«Արցախի Ընկերային Եւ Տնտեսական Զարգացումով Եւ Ժողովրդագրական Իրավիճակի Բարելաւումով Կարելի Պիտի Ըլլայ Իսկական Յաղթանակի Կերտումը» Շեշտեց Արա Յարութիւնեան
Պատրաստեց՝ ԱՐՇՕ ՊԱԼԵԱՆ
Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան վարչապետ Արա Յարութիւնեան, որ վերջերս ժամանած էր Լիբանան, Արցախ ռուց ինվեսթմընցի (ԱՌԻ) կազմակերպած լիբանանահայ գործարարներու հետ հանդիպումներուն մասնակցելու, յատուկ հարցազրոյց մը ունեցաւ «Ազդակ»-ին հետ:
Հարցազրոյցին ընթացքին վարչապետ Արա Յարութիւնեան հաստատեց, որ Լիբանանի մէջ իր հանդիպումները պետական բնոյթի պիտի չըլլան, այլ պիտի ստանան գործնական բնոյթ:
Ան նշեց, որ իր հանդիպումները պիտի կեդրոնանան գործարարներու շրջանակին վրայ:
«Հանդիպումներ պիտի ունենամ ԱՌԻ-ի հրաւէրով կազմակերպուած հանդիպումներուն մասնակից գործարարներուն, ինչպէս նաեւ` այլ գործարարներու, որոնք տնտեսական մարզի այլ ծրագիրներու գործադրութեան կը վերաբերին: Այդ ծրագիրներուն մէջ կ՛իյնան ուժանիւթի մարզին, բնակարաններու շինութեան, դրամատնային մարզին եւ այլ մարզերու վերաբերող նորութիւններ», ըսաւ ան:
Վարչապետ Արա Յարութիւնեան ԱՌԻ-ի հետ իր փորձառութիւնը գնահատեց իբրեւ շատ լաւ փորձառութիւն մը, որ արագ յաջողութիւններ արձանագրեց եւ հեզասահ աշխատանքով ընթացաւ` պահպանելով փոխադարձ վստահութիւնը:
«ԱՌԻ-ի արձանագրած այս յաջողութիւնը ես կը վերագրեմ ԱՌԻ-ի կազմակերպիչներուն հետեւողական եւ մասնագիտական աշխատանքին, ճիշդ եւ բծախնդիր գործունէութեան, ինչպէս նաեւ` անոնց աշխատասիրութեան», ըսաւ ան:
ԱՌԻ-ի փորձառութիւնը հայկական այլ գաղութներու մէջ եւս սկսելու ծրագիրի մասին հարցումի մը պատասխանելով` Արա Յարութիւնեան ընդգծեց, որ արդէն իսկ կայ եւ ինք այդ նպատակով պիտի այցելէ Կիպրոս, Փարիզ եւ Զուիցերիա, ուր ԱՌԻ-ի աշխատանքին նմանատիպ ծրագիրներ գործադրելու նպատակներ կան:
Վարչապետ Յարութիւնեան աւելցուց, որ այլ երկիրներ իր կատարելիք այցելութիւնները կը վերաբերին ոչ միայն Քաշաթաղի, այլ ընդհանուր Ղարաբաղի տնտեսութեան եւ բնակարանաշինութեան զարգացումին:
«Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան ապագան եւ պետականութեան պահպանումը ուղղակիօրէն կապուած է երկրին տնտեսական զարգացումին: Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան ճանաչման իմաստով անշուշտ քաղաքական մակարդակի վրայ աշխատանքներ կը տարուին, սակայն ցաւօք այդ արդիւնքները տակաւին անբաւարար են», ըսաւ վարչապետ Յարութիւնեան:
Արցախ – սփիւռք յարաբերութիւններու ամրապնդման ծիրին մէջ վարչապետ Յարութիւնեան յայտնեց, որ երկուքին միջեւ կապը ստեղծելն ու պահելը շատ կարեւոր է` թէ՛ տնտեսութեան, զբօսաշրջութեան, մշակութային, մարզական եւ թէ՛ ալ այլ մարզերու առումով:
«Մենք տարբեր ձեռնարկներ կը կատարենք միաւորելու համար ամբողջ հայութիւնը, յատկապէս` մարզական եւ մշակութային մրցումներու եւ ձեռնարկներու առումով: Զբօսաշրջութեան առումով, տակաւին շատ ծրագիրներ կան իրագործուելիք, սակայն այս բոլորը կ՛ամրապնդուին Լեռնային Ղարաբաղի տնտեսութեան հզօրացումով», հաստատեց վարչապետը:
Զբօսաշրջութեան մարզին մէջ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւնը նախաձեռնած է շարք մը քայլերու, որոնց նպատակն է դիւրացնել Արցախի մէջ կեցութիւնը, աւելի հետաքրքրական եւ գրաւիչ դարձնել Լեռնային Ղարաբաղը եւ քարոզչական բազմաթիւ միջոցներու ձեռնարկել:
«Այս շրջագիծին մէջ, Ստեփանակերտի մէջ արդէն իսկ շինուած օդակայանը արդէն մօտիկ ապագային կը բանի: Ճիշդ է, որ կան քաղաքական եւ այլ խնդիրներ, սակայն անոնք շուտով կը հարթուին», յայտնեց վարչապետը:
Քաշաթաղի ռազմավարական կարեւորութեան մասին խօսելով` վարչապետ Յարութիւնեան հաստատեց, որ Քաշաթաղը թէ՛ Հայաստանի եւ թէ՛ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւններուն համար կարեւոր դիրք ունեցող եւ ռազմավարական շրջան է: «Հայաստանի եւ Լեռնային Ղարաբաղի պետութիւնները իրարու միացնող Քաշաթաղի շրջանը առաւելագոյն անհրաժեշտութիւնն է երկու պետութիւնները իրարմէ չխզելու առումով: Քաշաթաղը ունի նաեւ երկրորդ առաւելութիւն մը, որ Իրանի հետ սահմանն է, երրորդը այդ շրջանին ունեցած տնտեսական ներուժն է, իսկ չորրորդը` Քաշաթաղը մեր պատմական հայրենիքն է եւ հոն կան հայկական արժէքներ, քրիստոնեայ ժամանակահատուածին վերաբերող պատմական կոթողներ: Քաշաթաղը մեր պատմական հայրենիքն է», ընդգծեց Արա Յարութիւնեան:
Լեռնային Ղարաբաղի վարչապետը եզրափակեց` ըսելով, որ այսօր պէտք է բոլորը գիտակցին, որ Լեռնային Ղարաբաղի հարցը համայն հայութեան խնդիրն է եւ պէտք է համոզուին, որ Արցախի ընկերային եւ տնտեսական զարգացումով եւ ժողովրդագրական իրավիճակի բարելաւումով կարելի պիտի ըլլայ իսկական յաղթանակի կերտումը: «Մենք պէտք է բազմանանք Արցախի մէջ: Իւրաքանչիւր հայ պէտք է գիտակցի, որ Արցախը իր հայրենիքն է, ինչպէս նաեւ հայրենիքի այն մասն է, որ այսօր շատ աւելի կարիքը ունի իրեն», նշեց վարչապետ Յարութիւնեան:

