ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Շ. Միսաքեան» Մասնաճիւղի Կազմակերպութեամբ Գծագրական Մրցում
ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Շ. Միսաքեան» մասնաճիւղը երկրորդ անգամ ըլլալով կազմակերպեց գծագրական մրցում մը, որ տեղի ունեցաւ կիրակի, 7 ապրիլ 2013-ին, «Ս. Զէյթլեան» ժողովրդային տան մէջ, որուն մասնակցեցան գիւղի երեք դպրոցներէն 8 աշակերտներ` Հայ կաթողիկէ քոյրերու վարժարանէն Արեգ Գէորգեան եւ Վարագ Աբրահամեան, Հայ աւետարանական երկրորդական վարժարանէն Սելա Հեգիմեան, Շաղիկ Պէրպէրեան եւ Հելենա Քէրքէզեան, իսկ «Յառաջ Գ. Կիւլպէնկեան» երկրորդական վարժարանէն Վարագ Տիւքէնճեան, Սիրուն Սարեան եւ Շանթալ Ատաճեան: Մրցումին նիւթն էր պահանջատիրութիւն:
Ձեռնարկին բացման խօսքը «Շ. Միսաքեան» մասնաճիւղի անունով կատարեց Անուշ Թասլաքեան, որ նշեց, թէ մասնաճիւղի վարչութիւնը որոշած է յետ այսու այս մրցումը վերածել աւանդականի` զայն կոչելով «Պարոյր Տուտագլեան» նկարչական մրցում` ի յիշատակ Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմին նահատակուած ԼԵՄ-ականին: Այս առիթով ան խորհրդանշական յուշանուէր մը յանձնեց նահատակ Պարոյր Տուտագլեանի եղբօր Յովիկ Տուտագլեանին: Ապա մասնաճիւղի նուագախումբը յեղափոխական երգերով բարձրացուց ներկաներուն տրամադրութիւնը: Մրցումը տեւեց 3 ժամ, որուն ընթացքին դատական կազմը մանրամասնութեամբ հետեւեցաւ մասնակցողներուն աշխատանքին եւ բոլոր գծագրութիւնները վերլուծելէ ետք տուաւ իր եզրակացութիւնը:
Առաջին հանդիսացաւ «Յառաջ-Գ. Կիւլպէնկեան» երկրորդական վարժարանէն Վարագ Տիւքենճեան, երկրորդ` «Յառաջ Գ. Կիւլպէնկեան» երկրորդական վարժարանէն Սիրուն Սարեան, իսկ երրորդ հանդիսացաւ Հայ աւետարանական երկրորդական վարժարանէն Սելա Հեգիմեան:





