Երաժշտական Համերգ Այնճարի Մէջ

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

Կազմակերպութեամբ Համազգայինի «Պարոյր Սեւակ» մասնաճիւղին եւ համագործակցութեամբ Համազգայինի «Բարսեղ Կանաչեան» երաժշտանոցին, կիրակի, 14 ապրիլ 2013-ի  երեկոյեան ժամը 6:00-ին, Այնճարի «Գ. Կիւլպէնկեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ դասական երաժշտական համերգ` կատարողութեամբ` երաժշտանոցի ուսուցիչներուն եւ աշակերտներուն:

Բացման խօսքը արտասանեց «Պ. Սեւակ» մասնաճիւղի ատենապետ Թամար Անտոնեան, որ շնորհակալութիւն յայտնեց երաժշտանոցի տնօրէնութեան եւ աշակերտներուն, որոնք պատրաստակամութիւն ցուցաբերեցին հանդէս գալու այսպիսի բարձրորակ ներկայացումով:

Երաժշտանոցի տնօրէն, հայրենի երաժիշտ Աշոտ Ճենտերեճեան բեմ բարձրանալով` հակիրճ տեղեկութիւններ փոխանցեց երաժշտանոցին մէջ գործող ուսուցիչներուն եւ աշակերտութեան  հետեւողական աշխատանքներուն մասին եւ իր երախտագիտութիւնը յայտնեց Համազգայինի մեծ ընտանիքին` իբրեւ մշակութային կեանքի պահպանման հնոց:

Ապա հերթաբար բեմ բարձրացան` Կարօ Գրիգորեան, Նարէ Աղասարգիսեան, Կարինէ Կոստանեան եւ Սագօ Հալլաճեան  (դաշնամուր), Եսայի Սագայեան (կիթառ), Դալար Մանճեան, Նարէ Աշգարեան, Մարինէ Հալլաճեան եւ Նարօտ Սուրճեան (ջութակ), որոնք ներկայացուցին դասական երաժշտական կտորներ` աշխարհահռչակ Վիվալտիէն, Պախէն եւ  Խաչատրեանէն:

 

 

Ելոյթի աւարտին «Պ. Սեւակ» մասնաճիւղին վարչութիւնը գեղեցիկ ծաղկեփունջեր նուիրեց իւրաքանչիւր նուագողի:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )