Մեր Խօսքը. Ընկեր Հրաչ Մուրադեանի Յիշատակին
Հերոսներու կենդանութեան զերծ մնալ անոնց հասցէին գովասանքներէ, փառաբանումէ եւ գովերգանքէ` Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան մէջ անգիր օրէնք է, բարոյական ուժեղ եւ ժուժկալ նկարագիր կոփող սկզբունք: Աւելի՛ն. անշահախնդիր, անկեղծ եւ, վերջապէս, իսկական հերոսները իրե՛նք յաճախ կը խրտչին նմանօրինակ վարձատրութիւններէ, եւ իրաւա՛մբ. ան, որ անձնուրացօրէն կը զոհաբերուի յանուն ազնիւ գաղափարի, յանուն նպատակի, յանուն ուրիշի՛ն, մանաւանդ ա՛ն, որ տակաւին տալիք ունի, իր տարած գործին յաջողութենէն բացի այլ մխիթարանք կամ գնահատանք կրնա՞յ սպասել արդեօք: Փառաբանութեան այդ արարողութիւններն ու վարձատրութիւնները պիտի չզեղչէի՞ն անշահախնդիր գործին բացարձակ արժէքէն, անսակարկ նուիրումի ազնուական վեհութենէն:
Վերոյիշեալ սկզբունքով է, որ կը բացատրուի ընկեր Հրաչ Մուրադեանի անուան շատերուն անծանօթ ըլլալու իրողութիւնը, որ տեւեց մինչեւ ստոր ձեռքերու կողմէ անոր ահաբեկման օրը, այս ապրիլի երկուքը:
Այնուամենայնիւ, նուիրեալներու մեկնումէն ետք անոնց գործունէութեան անդրադառնալը, զանոնք պարկեշտօրէն գնահատելն ու յարգանքով անոնց յիշատակին առաջ խոնարհիլը ոչ միայն պարտականութիւն է, այլ նաեւ ունի դաստիարակչական եւ ինքնադաստիարակչական կարեւորութիւն:
Սուրիայէն հայրենիք ներգաղթած ընտանիքի զաւակ, Հրաչ Մուրադեան հասակ նետած է Կոտայքի մարզի Պռօշեան գիւղին մէջ: Երիտասարդ տարիքին, լսելով Արցախի կանչը, իր համագիւղացի հարիւր ընկերներուն, որոնց կարգին նաեւ Կարօտի ու Պետոյի հետ կը մեկնի Արցախ, ուրկէ պիտի չվերադառնար մինչեւ պատերազմի աւարտն ու Արցախի համեմատական ապահովութեան հաստատումը: 1990-ին կը միանայ Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան շարքերուն: Կը դառնայ կազմակերպութեան առաջին մարտական ջոկատներու անդամ, ինչպէս նաեւ` Շուշիի առանձնակի գումարտակի հիմնադիրներէն: Պատերազմը կը խլէ իր գիւղի ու մարտադաշտի ընկերներէն Պետոն, Կարօտն ու ուրիշները, սակայն կը խնայէ զինք: Քաղաքական կացութիւնը կը փոխուի, նորանկախ Հայաստան դէմ առ դէմ կը գտնուի նոր մարտահրաւէրներու, պետականաշինութեան երկարատեւ աշխատանքին դիմաց: Սակայն չի փոխուիր ընկեր Հրաչ Մուրադեանի ազնիւ վերաբերմունքը եւ ան հեռու չի մնար այս նոր գործէն եւս, ու 2005 թուականէն սկսեալ կը ստանձնէ իր հայրենի Պռօշեան գիւղը շէնցնելու պարտականութիւնը` ընտրուելով գիւղապետ: Յաջորդաբար երեք անգամներ Պռօշեանի գիւղացիները զինք է, որ կ՛ընտրեն: Բազմազան լրատուամիջոցներու մէջ ներկայացուած զանազան վկայութիւններ կը հաստատեն ընկեր Հրաչին ձեռքբերումները, անշահախնդիր ծառայութիւնը, անկոտրում ընդդիմութիւնը անարդարութիւններուն եւ ճնշումներուն, որոնք դժբախտաբար սովորութիւն դարձած են մերօրեայ հայրենի իշխանական համակարգին մէջ: Ինքզինք կը փաստէ որպէս ժողովուրդին հոգերով տառապող, ժողովուրդին բարօրութեան համար աշխատող, ժողովուրդին հաւասար, հայրենասէր, նուիրեալ, անշահախնդիր գիւղապետ: Իր հայրենասիրական գործունէութեան այս երկրորդ փուլէն` գիւղապետութեան աշխատանքներէն, յատկապէս կը նշուին հետեւեալ իրագործումները. տարբեր բարեգործներու միջոցով գիւղի մանկապարտէզի վերանորոգումն ու ամբողջական կահաւորումը, գիւղի մարզադահլիճի վերանորոգումը, գիւղամիջեան փողոցներու կուպրապատումը, գիւղի բժշկական կեդրոնի վերանորոգումն ու բժշկական նոր սարքերով օժտումը, գիւղի մէջ մշակութային եւ մարզական կեանքի զարգացման համար անհրաժեշտ պայմաններու ստեղծումը, եւ այլն… Յատկանշական է, որ իր մարտական ընկերներու «Զօրաց պանթէոնը» կառուցելու եւ բարեկարգելու համար ընկեր Հրաչ մինչեւ իսկ նուիրաբերած է իր համեստ քսակէն` իր հարսանիքին նուէր ստացած ոսկեղէնը տրամադրելով այդ աշխատանքին…
Արժէ անդրադառնալ եւ կանգ առնել նաեւ Պռօշեանի գիւղապետութեան ա՛յն աշխատանքին վրայ, որ կը հետապնդէր Հրաչ Մուրադեան իր կեանքի վերջին շրջանին, եւ որուն յաջողութիւնը սակայն չկրցաւ տեսնել: Գիւղին մէջ Լիզպոնի հինգ տղոց յիշատակին նուիրուած յուշարձանի մը կառուցումն է ան: Տակաւին վերջերս նկարահանուած տեսերիզի մը մէջ ընկեր Հրաչ Մուրադեան այս առթիւ կը բացատրէր. «Ծրագիր ունենք Լիզպոնի զոհուած ազատամարտիկների յուշարձանը կառուցելու, […] որովհետեւ նրանք էն տղաներն են, որոնցից մենք շատ բան ունենք սովորելու. […] Մենք էդ շնչով ենք մեծացել, Լիզպոնի տղերքի գործի շնչով, եւ մեզ համար տարբերութիւն չկայ պռօշեանցի՞ են, թէ՞ լիբանանցի զոհուած ազատամարտիկները, նրանք հայեր են, եւ ըստ արժանւոյն կարծում եմ պիտի գնահատուեն»:
Սիրելի ընկեր Հրաչ, այսօր կրնանք հաստատել, որ մենք ալ մեր կարգին շատ բան ունինք սորվելու ձե՛ր հայրենասէր, նուիրեալ, անձնազոհ, անշահախնդիր, անիրաւութիւններու դէմ խիզախօրէն պայքարող դաշնակցականի եւ հայու տիպարէն:
Կրնանք նաեւ հաստատել, որ մեզի՛ համար ալ տարբերութիւն չկայ Պռօշեանէ՞ն է, թէ՞ Լիբանանէն նահատակուած ազատամարտիկը: Ուստի կը խոնարհինք ձեր անձնազոհ եւ համեստ տիպարին դիմաց ու կը յայտնենք մեր զայրոյթը` հանդէպ ազնիւ հայը իր հայրենակիցներէն ու երկրէն խլած դաւադիր ոճիրին, որ միայն հակահայ ձեռքերով կրնայ գործուած ըլլալ:
Կը հաւատանք ձեր նկարագրած ընդհանրական հայու եւ ընդհանրական պայքարի սկզբունքին, եւ այդ սկզբունքէն մեկնելով` կը զօրակցինք մեր հայրենի ժողովուրդին ու անգա՛մ մը եւս կը դատապարտենք հայրենիքի մէջ տիրող անպատժելիութեան եւ անհանդուրժողականութեան մթնոլորտն ու զայն ծնող փտած ու յանցագործ համակարգը:
Կը հաւատանք, որ ձե՛ր տիպարը պիտի ըլլայ յաղթողը մեր հայրենիքին մէջ:
Յարգա՛նք ձեր յիշատակին:

