Երկինքէն Առկախ Եդեմ
ԱՊՏՕ ԼԱՊԱՔԻ
Շուշի Քաղաքին Մէջ
Պատմական հին Շուշին Ստեփանակերտէն մեր վերադարձին կը սպասէր: Տրուած էր խոստումը մեր վերադարձին` այցելելու իր պատմական հրաշագործ տաճարը, որուն պատերազմի ռումբերէն ոչ մէկը կարծես հասած ըլլար: Իր հրապուրիչ վեհափառութեամբ, երկինքը համբուրելու կարօտէն, ոչ գոռոզութենէն, ամպերն ի վեր բարձրացած հաւատքով ան Արարիչին հետ կը զրուցէր: Հայկական եկեղեցական ճարտարապետութեան աւանդները յատկանշող սքանչելի տաճար մըն այս եւ աղօթարանը,- քանդակազարդ որմնաքարեր, պինդ սիւներ, վերամբարձ գմբէթներ, նեղ լուսամուտեր, արձաններ, զարդանախշեր եւ պիրկ կառոյցներ. այս բոլորը` իրենց ներքին արձագանգներով, կը կազմէին ճարտարապետական համանուագ մը, որ ճարտարապետական նրբաճաշակ արուեստը` իր աստուածաբանական հեռաւորութիւններով, բացարձակին սահմանները կը նուաճէր:
Տաճարին դիմաց կանգ առինք` անոր մասին վկայելու եւ զայն ըմբոշխնելու համար. մեր նայուածքները չէին կշտանար, եթէ նոյնիսկ պահ մը կը նահանջէին` զգալով ամբողջութիւնը չկարենալ պարագրկելու իրենց անզօրութիւնը: Ապշահար մտանք ներս, առանց բառ մը կարենալ արտասանելու: Անդիմադրելի երկիւղածութիւն մը նուաճեց մեզ եւ բառերու փոխարէն` հաւատքին մեղրէն ձուլուած մոմեր վառեցինք: Յետոյ դուրս եկանք` ուղղուելու համար քաղաքին հանրային գրադարանը, ուր մեզի համար երկու սեղաններ պատրաստուած էին, առաջինը` հացկերոյթի, իսկ երկրորդը` բանաստեղծութեան: Ինչ կը վերաբերի հացկերոյթին, ան կը յատկանշուէր իր գեղջկական նկարագրով. քսանէ աւելի բուժիչ խոտերով պատրաստուած եւ թոնիրին մէջ եփած ժինկալին` արցախեան համեղ թխուածքը:
Իսկ բանաստեղծութեան համը միջազգային էր. պրն. Վարդան Յակոբեան, իր հիւրընկալի արթնամտութեամբ եւ բանաստեղծական սուր ճաշակով` աչքերով կը հետեւէր բանաստեղծութիւն արտասանող շրթունքներու շարժումներուն եւ լարուած ունկերով կ՛որսար ու կ՛ընտրէր գեղեցիկ պատկերները, խորիմաստ խօսքերը, խորհրդանշաններն ու թելադրանքները:
Շուշիի Մշակոյթի Պալատի բակին մէջ, տունկերու կողքին կանգնած խումբ մը աշակերտուհիներ մեզի` մասնակից բանաստեղծներուս կը սպասէին. իւրաքանչիւրը մեզմէ պիտի փորէր հողը եւ տունկը ամրացնէր ցուցատախտակին կողքին, որուն վրայ իր երկրին անունը արձանագրուած էր` իբրեւ յուշ այցելութեան, արտայայտութիւն շնորհակալութեան եւ ապացոյց հաւատարմութեան: Չտատամսեցայ, աճապարեցի մասնակցիլ եւ բահը բանաստեղծ ընկերոջս` Սարգիս Կիրակոսեանին ձեռքէն խլելով` սկսայ տունկին արմատները ամրօրէն տեղաւորել հողին մէջ, մինչ երկինքը, որ սկսած էր մթագնիլ, դէպի Ստեփանակերտ մեր դարձի ճամբուն վրայ, իր ոսկեփայլ աստղերով սկսած էր իր շապիկը կոճկել:
Ճանապարհին լուռ էի եւ անշարժ: Կը կատարէի վերաքաղը այս պատմական քաղաքին մասին ինծի փոխանցուած տեղեկութիւններուն եւ յատկապէս կը վերյիշէի թաշքենտեան զարդանախշերով գեղեցկացած մինարէները մզկիթներուն: Ուշագրաւն այն էր, որ պետութիւնը պահած ու պահպանած էր զանոնք, դարմանած` ժամանակի կամ ռումբերու վէրքերը եւ վերակառուցած` ժամանակին հետեւանքով փուլ եկած մասերը: Եւ այս իրողութիւնը եթէ բան մը մատնացոյց կ՛ընէր` կը վկայէր պատմական, համամարդկային արժէքներու, արուեստի ժառանգութիւններու հանդէպ հայ քաղաքակիրթ ազգին տածած յարգանքին եւ այդ կոթողները կառուցած ձեռքերը մեծարելու բացառիկ երեւոյթին մասին: Վերջապէս, մարդկային ստեղծագործութիւնը համամարդկային միացեալ ժառանգ ու հարստութիւն է, անկախ ցեղային հակամարտութիւններէն կամ կրօնական պայքարներէն:
Եւ Շուշին, պերճախօս քարերու այս քաղաքը, որ շուրջ երկու հարիւր տարիէ ի վեր ամենայն հպարտութեամբ ու փառաւորապէս կ՛ընկողմանի այս հոյակերտ բերդի լանջին, այսօր խորհրդանիշն է հայ ժողովուրդի քաջութեան ու յոյսին, եւ իր մէն մի քարով իւրաքանչիւր շուշեցիի ունկին կը փսփսայ այն փսփսուքը, որ անմիջապէս կը վերածուի այնպիսի արձագանգերու, որոնք ձորերն ու լեռները կը կրկնեն:
Այս քաղաքը ճանչցած էր մշակութային, կրթական, արհեստագործութեան եւ վաճառականութեան փառքի ու բարիքի օրեր, որոնք սակայն ընդհատուած էին, երբ 1920-ի արիւնալի դէպքերուն հետեւանքով 30,000 հայեր զոհ գացած էին ազերիներու կողմէ ծրագրուած ցեղասպանութեան ու կոտորածներուն, որոնց ի լուր պատմութիւնը լացած է: Յետոյ` նորագոյն աւերումը, նոյն բարբարոս ձեռքերուն կողմէ:
Այսօր, այս քաղաքը սկսած է վերստին ձեռք ձգել իր երկինքին վերեւ թեւածող հոգին` որպէսզի դարձեալ եւ վերանորոգ թափով վերակենդանանայ իր խաղաղ ու ապահով կեանքը` նոր հմայք պարգեւելով իր հնագիտական առատ կոթողներուն, բնութեան հարստութիւններուն, հիասքանչ տեսարաններուն, հանքային ջուրի աղբիւրներուն եւ իր արուեստագէտ որդիներուն ձեռարուեստի եւ արուեստի շնորհներուն:
Հայացուց՝ Ս. ԿԻՐԱԿՈՍԵԱՆ
(Շար. 2 եւ վերջ)