Կիրակնօրեայ Խօսքը. «Աբրահամ` Հայր Հաւատացողներուն» (4)
ՄԵՍՐՈՊ ՀԱՅՈՒՆԻ
Սիրելի՛ ընթերցող, շարունակենք եւ աւարտենք այս հարցադրումին պատասխանը, թէ` «Աբրահամ` հայր հաւատացողներուն», ինչո՞ւ եւ ինչպէ՞ս:
Տասներորդ դէպքը: Սառա շատ գեղեցիկ կին էր: Իր ուղեւորութիւններուն ընթացքին Աբրահամ իր կինը կը ներկայացնէր իբրեւ իր քոյրը, ինչ որ լման սուտ չէր, քանի, ինչպէս Աբրահամ բացատրեց Աբիմելէք թագաւորին. «Բայց արդարեւ քոյր իմ է ի հօրէ եւ ոչ ի մօրէ եւ եղեւ ինձ կին» (Ծն. 20,12):
Աբրահամ, մա՛րդը, որ միշտ վախի մէջ էր սպաննուելու իր կնոջ գեղեցկութեան պատճառով, գերարացիներու արքային Սառան ծանօթացուց իբրեւ իր քոյրը, զոր շատ հաւնելով` Աբիմելէք առաւ կնութեան: Տէրը միջամտեց եւ սպառնաց թագաւորին, որ խոստովանեցաւ, թէ իրաւացիօրէն` «ես սրբութեամբ սրտի եւ արդարութեամբ ձեռաց արարի զայս» (Ծն. 20,5):
– Աստուած արքային ներկայացուց Աբրահամը իբրեւ «այր մարգարէ», որ կ՛աղօթէ «վասն քոյ եւ կեցցես»: Եւ իրապէս, «Աբրահամ աղօթեց Աստուծոյ, որ բժշկեց Աբիմելէքն ու անոր կինը», ինչպէս ալ` բոլոր տնեցիները եւ աղախինները (Ծն. 20,7 եւ 17-18):
Տասնմէկերորդ եւ վերջին դէպքը: Տիրոջ խօսքին համաձայն, Իսահակ ծնած էր իր ժամանակին եւ պարման մըն էր` հանդիսանալով «մեծ ուրախութիւնն» իր հօր` «Աբրահամ»-ին:
Որդեսէր ծերունին փորձելու համար Տէրը ձայնեց. «Աբրահա՛մ, Աբրահա՛մ, ա՛ռ քու սիրելի որդիդ` Իսահակը եւ գնա՛ այն բարձր լեռը, զոր պիտի ցուցնեմ քեզի: Հոն ինծի պիտի մատուցես իբրեւ ողջակէզ»:
Յաջորդ օրն իսկ «Աբրահամ» հնազանդեցաւ Աստուծոյ եւ ճամբայ ելաւ գործադրելու Անոր յստակ հրամանը: Իր կապած որդիին վրայ դանակը բարձրացնելով` ահա լսեց Տիրոջ հրեշտակին ձայնը երկինքէն:
«Աբրահա՜մ, Աբրահա՛մ, մի՛ մխեր քու ձեռքդ պատանիին մէջ եւ բան մը մի՛ ըներ անոր, որովհետեւ հիմա գիտցայ, թէ դուն երկիւղած ես Աստուծոյ եւ ինծի համար չխնայեցիր քու սիրելի որդիդ:
«Իմ անձիս երդում կատարեցի, քանի այդ բանն ըրիր եւ ինծի համար չխնայեցիր քու սիրելի որդիդ, այո՛, օրհնելով պիտի օրհնեմ քեզ եւ բազմացնելով պիտի բազմացնեմ քու զաւակդ երկինքին աստղերու բազմութեան չափ եւ որպէս աւազը ծովու ափին: Քու զաւակիդ մէջ պիտի օրհնուին բոլոր ազգերը, որովհետեւ լսեցիր եւ անսացիր իմ ձայնիս» (Ծն. 22,12-19):
Եզրայանգումը: Վերջապէս, հասանք աւարտին տասնմէկ աբրահամեան դէպքերուն, որոնց ընդմէջէն, կը կարծեմ, դուք առիք ուղիղ պատասխանը իմ ելոյթիս վերտառութեան, թէ` «Աբրահամ հայրն է հաւատացողներուն»:
Մեր ճիշդ հասկացողութեան ու պատասխանին համար մեզի օգնութեան կը հասնի Ս. Պօղոս, որ հռոմէացիներուն գրած նամակին չորրորդ գլուխը կը յատկացնէ այս հարցին վերլուծումին եւ լուծումին:
Մէջբերելէն ու շեշտելէն ետք, թէ` «Աբրահամ հաւատաց Աստուծոյ եւ ասիկա իրեն արդարութիւն համարուեցաւ», կը յայտարարէ. «Արդարեւ …հաւատքով արդարացումի զօրութեամբ, Աբրահամի եւ անոր սերունդին տրուեցաւ խոստումը` ստանալու աշխարհը իբրեւ ժառանգութիւն»:
Տրուած «խոստումը հաւատքէն է» եւ հաւատքին համար է, «որպէսզի ձրի ըլլայ եւ ի զօրու` Աբրահամի ամբողջ սերունդին, այսինքն` ո՛չ միայն անոր, որ օրէնքով ժառանգորդ է, այլ նաեւ անոր, որ ժառանգորդ է հաւատքովն Աբրահամի, որ բոլորիս հայրն է» (Հռմ. 4,16):
Առաքեալը բոլորովին համոզուած է իր խօսքին ճշմարտութեան, որ ներշնչեալ ճշմարտութիւնն է: Եթէ Աբրահամ չհաւատար, չէր ըլլար ո՛չ հայրը հաւատացեալներուն եւ ո՛չ ալ մեր հայրը հաւատքին մէջ. «Աբրահամ մեր հայրն է Աստուծոյ առջեւ, որուն հաւատաց» (Հռմ. 4,17):
Ոչ միայն Տէրը «կը կենդանացնէ մեռելները եւ անգոն կը կանչէ գոյութեան», այլ նաեւ` մեր հաւատքը, որուն նաեւ տրուած ուժը` ամէն բան հնազանդեցնելու, մինչեւ իսկ լեռները տեղափոխելու (Մտթ. 17,20):
Մեր հաւատքով մենք սահմանուած ենք մարդկօրէն անհնարին եւ անիրագործելիին, քանի անկարելիին Տէրը (Ծն. 18,14, Եր. 32,27 եւ Ղկ. 1,37) կ՛օժտէ մեզ իր արարչական ու հրաշագործ ուժականութեամբ. «Եթէ մանանեխի հատիկին չափ հաւատք ունենաք, ո՛չ մէկ բան անկարելի պիտի ըլլայ ձեզի» (Մտթ. 17,20):
Ուրեմն մեր հաւատքը պիտի ըլլայ ամէն մարդկային ակնկալութեան եւ սպասումի, ամէն տրամաբանութեան ու տարողութեան` ի հեճուկս, որ կարենայ պտղաբերել «հարիւր,… վաթսուն, … երեսուն» (Մտթ. 13,8):
Միայն այսպէս «յուսալով հակառակ ամէն յոյսի` Աբրահամ հաւատաց եւ եղաւ հայր բազմաթիւ ազգերու, ինչպէս որ գրուած է, թէ այսպէս պիտի ըլլայ քու սերունդդ (Ծն. 15,5)» (Հռմ. 4,18):
Ոչ միայն ֆիզիքական ու նիւթական անկարելիութեան, այլ նաեւ հոգեկան ու մտաւոր անկարողութեան մէջ իսկ մեր հաւատքը պէտք է մնայ հաստատ եւ ամրապինդ` նոյնիսկ գիտակցելով մարդկապատկան ուրոյնութիւններուն մշտատեւ առկայութեան:
Թէպէտ Աբրահամ լաւագոյնս գիտէր իր մարմնին անկարութիւնը ու Սառայի` իր կնոջ ամլութիւնը, որոնց վրայ շատոնց «իջած էր մահուան ստուերը», բայց եւ այսպէս մնաց «անխախտ հաւատքով» (Հռմ. 4,19):
Կա՛մ կը հաւատանք Տիրոջ խօսքին եւ անոր կառչած կը մնանք ի գին ամէն բանականութեան ու փորձառութեան, կա՛մ ալ կը խարխափինք մեր տրամաբանութեան եւ հմտութեան բաւիղներուն մէջ. «Աստուծոյ խոստումին դիմաց, սակայն, Աբրահամ չտարակուսեցաւ, այլ զօրացաւ հաւատքով եւ փառք տուաւ Աստուծոյ` լիովին համոզուած ըլլալով, թէ Աստուած կարող է իրագործել իր խոստումը» (Հռմ. 4,20-21):
Աբրահամի` հաւատքին մէջ այս անխախտութիւնն ու հաւատքով այս անկասկածութիւնը պատճառեցին «անոր արդարութիւնը», այսինքն` սրբութիւնը, որուն շնորհիւ արժանացաւ ոչ միայն ըլլալու «հայր հաւատացելոց», այլ նաեւ` հանդիպելու եւ խօսակցելու Տիրոջ հետ:
Հաւատացեալներու աստղահոյլին մէջ եթէ մենք ալ ըլլանք, այն ատեն Աբրահամէն` Աստուծոյ որոշումով մեր հոգեւոր հօրմէն կ՛ընդունինք ժառանգութիւնը թէ՛ հաւատքին եւ թէ՛ սրբութեան: Այսպէս մեր վրայ եւ մեզի համար կ՛իրականանայ Ս. Պօղոսի այս սահմանումը. «Արդ, միայն Աբրահամի համար չէ գրուած, թէ ասիկա արդարութիւն համարեցաւ անոր, այլ նաեւ մեզի համար հաւատքը պիտի համարուի արդարութիւն» (Հռմ. 4,23-24):
Աբրահամ գիտէր, թէ չէր հաւատար ոչինչին եւ կամ` կուռք չաստուածին, այլ` միայն ու միայն կենդանի եւ միակ Աստուծոյն, որ էր, է ու միշտ պիտի ըլլայ «Աստուած երկնից եւ Աստուած երկրի», ինչպէս նաեւ անկէ «չվրիպեցոյց իր արդարութիւնն ու ճշմարտութիւնը» (Ծն. 24,3 եւ 27):
Այնճար, 24 մարտ 2013

