Հայրենի Կեանք
Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻՆԱ ՀԱՄԱՄՃԵԱՆ
«Վիվասէլ–Էմ.Թի.Էս.»-ը Կը Շարունակէ Կրթական
Ժամանակակից Գիտաշխատանոցներով
Համալսարաններու Վերազինման Ծրագիրը
Հայաստանի հեռահաղորդակցութեան առաջատար ընկերութիւնը` «Վիվասել-Էմ.Թի.Էս.»-ը, ընդառաջ կ՛երթայ ուսումնական նպատակներ իրագործելու համալսարաններու ռազմավարութեան մէջ: Արհեստագիտութեամբ յագեցուած կրթական գիտաշխատանոց, համացանցի ընձեռած տեղեկատուական հզօր շտեմարանը եւ ուսումնական գործընթացներու կազմակերպման ժամանակակից ձեւերով այսուհետեւ հասանելի պիտի ըլլան նաեւ Հայաստանի ազգային գիւղատնտեսական համալսարանին մէջ:
Համալսարանը համալրուած է ուսումնական գործընթացներու պահանջներէն բխող արժէքաւոր սարքաւորումներով. «Հոմ-զոն թուրպօ» փաթեթի շրջանակին մէջ գործող 3 Ճի. երթուղիչով, համացանցի հասանելիութեամբ, 9 համակարգիչով ապահովուած լսարանով, լուսարձակային տպիչով եւ լուսարձակով ապահովուած ներգործօն գրատախտակով: Նոր կարելիութիւնները համալսարանին թոյլ պիտի տան առցանց միանալու Վանաձորին եւ Արցախին մէջ գործող մասնաճիւղերուն եւ արդիւնաւէտ դասընթացքներ կազմակերպելու ուսանողներուն աւելի լայն լսարանի համար:
Հայաստանի ազգային գիւղատնտեսական համալսարանը ունի այս գիտաշխատանոցէն առաւելագոյն արդիւնաւէտութեամբ օգտուելու յաջող փորձառութիւն: «Վիվասել-Էմ.Թի.Էս.»-ի հետ համագործակցութեան պարագային, համալսարանի Ագրոբիզնեսի հետազօտութիւններու եւ կրթութեան միջազգային կեդրոնին մէջ դեռ մէկ տարի առաջ սկսած է գործել տեսահամագումարներու ժամանակակից դահլիճը, որ համացանցի միջոցով կատարեալ ուսումնական միջավայր կ՛ապահովէ այս եւ արտերկրի հեղինակաւոր համալսարաններու միջեւ:
«Նոր արհեստագիտութիւնները կ՛ենթադրեն արդի տնտեսութեան մէջ տեղեկացուածութեան բարձր մակարդակ եւ արագ որոշումներ կայացնելու հմտութիւն: Մենք կը ձգտինք ստեղծել այնպիսի պայմաններ, որոնք պիտի ապահովեն ուսանողին յաջողելու հաւանականութիւնը: Մասնագիտացման ճանապարհին անոնց ճիշդ ուղղորդելու առաջին քայլը, թերեւս, եղած տեղեկատուութենէն առաւելագոյնս ճիշդ եւ արդիւնաւէտ օգտուելու հմտութեան ուսուցանումն է», ըսած է «Վիվասել-Էմ.Թի.Էս.»-ի գլխաւոր տնօրէն Ռալֆ Երիկեան:
Համալսարանին հետ սեփական մարզի յաջողած համագործակցութիւնը գնահատելու նպատակով Հայաստանի ազգային գիւղատնտեսական համալսարանը կազմակերպած է «Ոսկէ հասկ» մրցանակաբաշխութեան հերթական ձեռնարկը:
Հաղորդենք, որ «Վիվասել-Էմ.Թի.Էս.»-ը մրցանակի արժանացած է` «Համալսարանի լաւագոյնս գործընկեր» անուանակարգին մէջ:
Արդի Հայ Արձակի Հիմնական Հարցերուն
Նուիրուած Գիտաժողով
Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութիւնը, Երեւանի պետական համալսարանը եւ Հայաստանի Գրողներու միութիւնը պիտի կայացնեն երկօրեայ գիտաժողով` նուիրուած արդի հայ արձակի հիմնական հարցերուն:
Համազգայինի գրասենեակէն փոխանցուած տեղեկութիւններուն համաձայն, գիտաժողովը համակողմանիօրէն, գրականագիտական արդիական չափանիշներով պիտի արժեւորէ ժամանակակից հայ արձակը, պիտի անդրադառնայ անոր հիմնական հարցերուն, զարգացման միտումներուն եւ հեռանկարներուն:
Գիտաժողովին հրաւիրուած են` գիտնականներ, բանասէրներ` Հայաստանէն, Արցախէն եւ սփիւռքէն:
Ապրիլ 5-ին Երեւանի պետական համալսարանի բանասիրութեան բաժանմունքի դահլիճին մէջ տեղի պիտի ունենայ գիտաժողովին բացումը եւ զեկոյցներուն ներկայացումը, իսկ ապրիլ 6-ին աշխատանքները պիտի շարունակուին գրողներու Ծաղկաձորի ստեղծագործական տան մէջ, ուր նախատեսուած են կլոր սեղան-քննարկումներ եւ բանավէճեր:
Զեկուցումներու դիմումները կ՛ընդունուին մինչեւ 25 մարտ:
«Անահիտ» Առաջին Հայկական Երկար Շարժանկարը
Մեծ Պաստառ Պիտի Բարձրանայ
Վերջին 20 տարիներուն ընթացքին «Անահիտ»-ը առաջին երկար հայկական շարժանկարն է, որ բեմադրուած է հայ գրող Ղազարոս Աղայեանի հեքիաթին հիման վրայ եւ անիկա մեծ պաստառ պիտի բարձրանայ 2014-ի կիսուն: Այս մասին «Նովոսթի Արմենիա» գործակալութեան յայտնած է «Ռոպերթ Սահակեանց փրոտաքշըն» սթիւտիոյի ղեկավար, բեմադրիչ-արտադրիչ Դաւիթ Սահակեանցը:
«Մենք արդէն նկարահանած ենք ժապաւէնին 60 վայրկեանը, իսկ ընդհանուր տեւողութիւնը կը կազմէ մօտաւորապէս 80-85 վայրկեան. այնպէս որ, աշխատանքին մեծ մասը արդէն եղած է», յայտնած է ան:
Ըստ անոր, հեքիաթի հերոսներուն ձայներով հանդէս պիտի գան յայտնի հայ դերասաններ եւ երգիչներ, որոնց կարգին` Խորէն Լեւոնեան, Նազենի Յովհաննիսեան, Հրանդ Թոխատեան, Շուշան Պետրոսեան, Վարդան Զադոյեան, Մկրտիչ Արզումանեան (Մկօ), Դաւիթ Բաբայեան եւ Ռաֆայէլ Քոթանջեան:
Բեմադրիչը նշած է, որ գծանկարային ժապաւէնի անդրանիկ ցուցադրութիւնը տեղի պիտի ունենայ Հայաստանի մէջ, իսկ զայն միջազգային պաստառ բարձրացնելու համար նախատեսուած է թարգմանել անգլերէնի եւ ռուսերէնի:
«Թատերական Օնլայն Մրցանակաբաշխութիւն 2013»-ը
Պիտի Ներկայացուի Փոխուած Օրէնքներով Եւ Նորովի Ձեւով
«Թատերական օնլայն մրցանակաբաշխութիւն 2013»-ը տեղի պիտի ունենայ մարտ 26-ին Երեւանի Յովհաննէս Թումանեանի անուան տիկնիկային թատրոնին մէջ: Ըստ www.Tatron.info կայքի հիմնադիր նախագահ Ֆրունզէ Գէորգեանի, մրցանակաբաշխութիւնը այս տարի պիտի ներկայացուի նորովի ձեւով:
«Նախորդ տարի մրցանակաբաշխութիւնը իրականացաւ աւելի շատ փորձական տարբերակով, որուն միջոցով մենք նպատակադրեցինք հասկնալ, թէ ինչպէ՛ս պիտի ընկալուի հասարակութեան եւ մասնագիտական շրջանակներու կողմէ», յայտնեց Ֆ. Գէորգեանը: Ան նշեց, որ 2012 թուականի մրցանակաբաշխութեան յաջողութիւնը նպաստեց, որ ձեռնարկը շարունակական դառնայ: Կայքի հիմնադիր նախագահը շեշտեց, որ այս տարի նկատի պիտի առնուին նախորդ տարուան թերութիւնները, ինչպէս նաեւ փոփոխութիւններ պիտի ըլլան մրցանակաբաշխութեան քուէարկութեան կարգին մէջ:
«Եթէ նախորդ տարի իւրաքանչիւր անձ կրնար քուէարկել ամէն օր, ապա այս տարի մէկ համացանցային «Այ.Տի.»-է կարելիութիւն պիտի ունենան քուէարկելու ընդամէնը մէկ անգամ», նշեց Ֆ. Գէորգեան: Անոր համաձայն, քուէարկութեան կարգի փոփոխութիւնը երիտասարդներուն մօտ տարակարծութիւններու տեղ պիտի տայ, սակայն այս տարբերակը կարելիութիւն պիտի ընձեռէ խուսափելու կեղծումներէ: Փոփոխութեան ենթարկուեցան նաեւ մրցանակաբաշխութեան անուանակարգերը: Նախորդ տարուան 10 անուանակարգերու փոխարէն` պիտի կայացուի 13: Ի տարբերութիւն նախորդ տարուան` այս տարի քուէարկութեան արդիւնքները քուէարկողներուն համար տեսանելի պիտի չըլլան:
«Նախորդ տարի մրցանակակիրները պատուոյ գիրերէն բացի ստացան նաեւ մէկ տարուան «Փի. Ար.» ծրար, որ կ՛ենթադրէր տարուան ընթացքին հարցազրոյցներ եւ լուսաբանումներ` մրցանակակիրներուն մասին: Այս տարի այդ փաթեթը չկայ», նշեց կայքի գլխաւոր խմբագիր Լիլիթ Տէրտէրեանը:
Մրցանակաբաշխութեան նախագահ Անի Աբրահամեան աւելցուց, որ հանդիսատեսին համար բացման արարողութիւնը շատ հետաքրքրական պիտի ըլլայ, որովհետեւ բեմը ներկայացուած պիտի ըլլայ համակարգիչի ձեւով` մրցանակաբաշխութեան ձեւաչափին համապատասխան: Ձեռնարկը պիտի իրականացուի «օն լայն», իսկ հաղորդավարները իրարու հետ պիտի կապուին «Սքայփ»-ի միջոցով:
Մէկուկէս ժամ տեւողութիւն ունեցող մրցանակաբաշխութեան ընթացքին պիտի ներկայացուին նաեւ հատուածներ` տարբեր անուանակարգերու մէջ ներկայացուած բեմադրութիւններէ:
«Թատերական օնլայն մրցանակաբաշխութիւն 2013»-ի անուանակարգերը կազմուեցան www.tatron.info կայքի անձնակազմին կողմէ: Անուանակարգերու մասնակիցները պիտի ընտրուին առցանց` մամուլի, ընկերային ցանցերու եւ «Կուկըլ»-ի միջոցով, ինչպէս նաեւ այլ կայքերու մէջ իրենց աշխուժութեամբ առաւել աչքի զարնող թատերական գործիչները եւ թատերասէրները:
Նշենք, որ բոլոր անուանակարգերու լաւագոյնները պիտի ընտրուին միայն քուէարկութեան ճամբով, իսկ մրցանակակիրները պիտի ստանան ձեւարար Հայկ Կոտանեանի հեղինակած արձանիկները:
Յիշեցնենք, որ մրցոյթին քուէարկութիւնը սկսած է փետրուար 20-ին եւ պիտի աւարտի մարտ 15-ին:
Կը Քննարկուի Սուրիահայերուն Յատուկ
Թաղամաս Կառուցելու Հարցը
Սփիւռքի նախարարութիւնը մտադիր է Սուրիոյ մէջ տիրող պատերազմական կացութեան պատճառով Հայաստան տեղափոխուած սուրիահայերուն յատուկ թաղամասեր կառուցել` երեք տարբեր քաղաքներու մէջ:
Այս նախաձեռնութիւնը կը պատկանի նախարար Հրանուշ Յակոբեանին, որ արդէն համաձայնութիւններ ձեռք բերած է Աշտարակի, Վաղարշապատի եւ Մասիսի քաղաքապետներուն հետ:
Սփիւռքի նախարարութեան աշխատակազմի ղեկավար, սուրիահայերու հարցերով կազմուած յանձնախումբի նախագահ Ֆիրդուս Զաքարեանը յայտնած է, որ Երեւանին մօտակայ քաղաքներուն մէջ սուրիահայերուն յատուկ թաղամաս կառուցելու նախաձեռնութենէն առաջ կը մտածէին նոր քաղաք կառուցել` Հալէպ անունով: Սակայն այս գաղափարը իրականացնելը բաւական մեծ գումարներու կը կարօտի, ուստի նախարարութիւնը նախընտրեց առանձին թաղամասերու կառուցման գաղափարը:
Սփիւռքի նախարարին համաձայն, Վաղարշապատի, Աշտարակի եւ Մասիսի քաղաքապետները արդէն ներկայացուցած են այդ քաղաքներու յատակագիծերը` պատրաստակամութիւն յայտնելով այդ նպատակին համար հող յատկացնելու:
Առայժմ, սակայն, յստակ չէ այս ծրագիրին իրականացման գումարին չափը: Նախարար Հ. Յակոբեան դիտել տուած է, թէ ծրագիրը ներկայիս նախապատրաստական հանգրուանի մէջ է:
Թաղամասերու կառուցման համար կը քննարկուին նիւթական միջոցներու հայթայթման տարբերակներ: Տարբերակներէն մէկը կրնայ ըլլալ նորակառոյց բնակարանները շուկայէն աժան գիներով վաճառել սուրիահայերուն կամ անոնց նիւթական մասնակցութեամբ կատարել շէնքերու կառուցումը:
Սփիւռքի նախարարը յայտնած է, որ որոշ ծախսեր, օրինակ` ենթակառուցուածքներու կառուցումը, կրնայ վստահիլ պետութեան ներդրումին:
Սուրիոյ մէջ տիրող վիճակին պատճառով Հայաստան տեղափոխուած է շուրջ 11 հազար սուրիահայ: Անոնց մօտաւորապէս 4 հազար 5 հարիւրը վերադարձան Սուրիա կամ այլ երկիրներ, իսկ ներկայ դրութեամբ Հայաստանի մէջ կայ 6 հազար 5 հարիւր սուրիահայ:
Ֆ. Զաքարեան դիտել տուած է, որ թաղամասերու կառուցումը առաւել արդիւնաւէտ տարբերակ պիտի ըլլայ, քան այն, որ սուրիահայերը իրենք լուծեն բնակարաններ գնելու հարցը: Սուրիահայերուն համար բնակարաններ կառուցելու մտադրութիւն ունի նաեւ «Ամենայն հայոց արձագանգ» փրկարարական ծառայութիւն կազմակերպութիւնը: Այս կազմակերպութեան ծրագիրով կը նախատեսուի Երեւանի արուարձաններէն մէկուն մէջ քաղաքատիպ աւան կառուցել:
Կազմակերպութիւնը արդէն շուրջ հազար դիմում ստացած է սուրիահայերէ: 2 հեկտար տարածութեան վրայ կառուցուող բնակարաններուն համար սուրիահայերը պիտի վճարեն միայն շինարարութեան ծախսերուն համար. նախնական տուեալներով, մէկ քառակուսի մեթրի համար վճարելով 3 հարիւր տոլար: Բնակարանի վճարումը պիտի ըլլայ մասնավճարով` նախապէս վճարելով 10-20 առ հարիւր:
Հայաստանի Բոլոր Մարզերուն Մէջ Ռուսերէնի
Անվճար Դասընթացքներ Պիտի Տրուին
Անկախ պետութիւններու հասարակապետութեան երկիրներու երիտասարդական միութեան նախաձեռնութեամբ, Հայաստանի բոլոր մարզերուն մէջ 2013 թուականին պիտի հաստատուին ռուսերէնի անվճար դասընթացքներու ուսուցման 100 կեդրոններ: Հայաստանի մէջ Ռուսիոյ դեսպան Վեաչեսլաւ Քովալենքոն այդ կեդրոններուն մէջ դասաւանդելու կոչուած կազմին հետ 1 մարտին ունեցած հանդիպումին ընթացքին նշած է, որ շատ ուրախ է նման տարողութեամբ նախաձեռնութիւն կեանքի կոչելուն համար:
«Այս ծրագիրը պիտի ստանայ նոր դրսեւորումներ: Երբ ինծի յայտնեցին ծրագիրի գաղափարին մասին, չէի հաւատար, որ անիկա պիտի վերածուի զանգուածային շարժումի», դիտել տուած է Քովալենքոն: Դեսպանը շնորհակալութիւն յայտնած է Անկախ պետութիւններու հասարակապետութեան երկիրներու երիտասարդական միութեան խորհուրդի նախագահ Անդրանիկ Նիկողոսեանին` իրականացուած աշխատանքին համար:
«Ասիկա հրաշալի կարելիութիւն է այն մարդոց համար, որոնք կ՛ուզեն ռուսերէն սորվիլ: Մենք կ՛ուզենք, որ մեր փոքրիկները վերադառնան այն լաւ հանգրուանին, երբ հայ ժողովուրդը բազմալեզու էր, որովհետեւ լեզուներու իմացութիւնը կ՛ընդարձակէ գիտելիքներու հորիզոնը», նշած է դիւանագէտը: Ան դիտել տուած է, որ իր երկարամեայ գործունէութեան ընթացքին նկատած է, որ հայերը մեծ հակում ունին լեզուներու հանդէպ: «Կարծիքովս` հայերուն համար շատ կարեւոր է ռուսերէն գիտնալ, բայց` ոչ մայրենիին հաշուոյն», ընդգծած է ան:
Անդրանիկ Նիկողոսեան դիտել տուած է, որ մշակութային համարկումը յատկապէս կը հանդիսանայ հաղորդակցման կարեւորագոյն միջոց մը, իսկ ռուսերէնը պատմականօրէն միաւորած է նախկին Խորհրդային Միութեան ազգերը: «Այսօր կայ ռուսերէնի ընդարձակման հարց. ուստի անհրաժեշտութիւն դարձաւ իրականացնել ռուսերէնի անվճար դասընթացքներու ուսուցման ծրագիր», նշած է ան:
Երկրորդ տարին ըլլալով դասաւանդութիւններ կը տրուին: 2012 թուականին կեդրոններուն մէջ ռուսերէն սորված է 1200 հոգի:
Ռուսերէնի անվճար դասընթացքներ պիտի տրուին «Ռուսական գիրքի տուն» մշակութային կեդրոններուն մէջ: Հանդիպումին ընթացքին կեդրոններուն մէջ դասաւանդելու կոչուած կազմի ներկայացուցիչները ներկայացուցած են իրենց կատարած եւ կատարելիք աշխատանքը:
120 Նկարչուհի` 140 Ստեղծագործութիւն. Նկարիչներու
Միութեան Կեդրոնին Մէջ Բացուած Ցուցահանդէսին
Մասնակցած Են Միայն Կիներ
Երեւանի քաղաքապետ Տարօն Մարգարեան մասնակցած է Հայաստանի նկարիչներու միութեան մէջ կազմակերպուած «Գարնանային մեղեդի» խորագրով ստեղծագործական ցուցահանդէսին բացման: Արդէն վեցերորդ տարին անընդմէջ, մարտ 8-ին ընդառաջ կազմակերպուող ցուցահանդէսի շրջանակին մէջ ներկայացուած են կին նկարիչներու ստեղծագործութիւններ: Այս անգամ ցուցահանդէսին մասնակցած են 120 նկարչուհի` 140 ստեղծագործութիւններով: Քաղաքապետը շրջած, ծանօթացած է աշխատանքներուն եւ զրուցած ու շնորհաւորած է հեղինակները:
Այնուհետեւ, պատասխանելով լրագրողներու հարցումներուն, քաղաքապետ Տարօն Մարգարեան նախ նկատած է, որ Կիներու միջազգային օրուան ընդառաջ արուեստասէր հասարակութեան կին ստեղծագործողներու աշխատանքներու ներկայացման նման կարելիութեան ընձեռումը, ըստ էութեան, իւրովի գնահատանք է անոնց հանդէպ:
«Այս ձեռնարկը արդէն աւանդական դարձած է, որ իր հերթին կը վկայէ, որ այս իսկապէս յաջող նախաձեռնութիւն է: Օգտուելով առիթէն` կը շնորհաւորեմ թէ՛ ստեղծագործող եւ թէ՛ ընդհանրապէս բոլոր հայ կիները այս գեղեցիկ տօնին առիթով եւ կը մաղթեմ իրենց երջանկութիւն եւ յաջողութիւններ` բոլոր նախաձեռնութիւններուն մէջ», նշած է քաղաքապետը:
Հայաստանի նկարիչներու միութեան ցուցասրահին մէջ Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութեան կիներու խորհուրդի աջակցութեամբ կազմակերպուած «Գարնանային մեղեդի» խորագրով ստեղծագործական ցուցահանդէսը բաց պիտի մնայ մէկ շաբաթ: Այս մասին յայտնած են Երեւանի քաղաքապետարանի տեղեկատուութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութենէն:
Հայ Ժամանակակից Գրողները Կը Շարունակեն Գլխաւորել
«Երեւանեան Պեսթսելըր»-ի Ցանկը
«Երեւանեան պեսթսելըր» հեղինակային նախագիծով ժամանակակից գրող, արձակագիր Դաւիթ Մկր-Սարգսեան այս շաբթուան ամէնէն աւելի գնուած գիրքերու ցանկը կը գլխաւորէ: Անոր «Երկուութիւն» գիրքը առաջին անգամ ըլլալով տեղ կը գտնէ վարկանշային աղիւսակին մէջ: Երկրորդ դիրքին վրայ է ֆրանսացի գրող Անթուան տը Սենթ Էքզիւփերիի «Փոքրիկ իշխանը»: Ցանկին մէջ մնայուն ներկայութիւն եղող Յովհաննէս Թումանեանի հեքիաթները երրորդ դիրքին վրայ են, իսկ «Մատեան ողբերգութեան»-ը` չորրորդ: Պրազիլցի ժամանակակից գրող Փաուլօ Քոելոյի «Ալքիմիկոս»-ը, որ յատկապէս կը հետաքրքրէ երիտասարդները, հինգերորդ դիրքի վրայ է: Անոր կը յաջորդէ Սուն Ցզիի «Ստրատեգիայի արուեստը» փիլիսոփայական գիրքը: Ժամանակակից գրող Դաւիթ Մուրատեանի «Երազներու մեկնութիւն» գիրքը, որ եօթներորդ դիրքի վրայ է, կրկին առաջին անգամ ըլլալով տեղ կը գտնէ ցանկին մէջ: Ութերորդ հորիզոնականին վրայ է հայ ժամանակակից գրող Աշոտ Աղաբաբեանի «Մենակը» վէպը, որ արդէն երրորդ անգամ ըլլալով կը յայտնուի ցանկին մէջ: Իններորդ դիրքին վրայ է շուէտացի գրող Աստրիտ Լինտքրենի «Երկարագուլպայ Պիպի»-ն: Հայերէնի թարգմանուելէ ետք այս գիրքը մեծապէս հետաքրքրութիւն յառաջացուցած է դպրոցականներուն մօտ: «Երեւանեան պեսթսելըր» նախագիծի ամէնէն աւելի գնուած գիրքերուն ցանկը կ՛եզրափակէ անգլիացի բանաստեղծ եւ թատերագիր Ուիլիըմ Շէյքսփիրի «Համլեթ» ողբերգութիւնը:


