ՀԱՅ ԳՈՐԾԱՐԱՐՆԵՐՈՒ ԽՈՐՀՐԴԱԺՈՂՈՎԻՆ ԱՌԻԹՈՎ. «ԵԹԷ ԱՆՊԱՅՄԱՆ ՊԷՏՔ Է ԱՐՏԱԳԱՂԹԵԼ, ԱՊԱ ՄԻԱՅՆ ՀԱՅԱՍՏԱՆ ՊԷՏՔ Է ՄԵԿՆԻՆՔ» «ԱԶԴԱԿ»ԻՆ ՅԱՅՏՆԵՑ ՆԱԶԱՐԷԹ ՍԱՊՈՒՆՃԵԱՆ
29-30 ապրիլին Երեւանի մէջ գումարուեցաւ հայ գործարարներու խորհրդաժողովը: Այս առիթով «Ազդակ» հարցազրոյց մը ունեցաւ Հայ առեւտրա-արդիւնաբերողներու ցանցի (ՀԱՑ) Միջին Արեւելքի պատասխանատու Նազարէթ Սապունճեանին հետ: Ստորեւ հարցազրոյցին մանրամասնութիւնները:
ԱԶԴԱԿ.- Ե՞րբ եւ որո՞ւ նախաձեռնութեամբ կազմակերպուեցաւ այս խորհրդաժողովը:
ՆԱԶԱՐԷԹ ՍԱՊՈՒՆՃԵԱՆ.- 2010-ի աշնան Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեան իր Քանատա կատարած այցելութեան ընթացքին Հայաստանի եւ Հայ քանատական գործարարներու միութեան միջեւ գործակցութեան համաձայնագիր մը կը կնքէ: Այս առիթով Քանատահայ գործարարներու միութեան հետ գեղեցիկ գաղափարը կը յղանան յառաջացնելու համասփիւռքեան տարողութեամբ միութիւն մը` «Հայ առեւտրա-արդիւնաբերողներու ցանց» (ՀԱՑ) անունով, որուն առաջին խորհրդաժողովը կազմակերպուեցաւ Երեւանի մէջ, 29-30 ապրիլ 2011-ին:
«Ա.».- Որո՞նք մասնակցեցան այդ խորհրդաժողովին եւ ի՞նչ են անոր հիմնական նպատակներն ու առաջադրանքները:
Ն. Ս.- Համասփիւռքեան այս խորհրդաժողովին գլխաւոր մասնակիցները եղան Հայաստանէն, Արցախէն եւ սփիւռքէն. Հայաստանէն` սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեան, Հայաստանի առեւտրա-արդիւնաբերութեան պալատի նախագահ Մարտին Սարգսեան, Հայաստանի արդիւնաբերողներու եւ գործարարներու միութեան նախագահ Արսէն Ղազարեան, Արցախի պատուիրակութիւնը: Իսկ սփիւռքէն մասնակցեցան հետեւեալ գաղութներէն` Միացեալ Նահանգներէն, Աւստրալիայէն, Իրանէն, Լիբանանէն, Պելճիքայէն, Քանատայէն, Ֆրանսայէն (Փարիզ եւ Մարսէյ) պատուիրակութիւններ եւ ներկայացուցիչներ:
Այս խորհրդաժողովին հիմնական նպատակներն ու առաջադրանքներն են.
– Աշխարհասփիւռ հայ գործարարներու միջեւ կապի ստեղծում:
– Խրախուսել իրարու միջեւ առեւտրական գործառնութիւններն ու տեղեկութեանց փոխանակումը:
– Փոխադարձ գործակցութեամբ նպաստել ու զարկ տալ Հայաստանի առեւտուրին եւ արդիւնաբերական մարզին: Հայկական արդիւնաբերութեանց դէպի արտասահմանեան շուկաներ բացուելու առիթ ստեղծել:
– Աշխատանքի առիթներ ստեղծել հայ երիտասարդութեան` պայքարելու եւ նուազեցնելու համար անոնց (Հայաստանէն) արտագաղթը:
– Քաջալերել հայկական թէ օտար նիւթական առեւտրական ներդրումները Հայաստանի ու Արցախի մէջ:
«Ա.».- Նշեցիք, որ Լիբանանէն եւս պատուիրակութիւն մը մասնակցած է այս խորհրդաժողովին. որո՞նք էին մասնակցող անդամները: Եւ այս առիթով եթէ փակագիծ մը բանանք, ի՞նչ կրնաք ըսել Լիբանանահայ գործարարներու միութեան մասին: Անիկա որքանո՞վ դերակատար է Հայաստան-Լիբանան առեւտրական գործակցութեան զարգացման մէջ:
Ն. Ս.- Լիբանանէն մասնակցեցանք` ես, Ռոպեր Տիգրան Աբրաթ եւ Հրայր Տանձիկեան, իսկ Լիբանանահայ գործարարներու միութեան գծով ըսեմ, որ մենք 1997-էն իսկ գործի լծուած էինք ու կազմեցինք Հայ գործարարներու լիբանանեան միութիւնը (Lebanese Assembly of Armenian Businessmen – LAAB): 1999-ին ստացանք լիբանանեան պաշտօնական ճանաչում: Հիմնադիր առաջին վարչութեան նախաձեռնութեամբ, 16-18 սեպտեմբեր 1998-ին, Պէյրութի մէջ կազմակերպուեցաւ Հայաստան- Լիբանան առեւտրական առաջին խորհրդաժողով-ֆորիւմը` հովանաւորութեամբ օրուան վարչապետ Ռաֆիք Հարիրիի: Այս առիթով Հայաստանէն մասնակցեցաւ յատուկ պատուիրակութիւն մը` գլխաւորութեամբ օրուան վարչապետ Արմէն Դարբինեանի:
1999-ին Երեւանի մէջ գումարուեցաւ Հայաստան-Լիբանան առեւտրական 2-րդ խորհրդաժողովը` հովանաւորութեամբ օրուան (նահատակ) վարչապետ Վազգէն Սարգսեանի: Իսկ Լիբանանէն տնտեսութեան նախարար Նասէր Սայիտի կը գլխաւորէր մեր պատուիրակութիւնը , որ կը բաղկանար 70 գործարարներէ, մեծամասնութեամբ` հանրածանօթ տեղացի մեծ արդիւնաբերողներ: Այս հանդիպումները խիստ խոստմնալից ու քաջալերական էին Հայաստան – Լիբանան գործակցութեան իմաստով, սակայն 27 հոկտեմբեր 1999-ին վարչապետ Վազգէն Սարգսեանի եւ խորհրդարանի իր ընկերակիցներու սպանութեան ցաւալի դէպքը որոշ ժամանակով առկախեց մեր գործունէութիւնը:
Նշեմ, որ զոյգ այս խորհրդաժողովներուն կազմակերպուեցան հայկական թէ լիբանանեան արտադրութեանց յատուկ ցուցահանդէսներ: Նմանապէս կողմնակի հարիւրաւոր հանդիպումներ կայացան հայաստանեան թէ լիբանանեան պատուիրակութեանց միջեւ` առեւտրական գործակցութեանց փոխանակման նպատակով:
«Ա.».- Վերադառնալով վերջին` այս տարուան խորհրդաժողովին, հիմնական ի՞նչ աշխատանքներ կատարուեցան, ի՞նչ որոշուեցաւ:
Ն. Ս.- Հիմնականին մէջ օրական երկու աշխատանքային նիստեր գումարուեցան, կողմնակի բազմաթիւ հանդիպումներու կողքին:
Որոշուեցաւ երկու տարին անգամ մը գումարել այս խորհրդաժողովները, սակայն բացառաբար այս անգամ յաջորդ խորհրդաժողովը որոշուեցաւ կայացնել շատ հաւանաբար սեպտեմբեր 2012-ին, Արցախի մայրաքաղաք Ստեփանակերտի մէջ:
Այս առիթով (Հայաստանի) վարչապետ Տիգրան Սարգսեան խօսք առնելով` մանրամասնօրէն ներկայացուց Հայաստանի տնտեսութեան զանազան մարզերու պարզած իրավիճակը` մօտիկ անցեալին, ներկայիս թէ ապագայի ծրագրումներու հեռանկարներով, ձգտելով դուրս գալ այժմու ճգնաժամային վիճակէն:
Իսկ սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեան ամբողջական նեցուկ եւ զօրակցութիւն ցուցաբերեց` այս նախարարութեան կազմակերպական թէ այլ կարելիութիւններ դնելով ի սպաս այս խորհրդաժողովի յաջողութեան:
Նշեմ, որ այս առիթով նախագահ Սերժ Սարգսեան յատուկ ընդունելութեամբ հանդիպում մը ունեցաւ խորհրդաժողովի մասնակիցներուն հետ եւ լսեց մասնակից զանազան հայօճախներու ներկայացուցիչներուն խօսքերը, առաջարկները, եւ իր կարգին ցուցմունքներ տուաւ` զօրակցելու Հայաստանին ու յատկապէս Արցախին` դժուարին այս պայմաններուն մէջ:
Նախագահ Սերժ Սարգսեան հիմնականին մէջ ընդգծեց հետեւեալ կէտերը,
– Հայաստանի տնտեսական իրավիճակ,
– Մերժողական կեցուածք` Թուրքիոյ հետ քաղաքական յարաբերութեան գծով,
– Արցախի հարց,
– Նախապատրաստութիւն` Եղեռնի հարիւրամեակին (2015),
– Ներդրում` Հայաստանի թէ Արցախի տնտեսութեան մէջ,
– Պայքար փտածութեան եւ Հայաստանէն արտագաղթի դէմ:
Վերադառնալով խորհրդաժողովի հիմնական որոշումներուն` ըսեմ, որ նշածներուս կողքին, որոշուեցաւ որոնել ու գտնել միջոցներ` մատակարարելու կամ նիւթական ապահովելու համար այս գործակցութեան յաջողութեան ու զարգացման նպատակով:
Իսկ յառաջիկայ գործունէութեան համար աշխատանք պիտի տարուի հետեւեալ կազմով.
Վահրամ Փիրճանեան (նախագահ), Նազարէթ Սապունճեան (փոխնախագահ), Նիկ Յակոբեան, Մարտին Սարգսեան, Ժաք Աւտոյեան:
«Ա.».- Ի՞նչ պիտի ըլլայ ձեր յաջորդ քայլը` յատկապէս իբրեւ Լիբանանի եւ Միջին Արեւելքի պատասխանատու` գործնական ի՞նչ նախաքայլերու պիտի դիմէք:
Ն. Ս.- Յատուկ հարցարաններ պիտի ցրուենք հայ առեւտրական մարզի արդիւնաբերող սեփականատէրերուն եւ անոնց պատասխաններուն հիման վրայ վիճակագրական պատկեր մը պիտի կազմենք նշեալ շրջաններուն մասին` առ ի զեկուցում ՀԱՑ-ի յաջորդ խորհրդաժողովին:
«Ա.».- Եթէ Լիբանանի եւ Միջին Արեւելքի մէջ տակաւին կան հայ առեւտրականներ կամ գործարարներ, որոնք կը փափաքին մաս կազմել ու անդամակցիլ Հայ առեւտրա-արդիւնաբերողներու ցանցին (ՀԱՑ), ի՞նչ պէտք է ընեն, որո՞ւ պէտք է դիմեն:
Ն. Ս.- Շատ սիրով կ՛ընդունինք հայ նոր գործարարներու անդամակցութիւնը: Ան, որ կը փափաքի, կրնայ դիմել մեզի հետեւեալ հասցէով.
Նազարէթ Սապունճեան հեռ. 961-04/711117, 09/477778, ֆաքս 04/711118 , 09/477718, ե- հասցէ.- [email protected]:
«Ա.».- Այս առիթով ի՞նչ խօսք ունիք ըսելիք հայութեան ու յատկապէս` Լիբանանի՛ հայութեան:
Ն. Ս.- Նախքան վերջին խօսք մը ըսելս` կ՛ուզեմ մէջբերում մը կատարել Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի խօսքէն, թէ` երբ Միջազգային դրամատան պատասխանատուներու ժողովին պատկան կողմեր դրուատիքով արտայայտուած են` յայտնելով, թէ աշխարհի հայ գործարարներու ներդրումը բաւական ուժեղ է ու կը հասնի 100 միլիառ տոլարի, նախագահին շուրջ նստող Մոսկուայի պատուիրակներ «լուսաբանած են», թէ միայն Մոսկուայի գործարարներու գործառնութիւնը արդէն իսկ կը գերազանցէ այդ գումարը, հետեւաբար աշխարհի հայ գործարարներու գործառնութիւնը կրնայ հասնիլ ու գերազանցել 300 միլիառ տոլարը:
Այս մէջբերումը կատարելով` ըսել կ՛ուզեմ, թէ մենք` սփիւռքի հայ գործարարներս, տնտեսական ներդրումի մեծ ուժ կը ներկայացնենք, արդ, հարկ է մեր այս կարողականութիւնը ներդրել ու դնել ի սպաս հայրենիքի (Հայաստանի թէ Արցախի մէջ) տնտեսական հզօրանքին: Փաստօրէն սփիւռքի մէջ որքան ալ հզօր ըլլանք, մեր անհերքելի հիմնական իրականութիւնը մայր Հայաստանն է, որ կը գոյատեւէ հազարամեակներէ ի վեր: Այսօր ո՞ւր են երբեմնի մեր հզօր ու հարուստ գաղթօճախները` Լեհաստանի, Պոլսոյ, Եգիպտոսի (ուր ունեցած ենք հայազգի երեք սուլթաններ` տասը դարեր առաջ, վարչապետ մը 125 տարի առաջ` Պողօս Նուպար փաշա եւ 100 հազար հայազգի զինուոր), Հնդկաստանի (յատկապէս` Կալկաթայի) թէ այլ վայրերու մէջ: Փափաքս է, որ եթէ անպայման պէտք է արտագաղթել Լիբանանէն կամ Միջին Արեւելքի հայ գաղթօճախներէն, ապա պէտք է ուղղուիլ դէպի մայր հայրենիք ու հո՛ն ներդրել մեր կարողութիւններն ու տնտեսական հզօրանքի տուեալները…
Հարցազրոյցը վարեց`
ՍԻԼՎԱ ԳԱՐԱՎԱՐԴԱՆԵԱՆ