«Կը Մաղթենք, Որ ԱՌԻ-ն Դուրս Գայ Լիբանանեան Շրջանակներէն Եւ Դառնայ Մոտել, Որպէսզի Իւրաքանչիւր Հայ Մասնակցի Արցախի Տնտեսութեան Զարգացումին» Շեշտեց Վ. Բաղդասարեան
Արցախ ռուց ինվեսթմընցի (ԱՌԻ) կազմակերպած լիբանանահայ գործարարներու հետ հանդիպումներուն մասնակցելու շրջագիծին մէջ վերջերս Լիբանան ժամանած Արցախի պետութեան Ակրոֆոնտի տնօրէն Վահրամ Բաղդասարեան եւս «Ազդակ»-ին հետ ունեցաւ հարցազրոյց մը:
Հարցազրոյցին ընթացքին Վ. Բաղդասարեան շեշտեց, որ ԱՌԻ-ին հետ եռամեայ գործակցութիւնը բաւական յաջող եւ հեզասահ կ՛ընթանայ, որովհետեւ ԱՌԻ-ին որդեգրած մոտելը շատ ճիշդ ընտրուած է սփիւռքահայերուն մտածելակերպն եւ Արցախի կարիքները իրարու համապատասխան դարձնելու առումով:
«Մենք չենք փափաքիր, որ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան տնտեսական զարգացումը նուիրատուութեամբ կատարուի, որովհետեւ նուիրատուութիւնը միանուագ գործընթաց մըն է, որ շարունակութիւն չունի: Իսկ այս պարագային որդեգրուած աշխատելաձեւը կ՛ենթադրէ երկու բան` հայրենասիրութիւն եւ շահ, որոնք զուգահեռ կ՛ընթանան», ըսաւ ան:
Վ. Բաղդասարեան շեշտեց, որ Արցախի գիւղատնտեսութիւնը, ինչպէս` որեւէ տնտեսութիւն, զարգացնելու նպատակով կ՛ենթադրուի ներդրումներ կատարել:
«Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ներդրումներ կատարելու քայլը հայրենասիրութիւն է նաեւ այն առումով, որ այդ գումարները պիտի յատկացուին Քաշաթաղի եւ Շահումեանի շրջաններուն մէջ հաստատուած վերաբնակիչներուն գումարներ տրամադրելու նպատակով: Վերաբնակիչները այն խաւին մաս կը կազմեն, որոնք սեփական տուներ չունին, վերաբնակեցուած են, եւ անոնք այլոց նման դրամատնային վարկեր չեն կրնար վերցնել, սակայն ԱՌԻ-ի հետ գործակցութեամբ եւ Ակրոֆոնտի երաշխաւորութեամբ անոնք կը ստանան գումարներ», հաստատեց ան:
Վ. Բաղդասարեան ընդգծեց, որ ուրախալի է նաեւ այն իրականութիւնը, որ գումարներ ստացած վերաբնակիչները մեծամասնութեամբ պարտաճանաչութեամբ եւ առանց որեւէ դժուարութեան կը կատարեն նիւթական իրենց պարտաւորութիւնը եւ այդ գումարներուն նպատակային օգտագործումը ճիշդ կերպով կը կատարեն` զարգացնելով գիւղատնտեսութիւնը:
Վ. Բաղդասարեան աւելցուց, որ Ակրոֆոնտը կը համագործակցի պետական բոլոր օղակներով եւ համայնքի ղեկավարներուն հետ հանդիպելով է, որ կը ճշդենք, թէ ո՛ր ընտանիքը պէտք է վարկ ստանայ, թէ ի՞նչ են գումարը վերադարձնելու անոր կարողութիւնները, եւ թէ որքանո՞վ ան հիմնաւորուած է այդ հողին վրայ: Մենք բոլորին հետ համագործակցելով է, որ կը ճշդենք ընտանիքներուն ցանկը եւ զայն կը ներկայացնենք ԱՌԻ-ին, որմէ ֆինանսաւորում կը ստանայ եւ վերաբնակիչներուն կը տրամադրենք: «Ակրոֆոնտը իր հսկողութիւնը կը կատարէ, սակայն ԱՌԻ-ն իր կարգին նաեւ հսկողութիւն կը կատարէ` առանց Ակրոֆոնտը տեղեակ պահելու: Բայց յուրախութիւն մեզ եւ ԱՌԻ-ի, բոլորը կը գործեն փոխադարձ վստահութեամբ եւ թափանցիկութեամբ», ըսաւ ան:
Վ. Բաղդասարեան մաղթեց, որ ԱՌԻ-ն դուրս գայ լիբանանեան շրջանակներէն եւ դառնայ մոտել, որուն հիման վրայ իւրաքանչիւր հայ կը մասնակցի Արցախի տնտեսութեան զարգացումին:
«Լիբանանահայուն կը մաղթենք, որ ամուր մնայ եւ կը հաստատենք, որ ինչպէս երբ ան Արցախ այցելէ, հոգեպէս կը լիցքաւորուի, մենք ալ երբ Լիբանան այցելենք, հայաշունչ մեր համայնքով կը համակուինք եւ կը լիցքաւորուինք ու կը վերադառնանք Արցախը շէնցնելու», եզրափակեց Վ. Բաղդասարեան:


