Լեզուական Նշմար
ԱՔԱՍԻԱ
Արեւմտահայերէնը պահելու եւ պաշտպանելու հարցը ազգային մեր կեանքին օրակարգին վրայ է: Մամուլը յաճախ կ՛անդրադառնայ այս առնչութեամբ, բայց կան տակաւին անձեր, մշակութային թէ կրթական միութիւններու, հաստատութիւններու պատասխանատուներ, որոնք ականջ չեն կախեր այս յոյժ կենսական հարցին:
Ինչո՞ւ այս անտարբերութիւնը, այս անտեսումը մեր քաղցրաբարբառ լեզուին նկատմամբ, չենք հասկնար: Հետեւելով այս իրողութեան շարունակման` պարտք կը զգանք կրկնակի յիշեցումներու, որպէսզի սրբագրեն գործուած սխալները, նախանձախնդիր ըլլան արեւմտահայերէնին կեանքը երկարելու պարտաւորութեան:
Այս իմաստով կը ներկայացնենք սրբագրելի քանի մը «նմուշ»:
1.- Երաժշտական Համերգ
Ծանուցում մըն է մեր տուած օրինակը: Մտածելու կարիք կա՞յ արդեօք, թէ համերգ բառը ինքնին երաժշտութիւն է, երգ է: Չի՞ բաւեր համերգ բառով ծանուցում մը` հասկնալու համար, թէ երգչախմբային համերգ մը կայ:
2.- Կիթառի Համերգ
Որքան որ գիտենք կիթառը, նուագարան մըն է: Ինչո՞ւ մոռցուած է նուագ բառը` չենք գիտեր: Արդեօք ճիշդ չէ՞ր ըլլար, եթէ այս ծանուցումին փոխարէն յայտարարուէր` կիթառի նուագահանդէս:
Ուզեցի ճշդում մը կատարել եւ խնդրեցի նման թիւրիմացութեան մատնուած պատասխանատուի մը.
– Կը ներէք, բարեկա՛մ, ինչո՞ւ ճիշդ բառերով չէք յայտարարեր:
– Ուղղագրական սխալ մը եղած է թերթին մէջ, պատասխանեց ան:
Անիմաստ չքմեղանք:
Մեկնարկ
Այս բառը` մեկնարկ-ը կ՛օգտագործուի արեւմտահայերէնի մէջ, պարբերաբար, ճիշդ իր տեղին, երբ մեկնումի հարց մը կայ: Մասնաւորաբար` մրցումներու սկսման պահը ճշդող: Ներկայիս, սակայն, այս բառին սիրահարած են մեզմէ շատեր, մանաւանդ` լրատուական պաշտօն ստանձնած անձեր, պատկերասփիւռէն, ձայնասփիւռէն, երբեմն ալ` մամուլի գրաւոր արտայայտութեամբ:
Երբ ժողովի մը բացումը կը կատարուի, ժողովը կը սկսի, հոս պէտք կա՞յ յայտարարելու պաշտօնական բեմերէն` «ժողովը մեկնարկեց»: Պէտք չէ՞ որ ըսենք` «ժողովը սկսաւ» այսինչ ժամուն:
Կը թուի, թէ արեւելահայերէնի մօտիկ ձեւ մըն է այս, Հայաստանը սիրած ըլլալու ապացո՞յց արդեօք:
Այս մեկնարկ-ը շատ բարձր հայերէնագիտութիւն կը նկատուի կարծես…
Միջոցառում
Այս բառն ալ արեւմտահայերէնի մէջ կ՛օգտագործուի, ճիշդ իր տեղը: Արեւմտահայերէնի պարագային, միջոցառում բառը ձեռնարկ կամ հանդէս չի նշանակեր: Արեւելահայերէնի պարագային տարբեր է: Մեզի չի վերաբերիր միջամուխ ըլլալ նման բառերու ճշդում մը բացատրելու: Իւրաքանչիւր լեզուաճիւղ ունի իր սկզբունքը, համոզումը:
Կը զարմանանք ներկայիս, թէ ինչո՞ւ պաշտօնական լրատուներ երբ արեւմտահայերէն կը խօսին եւ լիբանանահայ են, փոխանակ հանդէս կամ հանդիսութիւն, փոխանակ ձեռնարկ բառը օգտագործելու, կը շարունակեն արատաւորել արեւմտահայերէնը, կը խեղճացնեն զայն, թէ մենք չունինք ճոխ բառամթերք եւ կը դիմենք արեւելահայերէնին: Օր ցերեկով մեղանչում է այս` հանդէպ մեր ոսկեղնիկ արեւմտահայերէնին:
Խելքի՛ եկէք լրատուական «միջոցառումներ» բարբառող հայրենակիցներ…:
Ելոյթ
Անմեղ բառ մը, որուն սիրահարած են մեր ձեռնարկները կազմակերպողները: Մի՛ ըսէք երաժշտական ելոյթ, այլ ըսէք` համերգ, նուագահանդէս, երգահանդէս: Ելոյթ-ը հանդէս չի նշանակեր, կը ներէք: Այսքան պարզ բառ մը հասկնալը դժուա՞ր է արդեօք:

