Մեծ Մօրս Յիշատակին

Շարունակական պայքարներու ամբողջութիւն մըն է մեր կեանքը:

Կը ծնինք պայքարելով, կ՛ապրինք պայքարելով, կը մահանանք պայքարելով:

Այս գաղափարը մարմնաւորած, այս գաղափարով համոզուած, այս գաղափարին ենթարկուելով, քառասուն օրեր առաջ իր մահկանացուն կնքեց մեծ մայրս` Ծաղիկ Մկրտիչեանը:

Պայքարելու սկսած էր շատ կանուխ` կորսնցնելով իր ամուսինը` 30 տարեկանին, եւ այդ օրուընէ դարձած մայր ու հայր երեք զաւակներու: Պայքարած է  պահելով իր մօր, ինչպէս նաեւ կնոջ մը կերպարը,  լեցնելով հօր մը ձգած դատարկութիւնը, պահպանելով տան երդիքը:

Պայքարած է օժանդակելու համար իր շատ սիրած ԼՕԽ-ին` երկար տարիներ «Աշխէն» մասնաճիւղի անդամ ըլլալով, ինչպէս նաեւ ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան կրթական յանձնախումբի եւ վերջերս ԼՕԽ-ի խոհանոցին` հայ ծերերու եւ կարիքաւորներու ճաշ պատրաստելով: Ասոր կողքին ան նաեւ Քառասուն Մանուկ եկեղեցւոյ մէջ տարիներ շարունակ աշխատած է որպէս տիկնանց վարչութեան անդամ:

Պայքարած է դառն հիւանդութեան դէմ, որովհետեւ կը սիրէր կեանքը, կը սիրէր ապրիլ, կը սիրէր ուրախութիւնը, քէֆը, ընտանիքն ու հարազատները, կը սիրէր պայքարիլ ու գոյատեւել:

Պայքարը յաջողութեամբ պիտի աւարտէր, սակայն անողոք հիւանդութիւնը, գաղտնաբար, արագօրէն տարածուած ըլլալով, շարունակեց իր ընթացքը եւ ձախողութեան մատնեց 69 տարեկան կնոջ մը վերջին պայքարը` կեանքին հանդէպ: Պարզապէս որովհետեւ այդ պայքարը կանգ առաւ օրէնքի մը դիմաց, որուն տուած ենք «Կեանքին օրէնքն է» արտայայտութիւնը:  Դժբախտ եւ անխուսափելի իրականութիւն մը ներկայացնող արտայայտութիւն:

Պատահեցան զարմանալի քանի մը դէպքեր,  որոնք կարելի չէ չյիշել,  եւ որոնք միշտ ամուր կը մնան մտքիս ու հոգիիս մէջ. իսկ այսօր` 40 օրեր ետք, կ՛ուզեմ զանոնք բաժնել հետդ` մեծ մայր, ինչպէս նաեւ բոլոր հարազատներուն եւ բարեկամներուն, որոնք չնկատեցին եղածը:

Նախ` մահդ: Մահացար հաղորդութիւն ստանալէդ ետք:  Կարելի չէ զուգադիպութեան վերագրել այս մէկը, որովհետեւ հաւատացեալ էիր եւ ուզեցիր հեռանալ այստեղէն վերջին անգամ հաղորդութիւն ստանալով:  Վերջին օրերուն ոչ մէկ բան կ՛ուտէիր, շարունակ կը մերժէիր, կարողութիւնը չունէիր, սակայն շատ հանգիստ ձեւով ընդունեցիր հաղորդութեան մասունքը, ապա մահացար:

Մահուանդ թուականը: Մահացար այն օրը, երբ մահացաւ ամուսինդ   38 տարի առաջ: Զուգադիպութիւն մը, որ շատ բան կը նշանակէ: Կը նշանակէ, թէ որքան կապուած էիք իրարու, կը նշանակէ, թէ այդ օրը որքան ազդած էր վրադ, թէ որքան կ՛ատէիր այդ օրը, բայց միշտ ալ կը յիշէիր:  Եւ պայքարդ ալ աւարտեցիր այդ օրն իսկ:

Իսկ թաղմանդ օրը, պայքար մը եւս կատարուեցաւ: Այդ օրը բնութիւնը կը պայքարէր վերակենդանացնելու համար ծաղիկ մը` Ծաղիկ Մկրտիչեանը:  Թաղմանդ օրը օդը շարունակ կը փոխուէր: Ամպ, թեթեւ անձրեւ, դարձեալ արեւ, որուն շողերը  կը ճեղքէին եկեղեցւոյ պատուհանները եւ կը լուսաւորէին դագաղդ:  Ծաղիկ մը ինչպէ՞ս կ՛աճի: Ջուր ու արեւով: Պատահածը զարմանալի էր, սակայն շատ պարզ ու յստակ երկինքը կը պայքարէր, պահելու համար Ծաղիկը, սակայն արդէն օրէնքը՝ «Կեանքին օրէնքը» լուծած էր այդ պայքարն ալ:

Եւ վերջապէս` գերեզմանը, երբ վերջին հրաժեշտ կու տայինք, բոլորս ափ մը հող դրինք դագաղիդ վրայ: Այդ վայրկեանին միտքս կու գար Սիամանթոյի «Ափ մը մոխիր» բանաստեղծութիւնը: Քու նախասիրած բանաստեղծութիւններէդ մէկը: Ափ մը հող դրինք քու անցեալիդ, ցաւերուդ  եւ վերջապէս քու յիշատակիդ համար, ափ մը հող քու գերեզմանէդ, քու գերեզմանիդ, մեր սրտէն` քու սրտիդ, որպէսզի հոգիդ ծաղկի ու աճի հասնելու համար հոն` ուր պէտք է  հասնի: Խաղաղօրէն ննջէ՛:

Թոռնիկդ`
ՆԺԴԵՀ ՄԿՐՏԻՉԵԱՆ

Share this Article
CATEGORIES