ՍՊԱՆԻԱՅԻ ՀԱՅ ԴԱՏԻ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲԸ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊԵՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՇՈՒՐՋ ԻՐ ԱՌԱՋԻՆ ԴԱՍԱԽՕՍՈՒԹԻՒՆԸ

Մատրիտի Սան Փապլօ համալսարանի տնտեսագիտութեան բաժանմունքին մէջ մայիս 4-ին տեղի ունեցաւ  Հայոց ցեղասպանութեան նուիրուած դասախօսութիւն,  առաջինը Սպանիայի նորակազմ Հայ դատի յանձնախումբին, զոր ներկայացուց յանձնախումբի փոխնախագահուհի Կլենտա Աճեմեանցը: Հիւրերու շարքին էին Սպանիայի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Խորէն Տէրտէրեանը եւ Մատրիտի հայ համայնքի ներկայացուցիչներ ու համալսարանի ուսանողներ:

Դասախօսներն էին` Անթոնիօ Էլորզա` Մատրիտի Քոմփլութենսէ համալսարանի քաղաքագիտութեան դասախօս, Խոսէ Լուիս Օրելլա` Մատրիտի Սան Փապլօ համալսարանի պատմագիտութեան դասախօս, գրող եւ լրագրող Խոսէ Անթոնիօ Կուռիարան եւ Հայ դատի յանձնախումբի Կեդրոնական վարչութեան  անունով Մարիօ Նալպանտեան:

Անթոնիօ Էլորզա նշեց, որ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման հարցը կը վերաբերի ոչ միայն հայերի եւ թուրքերի,  այլ` համընդհանուր մարդկութեան: Միջազգային ընտանիքը անհրաժեշտ ճնշումը չի գործադրեր, ըստ Էլորզայի ` Թուրքիան մղելու Ցեղասպանութեան ժխտման քարոզչութիւնը դադրեցնելու: Ուստի հարկաւոր է շարունակել ճանաչման պայքարը, քանի դա օգտակար պիտի ըլլայ  ամբողջ մարդկութեան:

Խոսէ Լուիս Օրելլան պատմելով, որ շատերն Սպանիայի մէջ անգամ անծանօթ են հայ ազգին` որ ունի երկար դարերի պատմութիւն, եւ որի աւանդութիւններն ու մշակոյթը ունեն հսկայական հարստութիւն, նշեց թէ հայ ազգը, յատկապէս որպէս մարտիրոսական ազգ, ստիպուած եղած է դարեր ի վեր գոյատեւել տարբեր թշնամիների դէմ: Օրելլան ընդգծեց լրատուամիջոցների պատասխանատուութեան կարեւորութիւնը մէկ կողմէ ծանօթացնելու հայկական իրականութիւնը եւ միւս կողմէ` տարածելու Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման պահանջն ու հայ ժողովրդի շարունակուող պայքարը:

Ինչպէս անցեալին` Խոսէ Անթոնիօ Կուռիարանի խօսքերը լի էին հայ ազգի նկատմամբ խոր զգացմունքներով: Ցեղասպանութեան ճանաչման հարցի նկատմամբ միջազգային ընտանիքի ապահետաքրքրութեան դիմաց` Կուռիարան յոյս յայտնեց, թէ Սպանիայի մէջ կ՛աւելանայ այդ հետաքրքրութիւնը, շնորհիւ հայ համայնքի գործունէութեան եւ կազմակերպուած ներկայութեան:

Մարիօ Նալպանտեան իր ելոյթի ընթացքին նշեց, որ Սպանիայի մէջ անպայման պէտք է թափ տալ Ցեղասպանութեան եւ ընդհանրապէս հայութեան պայքարին: Ըստ նրա Հայ դատի յանձնախումբի դիրքորոշումները պարզ եւ յստակ են, իսկ Սպանիայի կառավարութիւնը բոլորովին հեռու կը մնայ այս հարցից: Նման դրսեւորում ցոյց կը տայ անհամարձակութիւն, որի օրինակին դեռ կը հետեւի Եւրոմիութեան պետութիւններու մեծ թիւ` այդ դրսեւորման բացասական հետեւանքներով: Ըստ Մարիօ Նալպանտեանի, քաղաքական աջ կամ ձախ դիրքերը նշանակութիւն չունեն այստեղ. Քաղաքական ուժեր ամէնուր պէտք է համագործակցեն Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման համար: Այս բոլորով հանդերձ, պէտք է ամրապնդել այսօրուայ Հայաստանի կենսունակութիւնը` որպէս անհրաժեշտ քայլի`ապահովելու ինքնիշխան երկրների գոյակցութիւնն ու հաւասարակշռութիւնը, Թուրքիայի հետ բնականոնացուած դիւանագիտական յարաբերութիւններով եւ սահմանների բացումներով: Այս ծիրին մէջ հարկաւոր է նաեւ Արցախի խնդրին արդար լուծում գտնել: Պէտք է ստիպել Եւրոմիութեան հետեւողական լինել իր իսկ որոշումներին մէջ, ինչպէս, օրինակ, այն որոշումները, որոնք կը վերաբերուեն սահմանաբացումների, ապա թէ ոչ` հնարաւոր չի լինի համերաշխութիւն հաստատել տարբեր ազգերի միջեւ, ինչ որ կը հակասի աշխարի մէջ խաղաղութիւն հաստատելու ցանկութիւններին:

Share this Article
CATEGORIES