Հետաքրքրական Բանախօսութիւն Մը Պիլկի Համալսարանին Մէջ. «Փոքրամասնական Վարժարանները Ի՞նչ Դժուարութիւններ Կը Դիմագրաւեն»

«ՆՈՐ ՄԱՐՄԱՐԱ»

Պոլսոյ Պիլկի համալսարանի ընկերաբանութեան եւ կրթական հետազօտութիւններու բաժինին կողմէ կազմակերպուած բանախօսութեան մը ընթացքին փոքրամասնական իրաւունքներու խմբակի անդամներէն Թուրքիոյ համակարգող Նուրճան Քայա շատ հետաքրքրական բանախօսութիւն մը տուաւ փոքրամասնական վարժարաններուն եւ փոքրամասնութիւններու կրթական իրաւունքներուն մասին:

Քայա իր ճառախօսութեան ընթացքին դիտել տուաւ, որ օսմանեան պետութեան շրջանի 2596 փոքրամասնական վարժարաններէն այսօր մնացած է միայն 22 վարժարան: Քայա բացատրութիւններ տուաւ այս վարժարաններու հարցերուն եւ անոնց ունեցած պահանջներուն մասին: Յայտնեց, թէ Պատմութեան հիմնարկին հետ փոքրամասնական վարժարաններուն մասին աշխատասիրութիւն մը կը կատարեն եւ մօտաւորապէս ամիս մը վերջ պիտի հրատարակեն այս մասին իրենց տեղեկագիրը:

«Այսօր Թուրքիոյ մէջ կը գործեն 16 հայկական, 5 յունական եւ 1 հրէական վարժարան: Փոքրամասնական վարժարանները, հակառակ որ օտար վարժարաններու կարգավիճակ չունին, իրենց սեփական կանոնագրութեան եւ կարգավիճակին մասին ալ օրինական որեւէ համակարգ չեն կրցած ունենալ: Միայն հրեաներու վարժարանը «քոլեճ»-ի կարգավիճակ ունի: Փոքրամասնական վարժարանները ամբողջ պատմութեան ընթացքին խորապէս ազդուած են ներքին եւ արտաքին քաղաքականութեան ալեկոծումներէն: Քայա դիտել տուաւ, որ փոքրամասնութիւնները, Թուրքիոյ Հանրապետութեան քաղաքացիներ ըլլալով հանդերձ, իրենց երկրին մէջ կը նկատուին որպէս մէկական «պատանդ»:

Քայա, որ կը թուի, թէ իսկապէս շատ լաւ ուսումնասիրած է փոքրամասնական վարժարաններուն վիճակը, յիշեցուց, որ փոքրամասնական վարժարանները կը տառապին կարգ մը հարցերէ, որոնցմէ մէկն է թուրք փոխտնօրէնի հարցը, ինչպէս նաեւ` թրքերէնի ուսուցիչներու ընտրութեան խնդիրը: Ինչպէս յայտնի է, թրքերէնի ուսուցիչները կ՛ընտրուին եւ կը պահուին կրթական նախարարութեան կողմէ, եւ դպրոցի տնօրէնութիւնը որեւէ դեր չունի այդ ուսուցիչները պահելու կամ չպահելու խնդրին մէջ:

Քայա մասնաւորաբար ծանրանալով թուրք փոխտնօրէնի գոյութեան վրայ` ըսաւ, որ

փոխտնօրէնի գոյութիւնը այն տպաւորութիւնը կը թողու, որ կը կարծես թէ այս վարժարաններուն մէջ կարգ մը գաղտնի գործեր կը կատարուին, եւ նախարարութիւնը կ՛ուզէ հակակշիռի տակ պահել զանոնք: Փոքրամասնական դպրոցներու տնօրէնութիւնները շատ անհանգիստ են նաեւ նախարարութեան կողմէ նշանակուած եւ վճարուած թուրք ուսուցիչներու խնդիրով: Վարժարանի տնօրէնութիւն մը չի կրնար իր չուզած ուսուցիչին պաշտօնին վերջ տալ կամ արգելք ըլլալ իր սիրած ուսուցիչին պաշտօնէ արձակուելուն:

Օսմանեան շրջանին, բացի հայկական, յունական եւ հրէական դպրոցներէ, կային գրեթէ բոլոր ցեղային եւ կրօնական խմբաւորումներու վարժարանները: Այդ բոլորը այսօր իջան մինչեւ երեք խմբաւորում: Այնուհետեւ կառավարութիւնը ընդունեց որոշում այն մասին, թէ փոքրամասնական վարժարանները  պիտի կարենային ընդունիլ միայն իրենց հաւաքականութեան պատկանող աշակերտներ, այսինքն տարբեր ազգութենէ աշակերտ պիտի չկարենային ընդունիլ, եւ ասիկա մեծ վնաս կը պատճառէր մանաւանդ յունական վարժարաններուն, որոնք աշակերտի պէտք ունէին, սակայն աշակերտ չէին գտներ:

Կայ նաեւ փոքրամասնական վարժարաններու մէջ դասաւանդող ակադեմական ուսուցիչներու եւ դասագիրքերու խնդիրը: Մասնաւորաբար հայկական վարժարաններու մէջ դժուար է գտնել բաւական լաւ հայերէն գիտցող եւ դասաւանդող ուսուցիչներ: Խնդիր է նաեւ յարմար դասագիրքերու չգոյութիւնը: Նախարարութեան կողմէ պատրաստուած դասագիրքերն ալ հայերու եւ յոյներու նկատմամբ ցեղապաշտական կամ խտրական հատուածներ ունին, եւ հայկական ու յունական վարժարանի մը մէջ անպատեհ է նմանօրինակ դասագիրքերու օգտագործումը:

 

Ուրեմն ի՞նչ պէտք է ընել:

Քայա կ՛առաջարկէ հետեւեալները.

Նախ պէտք է ճշդուի փոքրամասնական վարժարաններու կարգավիճակի կանոնագրութիւն մը:

Յետոյ պէտք է վերջ տրուի թուրք փոխտնօրէնի դրութեան: Փոքրամասնական վարժարանները իրե՛նք պէտք է որոշեն, թէ ո՞ր ուսուցիչներուն հետ պիտի շարունակեն իրենց գործը:

Վերջապէս փոքրամասնական վարժարանները պէտք է իրաւասու ըլլան իրենց ուզած աշակերտները արձանագրելու: Դպրոցները պէտք է կարենան, ի պահանջել հարկին, տարբեր փոքրամասնութիւններէ ալ աշակերտներ ընդունիլ: Կրթական խորհուրդն ալ փոքրամասնական վարժարաններու համար դասագիրքի պատրաստութեան մարմին մը պէտք է ձեւաւորէ:

Եւ, որպէս վերջին առաջարկ` Քայա կը պահանջէ, որ համալսարաններուն մէջ հաստատուին կրթական յատուկ բաժանմունքներ, որոնք պիտի պատրաստեն փոքրամասնական վարժարաններու մէջ պաշտօնավարելու ատակ ուսուցիչներ:

 

 

Share this Article
CATEGORIES