Կիրակնօրեայ Խօսքը. Յարուցեալ Յիսուսի` Յաւերժական Խօսքին Ծիրէն Ներս…
ՄԵՍՐՈՊ ՀԱՅՈՒՆԻ
Սիրելի՛ ընթերցող, Քրիստոսի յարութիւնը նո՛ր կեանքն է հաւատացեալին: Նորարա՛ր ստեղծագործութիւնը հոգեմտաւոր: Յարութեան Զատիկով սկսանք Յինանց ժամանակաշրջանը, որուն երկրորդ կիրակին` այսօր, կը կոչենք «Նոր կիրակի»:
Ս. եկեղեցին, որ մեր մայրը եւ դաստիարակն է, որոշած է ընթերցումը Ս. Յովհաննէսի աւետարանէն առաջին գլուխին 1-18 համարներուն: Միջազգային մատենագրութեան մէջ ամէնէն հոյակապ էջերէն մին է իբրեւ ոճ, գեղ, միտք, խորք, փիլիսոփայութիւն ու աստուածաբանութիւն:
Չորրորդ աւետարանին այս նախաբանը սիրերգ է, լուսերգաբանութիւն է, փառերգութիւն է, շարական է «Բան»-ին` Խօսքին մասին, որ Յիսուս Քրիստոս է:
Յստակ է աւետարանիչը, երբ կը սորվեցնէ Յիսուսի աստուածութիւնը. «Սկիզբէն էր Բանը, որ Աստուծոյ քովն էր եւ Բանն Աստուած էր» (Յվհ. 1,1-2):
Յստակ ըլլալու է նաեւ մեզի, թէ միայն այն անձը, որ կը դաւանի Քրիստոսի աստուածութիւնը, կրնայ կենալ աւետարանին հողին վրայ, որ պարարտ ու պտղաբեր է:
Աստուած-Խօսքէն ամէն բան արարուած է եւ Աստուած-Խօսքով ամէն մարդ ստեղծուած է, քանի Անոր մէջ կայ կեանքը, իսկ կեանքը լոյսն է մարդերուն:
Մեզմէ իւրաքանչիւրին համար Խօսքն է լոյսը, եւ այս լոյսը կեանքն է քեզի, ինծի եւ անոր համար, եթէ կը հաւատանք Յիսուսի աստուածութեան ու յարութեան:
Ամէն մարդ, բայց յատկապէս ամէն հաւատացեալ կախեալ է Խօսքէն, որմէ կ՛առնէ իր գոյութիւնը, կեանքը, «որովհետեւ Անով հաստատուեցաւ ամէն ինչ», եւ դեռ աւելի, քանի «ամէն բան ստեղծուեցաւ Անով եւ Անոր համար», որովհետեւ «Ան ամէն բանէ առաջ է, եւ ամէն ինչ գոյացաւ Անով» (Կող. 1,16-17):
Մտածող մարդուն համար, որ հաւատացեալ ու տրամաբանող է, այս կեանքը լոյս է, որ կը նշանակէ ճշմարտութեան ճանաչողութիւնն ու ստացումը, ինչպէս նաեւ` աստուածամերձութեան երանութիւնը շնորհքին մէջ:
Այսպէս, Խօսքը մեր միակ կեանքն է, որ կը կենսաւորէ. մեր միակ երջանկութիւնն է, որ կը հրճուեցնէ: Այս կենսաւորումը մնայուն է, այս հրճուեցումը մշտատեւ է:
Ամէն մարդ, որ հաւատացեալ ու տրամաբանող է, կ՛ելլէ Խօսքէն եւ կու գայ Խօսքին` բաժնեկից դառնալով Բանին աստուածութեան ու յաւերժութեան:
Այսպէս, Յիսուս Քրիստոս` Բանը, Խօսքը է Ալֆան եւ Օմեկան, Սկիզբն ու Վերջը, Ելակէտը եւ Նպատակակէտն արարչագործութեան ու մարդկութեան, բայց մանաւանդ այն անձին, որ հաւատացեալ ու տրամաբանող է:
Դարձեալ յստակ է, որ ոչ մէկ քրիստոնեայ կրնայ անցնիլ Յիսուսի քովէն` առանց իր ապերջանկութեան մէջ իյնալու: Պարզ է, թէ «աստուածահաւատութիւնը», որ կ՛անտեսէ Քրիստոսը եւ անոր յարութիւնը, ոչ միայն սխալ է, այլ նաեւ անցնում է Աստուծոյ քովէն…
Աւետարանիչ Յովհաննէսի ուսուցումը շատ վճիտ է, թէ Քրիստոսն ընդունող ու Յիսուսի յարութիւնը դաւանող անձը կը բռնուի եւ կը բռնկուի Լոյսէն, որ կը հալածէ խաւարը, իսկ ընդհակառակն` Խօսքն ու Բանին ողջութիւնը մերժողը կը նուաճուի խաւարէն:
Այս իրականութեան հաւատացողներս ըլլալու ենք վկաները Լոյսին, ինչպէս Յովհաննէս Մկրտիչ, որ իբրեւ «վկայ եկաւ վկայելու Լոյսին, որպէսզի բոլորը հաւատան» Անոր եւ ապրին Անով, քանի «Ան է ճշմարիտ Լոյսը, որ աշխարհ գալով` կը լուսաւորէ ամէն մարդ» (Յվհ. 1,8-9):
Ինչպէս «մարգարէներու մեծագոյնը»` Յովհաննէս Մկրտիչ, որ հայերուս սիրական ու ժողովրդական սուրբն է մեր հաւատքի Հօր` Ս. Գրիգոր Լուսաւորչին օրինակէն եւ օրէն սկսեալ, Խօսքին վկաները միշտ մնալու են Լոյսին վկաները, որոնք կը ծնին հաւատքէն եւ կ՛ըլլան Աստուծոյ զաւակները:
Աստուծմէ այս ծննդով` մենք արժանի կը դառնանք, որ Բանն մարմնանայ ու բնակի մեր մէջ, եւ մենք տեսնենք Խօսքին փառքը` հանդիսանալու համար մարդերը «լի` շնորհքով ու ճշմարտութեամբ»:
«Շնորհքով ու ճշմարտութեամբ» լեցուն, ինչպէս «Յովհաննէս վկայեց Անոր մասին», նոյնպէս մենք ընդունինք Խօսքը, հաւատանք եւ վկայենք Բանին, որուն յաւիտենական լոյսին ու սիրոյն «լիութենէն մենք բոլորս առինք շնորհք շնորհքի վրայ»:
Սակայն մեր առօրեային մէջ եւ համար ի՞նչ կը նշանակէ ընդունիլ Խօսքը, հաւատալ Յարուցեալին ու վկայել Բանին, որուն «հարկ է աւելի … հնազանդիլ, քան մարդերուն», որովհետեւ «Աստուած մեռելներէն յարոյց Յիսուսը …, իր աջով բարձրացուց Զինքն որպէս Գլուխ եւ Փրկիչ»… (Գ. Առ. 5,30-31):
Մէկ պատասխանով գոհանանք, զոր կ՛առնենք այսօրուան ընթերցուածէն (Գ. Առ. 5,34-42): Կը պատմէ «քինախնդրութեամբ լեցուած» հրեաներուն եւ յարուցեալ Քրիստոսը «համարձակութեամբ քարոզած» առաքեալներուն հակամարտութեան մասին:
Ի վերջոյ, «աստուածամարտ» ըլլալէն վախցած հրեաները «կանչեցին առաքեալները, գանահարել տուին զանոնք, պատուիրեցին չխօսիլ Յիսուսի անունով եւ ապա ազատ արձակեցին»:
Գաւազանով սաստիկ ծեծի ենթարկուած, այսինքն` «լաւ տոփոց մը կերած» առաքեալները, սակայն, «մեկնեցան ատեանէն բոլորովին ուրախ, որովհետեւ արժանի համարուեցան նախատինքի` Անունին համար», որ Բանն է, Խօսքը, Յարուցեալը:
Վկաները` Առաքեալներն ու մենք, եթէ անոնց քրիստոսական հետեւորդներն ենք, չեն կրնար չնմանիլ իրենց «Գլուխ»-ին ու «Փրկիչ»-ին, որ վկայեց այս ճշմարտութեան եւ իրականութեան, թէ ընդհանրապէս, իւրաքանչիւր մարդուն, եւ, յատկապէս, ամէն հարազատ հաւատացեալին համար միակ Կեանքը, Ճանապարհը, Լոյսը, Սէրը, Երջանկութիւնը եւ Յաւերժութիւնն է Բանը, Խօսքը, Յարուցեալը` Յիսուս Քրիստոս, որուն Մարիամ Կուսամայրը Մայրն է հաւատացողներուն, սիրողներուն եւ վկայողներուն:
Այնճար, 7 ապրիլ 2013

