Սարգիս Տէր Խաչատուրեանի Մահուան Քառասունքին Առիթով
ԴՈԿՏ. Մ. Ս. ՀԵՐԿԵԼԵԱՆ

Լուսանկարուած 1972-ին, Երեւանի պետական համալսարանին առջեւ։
Ձախէն աջ՝ Սարգիս Տէր Խաչատուրեան, Յակոբ Չոլաքեան եւ Մովսէս Հերկելեան
Սիրելի Սարգիս, սիրելի ընկեր,
Անցնող աշնան էր, որ վերջին անգամ եկար մօտս` ցուցասրահ, եւ այս անգամ` յատուկ առաքելութեամբ: Խօսեցար քեզ տանջող ազգային եւ ընկերային ցաւերու մասին, խոստովանութիւններ ըրիր քու անձնական փորձառութիւններէդ ու խօսեցար յատկապէս Պետիկին մասին, որուն համար քեզի ստիպած էին սխալ մեկնաբանութիւններու վրայ հիմնուած սուտ վկայութիւններ տալ: Հիմա իր քովն ես արդէն վստահաբար, բացատրեցիր անոր ամէն ինչ, ու Պետիկը ոչ միայն շնորհակալ եղաւ, այլեւ գնահատեց քու ճշմարտասիրութիւնդ ու արդարամտութիւնդ: Այդ օր արդէն իսկ կը դժգոհէիր առողջական վիճակէդ, սակայն գոհ էիր ընտանիքովդ, յատկապէս հպարտ` հրաշագեղ դուստրերովդ…
Որովհետեւ տաղանդդ եւ նախասիրութիւններդ բաշխուած էին տարբեր մասնագիտութիւններու եւ մարզերու (գրական, երաժշտական, թատերական, լրագրական, մանկավարժական, կուսակցական թէ միութենական) վրայ, չկրցար տիրական դէմք մը դառնալ որեւէ ասպարէզի մէջ: Սակայն դիւրութեամբ եւ տարերայնօրէն դարձար բոլորին սիրելին, չունեցար նախանձոտ մրցակիցներ ու թշնամիներ. այնուամենայնիւ եղան հատ ու կենտ անձնաւորութիւններ, որոնք ոչ միայն օգտագործեցին, այլ նաեւ չարաշահեցին քու իրաւութիւնդ եւ անսահման բարութիւնդ: Այո, չէիր կրնար, չկրցար մերժել ոեւէ մէկը եւ եղար ծառայասէր, բայց ոչ ծառայամիտ, հաւատարիմ, բայց ոչ ստրուկ. ազգասէր, բայց ոչ ազգայնամոլ եւ, վերջապէս, եղար չափաւոր ու հեզ հայ մը եւ տիպար ընտանիքի հայր մը:
Այնուամենայնիւ, սակայն, քու արժանիքներդ չեն սահմանափակուիր քու շրջապատիդ ծանօթ յատկութիւններուն մէջ: Այո՛, կան հարցականներ, որոնց պատասխանները միայն կրնան լուսաբանել ու գնահատել անձդ ու կատարած գործերդ:
Ինչպէս`
– Ինչո՞ւ Միացեալ Նահանգներ չմեկնեցար ընտանիքիդ հետ եւ մեկնեցար հայրենիք` ուսումդ շարունակելու համար…
– Ի՞նչը քեզի ստիպեց, որպէսզի ուսումդ կէս ձգես ու վերադառնաս Լիբանան…
– Ինչո՞ւ եւ կամ ո՞վ առեւանգեց քեզ արեւմտեան Պէյրութի մէջ, ուրկէ հազիւ կրցար փախուստ տալ ու կեանքդ փրկել…
– Ֆրանսա մեկնելէ ու հաստատուելէ ետք ի՞նչը քեզի ստիպեց, որ պատերազմի այդ դժնդակ օրերուն վերադառնաս Պէյրութ…
Ու տակաւին կան բազում «ինչո՞ւ»-ներ, որոնց պատասխանները կրնան արժեւորել ու գնահատել քեզ թէ՛ իբրեւ հայ եւ թէ՛ իբրեւ մարդ:
Սարգիս ջան,
Ունիմ այնքան շատ ու բազմազան յիշողութիւններ, որոնք հետաքրքրական ըլլալէ աւելի` ոչ միայն վեր կը հանեն քու բնաւորութեանդ որոշ գիծերը, այլ նաեւ կը բնորոշեն քու ազգային կեցուածքդ եւ հայրենասէրի կերպարդ:
Կը յիշե՞ս.
– Գարնանային արեւաշող օր մըն էր, երբ Երեւանի Զէյթունի հանրակացարանի չորրորդ յարկի սենեակիդ պատուհանէն կը դիտէինք Արարատը, եւ նոյն օրը գնած ձայնասփիւռէդ (որ դրուած էր պատուհանի բազրիքին) կ՛ունկնդրէինք «Ես իմ անուշ Հայաստանի» հոգեպարար երգը: Երգի վերջանալէն ետք, առանց զգուշացման, յանկարծ սկսաւ սփռուիլ խորհրդային շրջանի եղբայրական ազրպէյճանական «մուղամ» մը, որ տուեալ պահուն մեր հայրենասիրական գերլարուած զգացումները սղոցելու կրնար ծառայել միայն: Դուն պատկերաւոր ու սրտաբուխ հայհոյանքի մը ընկերակցութեամբ բռունցքի այնպիսի հարուած մը տուիր ձայնասփիւռին, որ պատուհանէն վար, սալայատակին վրայ ինկաւ ու ռումբի նման փշրուեցաւ…
– Ուրիշ օր մը, դարձեալ գարնանային արեւաշող օր մը, 1972-ի ապրիլ 24-ին, խօսք առնելով սփիւռքահայ ուսանողութեան անունով` այնպիսի սրտառուչ ու միեւնոյն ատեն այնպիսի յեղափոխաշունչ ճառ մը արտասանեցիր Ծիծեռնակաբերդի Եղեռնի յուշարձանին դիմաց, որ այդ ծովածաւալ ուխտաւորները անձայն ու մէկ մարդու նման ծունկի եկան` բռունցքները վեր բարձրացուցած ու իրենց ազգային պահանջատիրութեան երդումը կարդացին:
Սարգիս ջան, ո՛չ դուն կրցար ըմբռնել կեանքի չարութիւններն ու մերուիլ անոնց հետ եւ ո՛չ ալ աշխարհը կրցաւ հասկնալ ու գնահատել քեզ ու արժանիքներդ: Վստա՛հ եղիր, սակայն, ժամանակը պիտի յիշէ քեզ` իբրեւ իրաւ մարդու, իբրեւ տիպար հայու եւ խոնարհ հերոսի:

