Ծաղիկ Մկրտիչեանի Քառասունքին Առիթով. Նուիրեալ ԼՕԽ-ականն Ու Եկեղեցասէր Ծառան

Ինչ դժուար պարտականութիւն տրուած է մեզի` խօսիլ մեր շատ սիրելի ընկհ. Ծաղիկին մասին, որ տարիներ շարունակ կեանքին մեծ մասը նուիրեց իր ընտանիքին, Լիբանանահայ օգնութեան խաչին եւ եկեղեցւոյ:

Շատ կանուխ կորսնցնելով իր սիրասուն կողակիցը` Բիւզանդ Մկրտիչեանը, երեք անչափահաս զաւակներուն` Գառնիկին, Յարութին եւ Անիին դաստիարակութեան պարտականութիւնն ու պարտաւորութիւնը մնացին իր ուսերուն: Ան այս առաքելութիւնը լաւագոյնս կատարեց եւ ազգին պատրաստեց արժանաւոր զաւակներ:

Ընկհ. Ծաղիկ ունեցաւ երկրորդ ընտանիք մը` զինուորագրուելով Լիբանանահայ օգնութեան խաչի կնոջական հսկայ բանակին` սկսելով Նոր Մարաշի «Աշխէն» մասնաճիւղէն, ուր երկար տարիներ ունեցաւ վարչական բեղուն աշխատանք: Լիբանանը հիւծող երկարամեայ պատերազմին արհաւիրքի օրերուն դարձաւ մնայուն ներկայութիւն Ֆստըքճեան հիւանդանոցին մէջ` դառնալով գթասիրտ քոյրը վիրաւորին ու հիւանդին, նաեւ «Սարդարապատ» ակումբի յարկին տակ դարձաւ կռուող տղոց գուրգուրոտ մայրը: Իր գործունէութիւնը շարունակելով ան հասաւ ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան յանձնախումբերուն, սկսելով Կրթանպաստի յանձնախումբէն, ուր տարիներու ընթացքին դարձաւ նպաստընկալ կարիքաւոր մօր յորդորանքի աղբիւրը: Վերոյիշեալ յանձնախումբին կողքին նաեւ ծառայեց ԼՕԽ-ի «Վ. Տեկիրմենճեան» խոհանոցի ծրագիրին` յաճախ զգացուելով անտէր ծերունիներուն վիճակէն, մերթ լալով, մերթ ժպտադէմ զանոնք կը մխիթարէր:

Ընկերուհի Ծաղիկ նաեւ աստուածասէր եւ աստուածավախ անձնաւորութիւն մըն էր. ան տարիներ շարունակ ծառայեց իր սիրած Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ բարօրութեան: Ծաղիկ Մկրտիչեանի ներկայութիւնը վայելեցինք ամէն կիրակի` բանկալի ետին նստած ցուրտին թէ՛ ջերմին, հովին թէ՛ բուքին, իր լայն ժպիտով շնորհակալութիւն յայտնելով լուման դնող հաւատացեալին:

Սիրելի՛ ընկհ. Ծաղիկ, անողոք հիւանդութիւնդ չկրցար դիմադրել ու աչքերդ փակեցիր ափդ դրած սիրած զաւակներուդ ափին մէջ: Մահդ ցնցեց բոլորս:

Սիրելի՛ հարազատ ընկերուհի, դուն պիտի մնաս մեր յուշերուն մէջ քու տարած առաքելութեամբդ ու անոր ընդմէջէն տուած պատգամներովդ, զորս դրոշմեցիր յառաջիկայ սերունդներուն:

Դուն պիտի մնաս մեր Անթառամ Ծաղիկը:

Դուն միշտ մեզի հետ կաս ու պիտի մնաս, սիրելի՛ ընկերուհի:

Հողը թեթեւ գայ վրադ:

ԼՕԽ-Ի ԿՐԹԱՆՊԱՍՏԻ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲ

Share this Article
CATEGORIES