Այնթապի Ինքնապաշտպանութեան 93-րդ Տարեդարձին
Իննսուն երեք տարիներ առաջ տեղի ունեցաւ մէկ ապրիլին Այնթապի ինքնապաշտպանութիւնը: Բացառիկ կազմակերպչականութեամբ, ժողովուրդը ոգի ի բռին, մէկ անձի պէս ծառացաւ մեր դարաւոր թշնամիին` թուրքին դէմ, որ տակաւին նոյն մտայնութիւնը ունի:
Այդ ինքնապաշտպանութենէն դրուագ մը, քիչ անդին, կը նկարագրէ դէպք մը, որ մարտերու ընթացքին պատահած է եւ յուզիչ` մարդկայնօրէն, անկարելի թուելու չափ:
Հեղինակը, մեր վաղեմի հանգուցեալ բարեկամ, այնթապցի, Արսէն Սթամպուլեանն է` վաղամեռիկ:
Այս գրութիւնը առնուած է իր «Կարկտաններ» հատորէն, Պէյրութ, 1985, 190 էջ, որ կը պարունակէ նաեւ շատ հետաքրքրական գրութիւններ, որոնք դարձեալ կարդացի մեծ հաճոյքով: Կը յանձնարարեմ բոլորին, մանաւանդ այնթապցիներուն: 1881-ին իրմէ լոյս տեսած է «Դէպիկ աշխարհն հայոց», որ կը նկարագրէ իր Անատոլու այցելութիւնը, անցնելով Այնթապէն: Բոլոր գրութիւններն ալ լի են սրամտութեամբ եւ «հիւմըր»-ով:
Ունի նաեւ «Արսենականներ» անուն բանաստեղծութեան հատոր մը: Ինքնուս երաժիշտ մը, եւ կը յիշեմ յօրինած է «Եկեղեցին հայկական»-ի մէկ տարբերակը:
Գրութեան մէջ, ընթերցողը պիտի նշմարէ, որ նկարագրութիւնները որքան մօտ են այսօրուան Հալէպի սրտաճմլիկ վիճակին:
Ա. Յ.
ԾԽԱԽՈՏԸ
Այնթապի պատերազմի տաք օրերէն մէկն է: Հրացանները կ՛աղմկեն: Ռումբերը կ՛որոտան: Կռուողները կը հայհոյեն: Պատեր կը փլին, շուկաներ, տուներ կը քանդուին, ամէն կողմ` անապահովութիւն: Քաղաքի բնակչութիւնը, մութ նկուղներու մէջ ապաստանած, սարսափահար կը դողայ:
Աղքատները կ՛աղօթեն, հարուստները իրենց ոսկիներով կը սիրաբանին: Շուները կը կաղկանձեն ու շուարած` մարդոց ոտքերուն կը քսուին, սարսափահար հայեացքով մարդոց աչքերուն կը նային…
Կատուները մուկի ծակ կը փնտռեն: Թռչունները տագնապահար կը թռչկոտին` վերէն դիտելով իրենց բոյներուն աւերումը:
Էշերը չեն զռար. իրենց խոշոր ականջները ռատարի վերածած` պայթող ռումբերուն ուղղութիւնները կը ճշդեն եւ իրենց խոշոր ու տխուր աչքերով ափսոսանքով կը դիտեն մարդոց իշութիւնը:
Օդին մէջ փոշի, հրացաններու սուլոց, ռումբերու դղրդիւն, հայհոյանք, անէծք, վիրաւորներու աղաչանք, մեռնողներու հոգեվարքի մրմռոց, վառօդի հոտ, հրդեհի ծուխ:
Մարտիկներ դիրքերու ետին տենդագին կը կրակեն, որոնց մարմինէն բարձրացող քրտինքի հոտն ալ կը խառնուի այս դժոխքին:
Փոքրիկ սուրհանդակներ, սատանայի նման, ամէն կողմ կ՛արշաւեն եւ վերին մարմիններու հրահանգները հեռախօսի արագութեամբ կը հասցնեն կրակող դիրքերուն:
Վերջապէս` զինադուլ: Ժամեր տեւող դիւային կռիւը յանկարծ կանգ կ՛առնէ եւ փոթորկալի դժոխքին կը յաջորդէ անբնական գերեզմանային լռութիւն մը:
Մարդոց ականջները կը վզզան, ձայնային այս ելեւէջներուն դէմ կը բողոքեն, սակայն ուղեղը քմծիծածով կը հրամայէ լռել եւ վարժուիլ աւելի բարձր ու լիրբ ճազ միւզիքներու:
Մաքսուտ Գարեգին հրացանը պատին կը յանձնէ, թաշկինակով երեսի քրտինքն ու փոշին կը սրբէ, ինքն ալ պատին կռթնած` կը հանգչի, միեւնոյն ատեն մտածելով, թէ ինչպէս խաղաղ կեանքը նահանջեց եւ անամօթ պատերազմը իր խենէշութիւնները կը ցուցադրէ ամէն օր: Աչքին առջեւէն կը տողանցեն անցեալի շուկաները, իր գործը, ազգականները, ընկերները, ընտանիքը, բարեկամները, խաղաղ կեանքը` իր բոլոր բարիքներով եւ քաղցրութիւններով:
– Արդեօք որո՞նք մեռան: Ու վաղը ի՞նչ անակնկալներ վերապահուած են մեզի: Ո՞վ պիտի մնայ ողջ:
Ապագա՞ն…:
Ապագան մո՛ւթ է, մո՛ւթ…:
Մտածումներու ծովն ինկած` կը հառաչէ վշտահար:
Կարօտով կը վերյիշէ եկեղեցին, կիրակնօրեայ պատարագի երգեցողութիւնը, երբ իր գեղեցիկ ձայնովը կը հմայէր հաւատացեալ ունկնդիրները…
Յուզումէն սիրտը կը ճմլուի. աչքերը կը թրջուին: Ներսը ճնշող ծանրութիւն մը կայ, անհանգիստ է: Պարպուելու, թեթեւնալու պահանջ ունի:
– Միայն դո՛ւն ես մեր յոյսը, Տէ՛ր,- կը մրմնջէ, աչքերը երկինք կը բարձրացնէ աղերսական, եկեղեցւոյ կողմը կը դառնայ, յուզումով կը դիտէ գմբէթը եւ խաչը:
– Արդեօք եկեղեցին պիտի քանդուի՞: Արդեօք դարձեալ պիտի կարենա՞նք աղօթել հոն: Արդեօք…
Եւ այս բոլոր ճնշող ապրումները, շարականի վերածուած, դուրս կը ժայթքին կոկորդէն այնպիսի յուզումով եւ վերացումով, որ հազիւ ասկէ առաջ երգած ըլլար:
Ձայնին ալիքները կը տարածուին օդին մէջ ու դիրքերու վրայ: Քարացած սիրտեր կը կակուղնան, վայրագ աչքեր կը խոնաւնան, հոգիները կը քաղցրանան գեղեցիկ վերյիշումներով: Չէ՞ որ բոլորն ալ ծնած էին ապրելու համար եւ կարօտցած` խաղա՜ղ օրերը:
Հիմա ատելութեամբ կը նայէին այն հրացաններուն, որոնք քիչ առաջ իրենց կուրծքերուն սեղմած` կատաղօրէն կը կրակէին դէպի դիմացի թշնամին:
Մաքսուտ Գարեգինի երգը սփոփարար օրհնութիւն մը կ՛ըլլայ բոլորին: Հայ մարտիկներ իրենց դիրքերէն կ՛օրհնեն զինք եւ կը գոչեն. «Ապրիս, կեցցե՛ս: Ձայնդ անսպառ»:
Յանկարծ դիմացի դիրքէն թուրք մը յուզուած ձայնով կ՛աղաղակէ.
– Շատ ապրիս, հէ՛մշէրի, կեանքդ երկար ըլլայ, իսկապէս գեղեցիկ ձայն ունիս: Եա՛հօ, ի՞նչ կ՛ըլլայ, Ուրֆայի երգ մը երգէ եւ լսենք: Քանի ամիս է, որ մեզ հոս բերին, այս դժոխքին մէջ կը տապկուինք: Ուրֆայի եղանակ մը լսենք, գոնէ կարօտնիս առնենք մեր քաղաքէն, մեր սիրելիներէն: Կ՛աղաչեմ, եղբայր, մի՛ մերժեր:
Մաքսուտ Գարեգին, զգացուած, ձեռքը ականջին նետելով կը զլէ Ուրֆայի երկարաշունչ եւ հոգեյոյզ եղանակ մը.
Տիւման տիւման օլմուշ ղարշիքի տաղլար,
Եըգըլմըշ սիյէճլէր, ղուրումուշ պաղլար:
(Ամպոտած են դիմացի լեռները,
Քանդուած են ցանկապատերը, չորցած` այգիները):
Ոգեւորութեամբ ու բարձր թոնով երգուող երգին կլկլոցներն ու սրտայոյզ ելեւէջները կը լեցնեն մթնոլորտը եւ ալիք առ ալիք տարածուելով կը լեցուին սիրտերէ ներս, բոլորին աչքերուն արցունքի շիթեր ու շրթունքներուն սիրտ պատռող հառաչանքներ:
Թրքական դիրքերէն սրտակեղեք հեծկլտուքներ կը լսուին: Օ՜, ինչ դառն է այր մարդոց հեծեծանքը:
Երբ երգը կը վերջանայ, դիմացի դիրքերէն բազմաթիւ բերաններ կ՛օրհնեն երգիչը, զինք ծնող մայրը, ստեղծող Աստուածը:
– Մեր վիրաւոր սիրտին սպեղանի եղար, ե՛ղբայր: Ըսէ՛, ի՛նչ բանի որ պէտք ունիս, ղրկենք:
– Ոչ մէկ բանի կարօտ եմ,- կը պատասխանէ Գարեգին: Դիմացէն դարձեալ կը պնդեն:
– Մի՛ քաշուիր, ե՛ղբայր:
Մաքսուտ Գարեգին կ՛անդրադառնայ, որ ընկերները թուղթը ոլորելով սիկարեթի կը վերածեն եւ խեղդուելով կը ծխեն:
– Ծխախոտ չունինք, քիչ մը ղրկեցէք,- կ՛ըսէ:
Քիչ անց, օդին մէջէն ծրար մը թռչելով կու գայ ու… բա՛թ, կ՛իյնայ հայերու դիրքին մէջ:
– Տղա՛ք, զգո՜ւշ, ռումբ չըլլայ:
Նախ կը զգուշանան, յետոյ կը վերցնեն ծրարը: Եւ ի՜նչ, մեծաքանակ ծխախոտ: Մարտինի լաւորակ տեսակէն. նաեւ` փաթթելու թուղթ: Ծրարին ծայրը քար մը կապած են, որպէսզի հասնի պէտք եղած տեղը:
Քանի մը հոգի անհամբեր մէկական ծխախոտ կը փաթթեն ու կը վառեն:
Բուրումնաւէտ ծուխը կը տարածուի օդին մէջ, եւ ծխողներու բազմութիւնը մեղուներու պէս կը խուժէ Գարեգինենց դիրքը:
Բոլորին մատներուն մէջ ընտիր ծխախոտը կը սկսի ծխալ եւ երջանիկ ժպիտներ կ՛ողողեն ծխողներու դէմքերը:

