ հայեցի դաստիարակութիւն մը եւ հայու հոգի մը, որ պիտի ըլլայ իրենց նկարագրի ամուր կռուանը: Նկարագիր մը որ բարիք մը միայն պիտի ըլլայ, թէ աշակերտին, թէ ծնողքին եւ թէ մեր հաւաքական գոյութեան համար:

Էշրեֆիէի հայ ծնողներու եւ անոնց զաւակներու միակ կարգախօսը պիտի ըլլայ «դէպի Ազգային վարժարան, դէպի մայրենի լեզուով հիմնաւոր ուսում, դէպի հայեցի դաստիարակութիւն»:

Վարժարանի նիւթական եւ բարոյական վերելքի կողքին, ներկայիս Էշրեֆիէի թաղական խորհուրդի եւ հայութեան առջեւ դրուած է եկեղեցւոյ շինութեան հարցը, որպէս բարոյական եւ նիւթական յոյժ կարեւոր պահանջ մը: Շքեղ վարժարանի մը կողքին պէտք է բարձրանայ նաեւ մեծ ու քարաշէն եկեղեցի մը, որ կարողանայ ամփոփել ժողովուրդը եւ հպարտանք մը դառնայ մեր համայնքին: Նման եկեղեցւոյ մը շինութիւնը պիտի արժէ 70-էն 80 հազար լիբանանեան ոսկի, որուն համար թաղականութեան հետ պիտի խորհի եւ աշխատանքի լծուի ամբողջ թաղը: Տեսանք, թէ եկող եւ գացող մարմինները կրցան գեղեցիկ ու առողջապահիկ վարժարան մը շինել, որուն համար ծախսուած է մօտ քառասուն-քառասունհինգ հազար լիբանանեան ոսկի գումար մը, որու մէջ թաղի մասնակցութեան բաժինը եղած է երկու հազար հինգ հարիւր ոսկի միայն, մնացածը մարմիններու ջանքերով մէջտեղ եկած գումարներ են: Այս մէկ փաստը բաւական է զգացնելու բարեմիտ ազգայիններուն, թէ ինչ ծանր ու սպառիչ գործ է նման մեծածախս շինութեան մը ձեռնարկելը:  Թեթեւ կամ դիտումնաւոր վերաբերողները թողնելով իրենց անկիւնին մէջ:

Բայց առանց նկատի ունենալու այս բոլոր դժուարութիւնները, ներկայ թաղական խորհուրդի մեծագոյն մտահոգութիւնն է եկեղեցւոյ շինութիւնը, որուն նախնական աշխատանքները սկսուած են եւ առաջ կը տարուին: Որպէս այդպիսին, արդէն իսկ վերջանալու մօտ է եկեղեցւոյ յատակագծի պատրաստութիւնը, որու հիման վրայ թաղական խորհուրդը դիմում պիտի կատարէ Առաջնորդ սրբազան հօր եւ ազգային վարչութեան քաղաքական ժողովին, միասին խորհրդակցելու շինութեան գործի մասին:

Ինչպէս ըսինք շինութեան այս գործը կը պահանջէ եօթանասուն հազար լիբանանեան ոսկի գումար մը: Թաղական խորհուրդը ձեռնարկած է գործի եւ պիտի շարունակէ, վստահ ըլլալով, որ մեր ժողովուրդը մօտէն եւ հեռուէն պիտի պատասխանէ իր կոչերուն եւ պիտի տայ իր սրտաբուխ եւ առատ նուէրները, յաջողութեամբ պսակելու համար մեր գործը:

Հայ ժողովուրդը պատմութեան ամբողջ տեւողութեան, լաւ թէ գէշ օրերուն մէջ, միշտ շինած է տաճարներ, եկեղեցիներ ու վանքեր: Հայ բարերարները չեն մոռցած իրենց հարստութենէն մաս մը յատկացնել Աստուծոյ տան շինութեան, անոր մէջ գտնելով իրենց եւ իրենց պապերուն հոգւոյն խաղաղութիւնն ու անմահութիւնը»:

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )