«Լիբանանահայութիւնը Առաջին Իսկ Օրէն Արցախի Մէջ Էր, Է Եւ Պիտի Ըլլայ» Շեշտեց Դ. Իշխանեան
Պատրաստեց՝ ԱՐՇՕ ՊԱԼԵԱՆ
Արցախ ռուց ինվեսթմընցի (ԱՌԻ) կազմակերպած լիբանանահայ գործարարներու հետ հանդիպումներուն մասնակցելու շրջագիծին մէջ վերջերս Լիբանան ժամանած ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Դաւիթ Իշխանեան «Ազդակ»-ին հետ ունեցաւ հարցազրոյց մը:
Դ. Իշխանեան շեշտեց, որ ԱՌԻ-ի շրջանակները ուղղակիօրէն առնչուած են Արցախի պետութեան, իսկ Արցախի պետութեան մէջ վերջին հինգ տարիներուն միշտ դերակատար է նաեւ ՀՅԴ-ն, իր Արցախի կառոյցով:
Ան նշեց, որ 2008-ի մարտ ամսուան ընթացքին, երբ Քաշաթաղի մէջ «Թիւֆենքեան ֆոնտ»-ին խորհրդաժողովը կատարուեցաւ կազմակերպութեամբ ՀՅԴ կառոյցին, այդ ժամանակէն սկսեալ բարեսիրական, քաղաքական, մշակութային եւ տարբեր այլ կառոյցներ փորձեցին իրենց կարելիութիւնները ի սպաս դնել Քաշաթաղին:
Բարեսիրական այս աշխատանքներուն շրջագիծին մէջ լիբանանահայութիւնը նաեւ իր դերակատարութիւնը ունեցաւ «Արցախ ֆոնտ»-ին ընդմէջէն եւ ապա «Արցախ ֆոնտ»-ին մաս կազմող կարգ մը անդամներ առանձնացան եւ ստեղծեցին իրենց յատուկ աշխատելաձեւը, եւ լիբանանահայ գործարարներու լայն շրջանակ մը սկսաւ աշխատանք տանիլ Արցախի պետութեան հետ Քաշաթաղի շրջանին մէջ գիւղատնտեսութիւնը զարգացնելու եւ ի վերջոյ վերաբնակեցման աշխատանքը աշխուժացնելու իմաստով:
Դ. Իշխանեան նշեց, որ ԱՌԻ-ի աշխատանքներուն ծիրին մէջ ինք Լիբանան այցելած է նաեւ 2011-ին, երբ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան վարչապետ Արա Յարութիւնեան առաջին անգամ ըլլալով է, որ հանդիպումներ պիտի ունենար գործարար շրջանակներուն հետ:
«Արցախի մէջ իրականացուող այդ ծրագիրներուն մէջ մենք առաջին իսկ օրէն կը գործակցինք, կը հետեւինք աշխատանքին եւ այդ վստահութեան մէջ կը փորձենք ունենալ մեր տեղն ու ներշնչանքը», ըսաւ Դ. Իշխանեան:
ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէին դիմագրաւած հարցերուն մասին հարցումի մը պատասխանելով` Դ. Իշխանեան յայտնեց, որ Արցախի մէջ ՀՅԴաշնակցութիւնը կազմակերպական եւ քաղաքական իմաստով բաւական մեծ աշխատանք ունի տանելիք, աւելցնելով, որ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէին դիմագրաւած մարտահրաւէրները քաղաքական մարզին կը վերաբերին, իսկ այդ մարտահրաւէրները իրենք կը փորձեն հարթել Լեռնային Ղարաբաղի պետութեան հետ գործակցաբար:
«Կազմակերպական առումով, ՀՅԴ բաւական աշխատանք ունի տանելիք, իսկ Լեռնային Ղարաբաղի վերջին նախագահական ընտրութիւնները, որոնք տեղի ունեցան 2012-ին, որոշակի կերպով ցնցեցին նաեւ Արցախի կառոյցը, բայց այդ ցնցումը եղաւ միայն որոշ պահի մը համար: Մենք շուտով մենք զմեզ կրցանք վերագտնել եւ ապացուցել բոլորին, որ մեր որդեգրած ուղին եւ մեր տուած որոշումը ճիշդ էր, եւ քաղաքական այդ որոշումը կը բխէր ոչ միայն ՀՅԴ շահերէն, այլ` համազգային շահերէն», շեշտեց Դ. Իշխանեան:
Հայաստանի մէջ ՀՅԴ-ի նկատմամբ ցուցաբերուած վերապահութեան երեւոյթին մասին խօսելով` Դ. Իշխանեան նշեց, որ խորհրդային տարիներէն սկսեալ եւ մինչեւ օրս հայրենիքին մէջ ապրող մեր ժողովուրդին մէջ կայ որոշակի հակակրանք, որ արհեստականօրէն ներմուծուած էր, եւ այսօրուան դրութեամբ այդ վերաբերմունքը կը փորձեն դարձնել համաժողովրդական վերաբերմունք:
«Հաւանաբար այդ վերաբերմունքին համապատասխան բացատրութիւններ կան, սակայն չեմ կարծեր, որ անոնք արդարացուած են: Հայաստանի ՀՅԴ կառոյցը ժողովրդային մակարդակի վրայ պէտք է մեծ աշխատանք տանի թէ՛ քաղաքական, թէ՛ քարոզչական եւ այլ մարզերու վերաբերող:
«Արցախի ժողովուրդին կողմէ աւելի դրական առումով ՀՅԴ-ի ընկալումը ունի քանի մը նախադրեալ. անոնցմէ առաջինը այն է, որ պատերազմի տարիներուն Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը ուղղակի մասնակից դարձած է ու կազմակերպիչ ուժը եղած է: Դաշնակցական զինուորի, հրամանատարի, կամ պարզ դաշնակցականի կերպարը արցախցիին ծանօթ եղած է, Արցախի ազատագրական պայքարին ընթացքին տիրական եղած է` սկսեալ 1988-էն եւ մինչեւ պատերազմին աւարտը: Իսկ զինուորական գործողութիւններէն ետք Արցախի մէջ ՀՅԴ-ի ներկայութիւնը ունեցաւ իր շարունակականութիւնը, ՀՅ Դաշնակցութիւնը յետպատերազմեան տարիներուն փաստեց, որ հաւատարիմ է իր սկզբունքներուն ու գաղափարներուն եւ Արցախի տնտեսական կեանքին, պետութեան կերտման ու բոլոր ոլորտներուն առնչուող հարցերուն լուծման մէջ իր անկեղծ եւ անշահախնդիր ներկայութիւնը ունեցած է: Այս բոլորը անկարելի էր, որ վրիպէր Արցախի ժողովուրդին տեսադաշտէն: Տակաւին կայ նաեւ մէկ այլ իրականութիւն, որ արցախցին իր էութեամբ շատ աւելի մօտ է դաշնակցական սկզբունքներուն եւ անոր դաւանած գաղափարախօսութեան:
«Արցախի մէջ ՀՅԴ-ն հեղինակութիւն եւ համակրանք վայելող քաղաքական այն ուժն է, որուն հանդէպ ժողովուրդը իր վերաբերմունքը կ՛արտայայտէ ոչ միայն ընտրական հոլովոյթին ընթացքին, այլեւ` տարբեր առիթներով», շեշտեց Դ. Իշխանեան:
Լիբանան – Արցախ յարաբերութեան մասին խօսելով` Դ. Իշխանեան հաստատեց, որ այդ կապը բնականաբար զօրաւոր պիտի ըլլայ:
«Շատ հետաքրքրական էր Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսին կողմէ Արցախի պատուիրակութեան ուղղուած բարի գալուստի պատգամը, որուն մէջ ան հաստատեց հետեւեալը. «Արցախը մեր մէջ էր, է եւ կը մնայ»: Ես կ՛ուզեմ նաեւ հակառակ տեսակէտը փոխանցել եւ ըսել, որ լիբանանահայութիւնը մեր մէջ էր, է եւ պիտի ըլլայ: Լիբանանահայութիւնը առաջին իսկ օրէն մեր մէջ էր, իր կազմակերպական ուժով, իր գործիչներով, իր մարտական տղաներով: Լիբանանահայութիւնը եկաւ Արցախին շաղախելու իր արիւնը, արցախեան հողի վրայ տուաւ իր զոհերը: Մենք ոչ միայն Լիզպոնի 5-ի կերպարներով ծանօթացած ենք լիբանանահայութեան, այլեւ մենք ծանօթացանք անոր Մհեր Ջուլհաճեանով, Վիգէն Զաքարեանով եւ միւս տղաներով, որոնք եկան Արցախ եւ արցախցիին կողքին եղան ճակատագրական պահերուն, պատերազմի առաջին գիծին վրայ», ըսաւ ան:
Դ. Իշխանեան նշեց, որ լիբանանահայութիւնը Արցախի մէջ էր նաեւ յետպատերազմեան տարիներուն: Լիբանանահայութիւնը բոլոր մարզերուն մէջ` տնտեսական, մշակութային, գաղափարական, քարոզչական իմաստով: «Լիբանանահայութիւնը նաեւ բոլոր շրջաններուն մէջ կը գտնուէր` վերաբնակեցուող շրջաններուն մէջ, մայրաքաղաքին մէջ, վարչական այլ շրջաններու եւ ծայրամասերուն մէջ: Լիբանանահայութեան հետ ստեղծուած է կապ մը, որ դժուար թէ կտրուի: Իսկ այսօրուան դրութեամբ տեղի ունեցող այս հանդիպումները այդ իրականութեան գործուն վկաներէն մէկն է», աւելցուց ան:
Դ. Իշխանեան անդրադարձաւ նաեւ` անցեալ սեպտեմբերին ԱՌԻ-ի շրջագիծին մէջ գործող լիբանանահայ գործարարներուն Արցախ կատարած այցելութեան, որ նոր երեւոյթ մըն էր, որ ոչ միայն ապշեցուցած էր Լեռնային Ղարաբաղի պետութիւնը, այլեւ` արցախցին:
«Լիբանանահայ գործարարները ոչ միայն այցելեցին վերաբնակեցուող շրջաններ, այլ նաեւ` արդիւնաբերական շրջաններ, տարբեր գիւղեր եւ փորձեցին մօտէն ծանօթանալ մեր ժողովուրդին: Մենք մէկ ժողովուրդ ենք եւ այս է մեր հզօր կապին գաղտնիքներէն մէկը», շեշտեց ան:
«Վերջին տասը տարիներուն լիբանանահայութիւնը կեդրոնացած է Քաշաթաղի վերաբնակեցուող շրջանին զարգացման վրայ: Այդ շրջաններն են, ուր տարեկան դրութեամբ կ՛այցելեն ՀՅԴ Զաւարեան ուսանողական միութիւնը եւ անցեալ տարի նաեւ ՀՅԴ Լիբանանի երիտասարդական միութիւնը: Այդ շրջաններուն մէջ կը գործադրուին նաեւ առողջապահական յատուկ ծրագիրներ, «Արցախ ֆոնտ»-ի ծրագիրներ: Այս աշխատանքները կարծէք մասնիկներ են, որոնք ժողովուրդը կ՛ոգեւորեն, զայն հողին կը կապեն եւ ժողովուրդին մէջ վստահութիւն կը ներշնչեն», ըսաւ ան:
Դ. Իշխանեան շեշտեց, որ սփիւռքի ներուժը մեծ է եւ անսպառ, բայց դժբախտաբար բաւարար ձեւով չենք կրնար օգտագործել զայն: «Այս առումով, ես նկատի չունիմ նիւթական միջոցները: Սփիւռքի հոգեկան, կազմակերպական, մասնագիտական ներուժը հսկայական է: Մենք պարզապէս հաղորդակից չենք այդ ներուժին: Դժբախտաբար նաեւ հայրենիքին մէջ այսօր սփիւռքը լաւ չեն ճանչնար, եւ այդ իմաստով լուրջ աշխատանք կայ ըլլալիք: Բարեբախտաբար այդ առումով Արցախի իշխանութիւնները աւելի հեռու գացին եւ իրենց իսկ վարքագիծով փորձեցին սփիւռքը ուղղակի հաղորդակից դարձնել` վստահութիւն ներշնչելով եւ երաշխիքներ տալով: Համազգային շահերով առաջնորդուիլը մեզի համար նոր բարձունքներ գրաւելու աւելի հնարաւորութիւններ կ՛ընձեռէ», ընդգծեց Դ. Իշխանեան:
ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչը իր հարցազրոյցը եզրափակեց` կոչ ուղղելով սփիւռքահայուն իր կարգախօսը դարձնելու «Վերադարձ դէպի արմատներ»-ը, «իսկ արմատները կը գտնուին հայրենիքի մէջ: Առանց հայրենիքի` մենք դժուար թէ կարենանք մեր ժողովուրդին գոյատեւումը ապահովել: Այդ վերադարձը ոչ միայն ֆիզիքական ներկայութիւն է, այլ ճանաչում է, հեռանկար է: Պէտք է այդ հեռանկարով ապրիլ եւ վերադառնալ մեր արմատներուն, որոնք շատ խոր են, եւ խորերը հասնելու համար պէտք է փորել, փորել ու հասնիլ այն խորութեան, ուր թաղուած են մեր իսկական արմատները: Իսկ մեր իսկական արմատները դարեր շարունակ փորձած են արհեստական կերպով թաղել, զանոնք դարձնել անտեսանելի եւ անճանաչելի: Մենք պէտք է փորձենք իրապէս ճանչնալ մեր հայրենիքն ու արմատները», շեշտեց Դ. Իշխանեան:

