Հարցականի Ենթարկել
ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
Նախագահական ընտրութիւններէն ետք ծնունդ առած ժողովրդային շարժումով ոգեւորուեցանք ու անկախ ամէն ինչէ` տակաւին ոգեւորուած կը մնանք:
Ի՞նչ կը նշանակէ` «անկախ ամէն ինչէ», պիտի հարցնէ ընթերցողը: Առաւել եւս, շարժումին համակիր ընթերցողը այս հարցադրումը պիտի կատարէ` կասկածի ենթարկելով իմ յանձնառութիւնս, համոզումս ժողովրդային շարժման յաղթանակին հանդէպ, տկարութիւն ու տատանում տեսնելով մէջս:
Բացարձակապէս չեմ ուզեր դոյզն չափով իսկ ստուերել շարժումը, չեմ կրնար, որովհետեւ նպատակս զայն կիրքով, հոգիով հզօրացնել եղած է ու կը մնայ: Բայց եւ այնպէս, նոյն շարժումին զինուորագրեալի իրաւունքով, կ՛ուզեմ, որ որոշ հարցեր պարզաբանուին ինծի համար:
Այդ հարցերու շրջանակէն է օրինակ այն, որ շարժումին ղեկավարները գիտակցաբա՞ր, թէ՞ անգիտակցաբար կը վիրաւորեն զիս` իբրեւ դաշնակցականի, երբ կուսակցական ըլլալը որպէս նուաստացման արժանի յատկանիշ կը ներկայացնեն: Նոյն այս հարցերու շրջանակէն` «Ժառանգութեան» էութեան մասին բացատրութիւն պէտք է տան: Այսինքն, եթէ «Ժառանգութիւն»-ը միաձուլուած է ժողովրդային շարժումին հետ, ուրեմն այլեւս կուսակցութիւն չէ՞, կուսակցութիւններէն վեր ուրիշ կառո՞յց մըն է. իսկ եթէ կառոյց է, կրնա՞յ ժողովրդային ըլլալու յաւակնութիւնը ունենալ: Ի վերջոյ, ի՞նչ յատկանիշներ պէտք է ունենայ ժողովրդային շարժում մը, ի՞նչ ձեւով ժողովուրդը մասնակից պիտի ըլլայ շարժումի զարգացման, ուղղութեան ձեւաւորման: Արդեօ՞ք շարժումի մասնակից քաղաքացին կամ անոր զօրակցող սփիւռքահայը պէտք է մէկ կողմ դնէ իր բոլոր հարցականները եւ կոյր վստահութեամբ հետեւի շարժումի ղեկավարներուն կամ ղեկավարի ցուցմունքներուն: Արդեօք կարելի՞ է այդ ցուցմունքներուն հիմնաւորումը հասկնալու համար հարցեր ուղղել, թէ՞ հարցերը կրնան նկատուիլ գրգռութիւն կամ իշխանութեան գործիքի մը վերաբերմունքը:
Այս հարցադրումները եւ դեռ ուրիշներ կը տագնապեցնեն զիս: Յանուն շարժումին` պատրաստ եմ յանդիմանուելու, ամբաստանուելու, մեղադրուելու: Բայց գոնէ` պարզաբանուիլ:
«Ասպարէզ»
28/03/2013

